Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/363

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Իսլամացուած հայերը փաթով հաւաքել տալու միջոցները խորհիլ եւ իրականացնել: Հաւատացէք, որ երկրի ներկայ պայմաններան մէջ ամէն մէկ կորսուած օրը կորուստն է թերեւս բազմաթիւ այդ դժբախտներում, որոնց ընդհանուր թիլը 200.000-էն նուազ չէ:

2. Ամսոյս 8-ին Խաղադութեան Վեհաժողովի յատուկ Յանձնաժողովը վերջացնելու է յանցաւորներու պատասխանատուութիւնը ճշդոդ տեղեկագիրը: Մեր կոտորածներու յանցաւորները ճշդելու եւ անոնց ցուցադրելու խնդիրը:

3. Ներգաղթի օրերը ահա մօտեցան: Ատոր համար չպէտք է սպասել քաղաքական մեր հարցին վերջնական լուծման, հարկ կա՞յ ըսելու, թէ ներգաղթի խնդիրը կարեւորագոյնն է: Գարուն է արդէն. ուղիղ մէկ ամսէն ցանք ընելու պատրաստութիւններ պիտի տեսնուին. առաջին իսկ հերթին առնուազն 100.000 ժողովուրդ պատրաստ պիտի ըլլայ Երկիր փոխադրուելու: Զանոնք տեղաւորելն ու անոնց տնտեսոլթեան հիմը դնելը շատ բարդ ու ժամանակի կարօտ աշխատանք է:

Զեկուցում ներկայացրածս օրէն 15 օր է անցեր եւ ժողովս ոչինչ չէ ըրած:

Անծանօթ է նաեւ մեգ Պատուիրակութեան այս ուղղութեամբ ըրած քայլերը: Օրագիր պատրաստա՞ծ է նա. բանակցութիւններ ունեցա՞ծ է. կամ ի՞նչ ելք ունեցած են իր դիմումները /եթէ եղած են/:

Անգամ մը յիշած դարձեալ կը կրկնենք, յիշեալ խնդիրները յաջող ելք կրնան ունենալ, եթէ մեր առաջարկները Դաշնակիցներէն ընդունուելով այստեղէն հրահանգուին Դաշնակիցներու Պոլսոյ լիազօրներուն ի գործադրութիւն:

Արեւմտահայ Խորհուրդի պատուիրակներէն
Աւետիս Թէրզիպաշեան
Վահան Փափազեան

ժողովը յարմար նկատեց օրակարգ անցընել այս գրութիւնը:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՎՆԱՍՈՒՑ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԽՆԴԻՐ

Վնասուց Հատուցման Յանծնախումբին կողմէ Տիար Թէրզիպաշեան խօսք առնելով մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ: Յանձնախումբը վնասները որոշելու խնդրին մէջ վնասեալները երկուքի բաժնած է գիւղի բնակչութիւնը եւ քաղաքի բնակչութիւնը: Պահանջները գլխաւորաբար հաստատուած են թիւրք կառավարութեան դրած հարկերու համեմատութեան վրայ, որով ցոյց տրուած թիլերը արդարացի հիմքի վրայ են: Այսպիսով ամբողջ Թուրքիոյ եւ Կովկասի հայ պահանջներում գումարը կ՚ըլլայ մօտ 20 միլիառ ֆրանք:

Տիար Աղաթօն Պէյ. Կ՚առաջարկեմ ստացուելիք գումարին մէջ աւելցնել նաեւ 1896-ի եւ Ստանայի ջարդերում ժամանակ մեր կրած վնասները, զորս կարելի պիտի ըլլար ճշդել Լեփսիուսի պատրաստած մէկ հին եւ մանրամասն վիճակագրութենէն:

Տիար Տամատեան. Համամիտ եմ Աղաթօն Պէյի, բայց կ՚առաջարկեմ մեր պահանջած հատուցման խոշոր գումարէն դուրս հանել կարգ մը մեծ միութիւններու, օրինակ Քաղաքներու Միութիւնը, եւ այլն, եւ անոնց մեզի բերած օգնութիւնը,. որ արդէն վճարուած է ռուս կառավարութեան կողմէ. իսկ հայկական ընկերակցութեանց օգնութիւնները պէտք է եղբայրական օգնութիւն նկատել միայն:

Տիար Հինդլեան. Բացարծակապէս հակառակ եմ հին հաշիւներն ալ պահանջելու, որովհետեւ այսօրուան Խաղաղութեան Վեհաժողովին' իրաւասութիւնը կը տարածուի միայն 1914-ի պատերազմի միջոցին եւ ո՛չ անկէ առաջուան դէպքերուն.