Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/364

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

միւս կողմէ մենք այս պահանջը կ՛ընենք իբրեւ պետութիւն, բան մը որ չէինք արդէն հին ջարդերու թուականին:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Ստանայի ջարդէն յետոյ հայկական իշխանութիւնները կերպով մը համաձայնութեան եկած են թրքական կառավարութեան հետ, հատուցման խնդրին վրայ:

Տիար Սայեան. Ես կը կարծեմ, թէ Խաղաղութեան Վեհաժողովը աւելի լայն իրաւասութիւն ունի, քան ինչ որ կը կարծէ Տիար Հինդլեան, եւ ատոր ապացոյցն ալ այն է, որ Ֆրանսա կը պահանջէ նաեւ իր 1870-ին կրած վնասներուն հատուցումը: Մեզի համար ալ նոյն բանն է, քանի որ ո չ միայն 96-ի ջարդերուն ատեն, այլ անկէ շատ առաջ ալ եղած կորուստները եւ կոտորածները միշտ միեւնոյն դրդապատճառը ունեցած են որ է մեր ազատութեան ձգտումը, եւ որ բոլորովին կը համապատասխանէ այսօրուան տրուած սկզբունքներուն: Մեր այսօրուան վնասները բնական շարունակութիւնն են հիներուն, միշտ միեւնոյն սկզբունքներուն համար: Ուրեմն, պէտք է մեր հին վնասներն ալ պահանջենք:

Տիար Թէքէեան. Քանի որ մեզ կը մեղադրեն չափազանց պահանջկոտ եղած ըլլալ, մենք այս խնդրին մէջ է, որ ցոյց պիտի տանք մեր չափաւորութիւնը: Ֆրանսական հին պահանջները մերինին չեն նմանիր. անոնց այսօրուան կռիւը շարունակութիւնն է հինին: Այն ատեն յաղթուած էին. հիմա կը յաղթեն: Մինչդեռ մեր վնասուց հատուցման պահանջը պիտի հիմնուի այս կռուի ընթացքին յաղթող կողմին հետ գտնուած ըլլալնուս եւ մեր Երեւան բերած ոյժին վրայ: Կրնանք հին կորուստները յիշատակել, բայց առանց աւելցնելու այսօրուան գումարին վրայ:

Տիար Չօպանեան. Մեր այսօրուան պահանջները հիմնուած են այս պատերազմի ընթացքին մեր իբր պատերազմիկ վարուած ըլլալուն վրայ, մինչդեռ 1909-ի, 1896-ի եւ աւելի հին ժամանակ մեր կրած կորուստները այդ հանգամանքը չունին. աւելի լաւ է զանոնք անցողակի յիշատակել, ինչ որ պիտի ուժեղացնէ մեր ներկայ պահանջներում իրաւունքը, առանց աւելցնելու ընդհանուր գումարը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Խաղաղութեան Վեհաժողովը մինակ պատերազմիկներում չէ որ հատուցում պիտի ընէ, եւ ո՜չ ալ հատուցումը հիմնուած պիտի ըլլայ իբր պետութիւն ներկայանալու հանգամանքին վրայ: Երբ Ֆրանսան իր վիճելի իրաւումքները կը պահանջէ, մեր իրաւունքը անտարակուսելի կը դառնայ: Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ ամէն խնդիր վերջաւորութիւն մը գտած է 1870-ի պատերազմին յաջորդող խաղաղութեամբ, մինչդեռ մեր հարցը, բացուած 1876-ին, երբեք լուծում չէ գտած, հակառակ պետութիւններու Պերլինի Վեհաժողովին մէջ ստանձնած պարտքին ու խոստումին, եւ մենք կէս դար շարունակ բողոքողի եւ պահանջողի դերին մէջ մնացած ենք: Այսօր, ուրեմն, պէտք է պահանջենք 1896-ի եւ 1909-ի ջարդերու վերաբերող հատուցումները:

Տիար Բարսեղեան. Երբ ֆրանսացիք կը պահանջեն իրենց հին հաշիւները, մենք ալ իրաւունք ունինք, որովհետեւ մեր պայքարին ալ պատճառները միշտ միեւնոյնը եղած են: Այս պատերազմի միջոցին մեր կրած հալածանքը շարունակութիւնն է հիներուն: Իսկ գալով այն վախին, թէ պահանջած գումարնիս շատ մեծ կրնայ ըլլալ, տեղի չկայ, որովհետեւ ա;դ գումարին մեծագոյն մասը հաւանօրէն հաշուակցելով պիտի կարգադրուի: Հայաստանի մէջ մնացող թիւրք պետական եւ կրօնական կալուածմերը /վագըֆ/ հարկաւ չեն կրնար մնալ նոյն տէրերու ձեռքը, իսկ ատոնք բաւական մեծ հարստութիւն մը կը կազմեն: Նկատի պէտք է առնել նաեւ, որ այդ կալուածներն ալ հիմա մեծ մասով աւերուած վիճակի մէջ են եւ նորոգուելու պէտք ունին, որպէսզի բանի մը ծառայեն:

Տիար Թէրզիպաշեան. Մենք իբրեւ պատերազմիկ միայն իրաոսնք ունինք մեր պահանջները ընելու, եթէ հիներն ալ պահանջենք իրաւական հողի վրայ չենք մնար: