Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/357

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երեւան բերած է մեր տանջուած, պայքարած, կռուած ժողովուրդը, եւ որ այժմ ողորմելի վիճակի մէջ է: Մենք միշտ աչքերնուս առջեւ ունենանք ասիկա եւ համաձայնութիւնը ինքնին կու գայ կը նստի մեր մէջ: Մենք չպիտի աշխատինք անպատճառ անունով մը որակելու այս ժողովը, այլ պիտի նայինք, թէ իրականին մէջ ի՞նչ կը ներկայացնէ ան: Արդ. իրականին մէջ անիկա Արեւմտահայ ժողով մըն է, քանի որ հոս կովկասահայութենէն ներկայացուցիչներ չունինք իբր Համագումարի անդամ: Ըսողներ կան, թէ ընդարձակենք մեր Կովկասի պատգամաւորներուն ձայնի իրաւունքը եւ կոչենք այս ժողովը «Համազգային ժողով»: Ասիկա անկարելի է, որովհետեւ ոչ մէկ պարագայի տակ երկու կամ երեք հոգի կրնան 35 հոգիի ձայնը ունենալ, եւ արդէն ատիկա բանաւոր ալ չէ: Իսկ եթէ նոյնիսկ այդպէս որոշենք ի սէր համերաշխության, ատիկա պէտք էր ընել Դիւանը ընտրելէ առաջ եւ ոչ թէ յետոյ: Բայց առաջ ալ կարելի չէր, որովհետեւ երկու հոգին ինչպէ՞ս պիտի կրնայինք բազմաթիւ յանձնաժողովներու մէջ դնել բազմաթիւ ձայներով: Այս ժողովը ուրեմն Արեւմտահայ ժողով է, որուն իմ կարծիքովս կրնանք թեպէտ «Ազգային ժողով» ըսել, բայց Փարիզ գումարուած ըլլալուն համար աւելի լաւ է ճշդել եւ կոչել իր բուն անունովը:

Ազգ. Պատուիրակութիւնը հռչակեց Հայաստանի միութիւնը. անկէ յեւոոյ պէտք էր միացեւսլ կառավարութիւն հռչակել: Իմ կարծիքովս հիմա այդ է, որ պիտի ընենք եւ այդ պիտի ըլլայ մեր մեծագոյն աշխատանքը: Մենք այժմ միայն Կովկասի մէջ ունինք անկախ հանրապետութիւն մը. պէտք է, որ իրաւունքը եւ միջոցը տանք անոր իր թեւին տակ առնելու նաեւ միւս մասերը, եւ անոնց անունով խօսելու: Թրքահայ ոեւէ համագումարի պարտքն է այս: Անշուշտ կրնանք անոր կառավարութիւնը փոփոխել, նոր անդամ աւելցնել, եւ այլն: Մեր մեծագոյն աշխատանքը կը կայանայ ուրեմն, ոեւէ տեղ Հայաստանի միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու մէջ:

Ես Տիար Փափագեանի հետ համակարծիք չեմ, եւ ոչ մէկ վտանգ կը տեսնեմ Հայաստանի հողերը գրաւելուն մէջ, որովհետեւ եթէ սպասենք, որ օտարը գրաւէ եւ մեգի տայ հետը անպատճառ լուծ մըն ալ կը դրուի: Խնդիրը կը կայանայ արդէն գոյութիւն ունեցող մարտական ոյժերը մեծցնելու, ուժեղցնելու եւ գործի սկսելուն մէջ: Հողը առաջին գրաւողինն է, եւ միայն դիւանագիտական աշխատանքը չի բաւեր: Պատուիրակութեան մինչեւ այսօրուան գործունէութիւնն ալ երբեք հակառակ չէ եղած ասոր: Ընդհակառակը:

Գալով այս նստաշրջանին մնայուն ըլլալու հանգամանքին, ես կը կարծեմ, որ ժողովը պէտք է մնայ մինչեւ որ իր ծրագիրը վերջացնէ, որմէ յետոյ անշուշտ աւելորդ է մնալը: Իսկ եթէ ներգաղթի, սոյն խնդիրներու համար յանձնաժողովներ ըլլան եւ գործ ըլլայ ընելիք, անոնք կրնան մնալ:

Դիտողութիւն մըն ալ պիտի ընեմ Դիւանին: Պէտք է ժողովը ամբողջական օրակարգ մը կագմէր եւ ապա ձեռնարկէր մէկիկ-մէկիկ հարցերը քննելու, որովհետեւ այս կերպ գործելով արդէն մէկ հարցէն բազմաթիւ ուրիշներ յառաջ կուգան:

Տիար Չօպանեան. Մինչեւ որ ժողովը չորոշէ իր ձեռնհասութեան եւ իրաւասութեան սահմանը, չի կրնար նախապէս օրակարգ կազմել: Տիար Հանըմեան. Կ՚առաջարկեմ կազմել ժողովին ամբողջական ծրագիրը եւ մէկ քանի կարեւոր որոշումներ անմիջապէս անցընելով հեռագրով հաղորդել մամուլին եւ գաղութներուն, որոնք աչքերնին յառած եւ անհամբեր մեծ բանի կը սպասեն մեզմէ: Պէտք է որոշել նաեւ ժողովին հանդիսաւոր բացման խնդիրը:

Տիար Տէր-Մտեփանեան. Համագումարին բնոյթը որոշելու համար սխալ պիտի ըլլար գայն նմանցնել անպատճառ խորհրդարանի այս հաստատութեան սեղմ իմաստով: Ոեւէ բանի, եւ հետեւաբար ոեւէ քաղաքական մարմնի դասաւորումը տէրութեան համար միայն կ՚ըլլայ: Մեր ժողովը, ուրեմն, է եւ պէտք է ըլլայ մարմին մը ձեւուած վայրկեանին եւ իր կատարելիք դերին պահանջներուն համաձայն: Այս Համագումարը «Ազգային» է, քանի որ ան քննեց եւ վաւերացուց Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացուած Յիշատակագիրը, որ համազգային նկարագիր ունի եւ