Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/365

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տէր-Յակոբեան. Մեր հին հաշիւները ընենք եւ անոր լուծումը ձգենք Վեհաժողովին: Բայց հիմա կրնանք արծարծել ապահովագրական ընկերութիւններու հարցը, որոնք ջարդերուն ժամանակ չվճարեցին իրենց պարտքը:

Տիար Մասեհեան Խան. Խնդիրը առաւելապէս իրաւաբանական հարց մըն է, հետեւաբար լաւ է մեծ իրաւագէտի մը խորհուրդը հարցնել:

Տիար Փափագեան. Նոյն միտքէն եմ. յիշատակել հիները, առանց պահանջելու:

Տիար Հինդլեան. Տիար Աղաթօն Պէյի առաջարկը կը գտնեմ անընդունելի հետեւեա՚լ պատճառներով. 1. 1896-ի եւ միւս հին դէպքերու պատճառով հայութեան կրած վնասները չեն կրնար պահանջուիլ այսօր Թուրքիայէն, ներկայացնելով Խաղաղութեան Վեհաժողովին, որովհետեւ Խաղաղութեան Վեհաժողովը ունի իր որոշ եւ սեղմ սահմանները, որոնցմէ դուրս չի կրնար ելլել: Ան պէտք է ընէ հաշուեյարղարութիւնը 1914-1919-ի պատերազմին ստեղծած հողային, վնասուց, եւ այլն խնդիրներուն: 2. Հայկական պահանջները առաջին անգամ այս Վեհաժողովին կը ներկայանան պետական կազմի եւ անկախութեան ձեւին տակ, քաղաքական հիմ ունենալով Թուրքիայէն եւ Ռուսիայէն անջատուած ազգի մը դիրքը, որ դաշնակից է Խաղաղութեան Վեհաժողովին մասնակցող յաղթական ազգերուն: 3. 1896-էն մինչեւ 1914 հայութիւնը ոչ միայն անջատուած չէ Թուրքիայէն, այլ իբրեւ օսմանցի մասնակցած է Թուրքիոյ պետական կեանքին, թիւրք Երեսփոխանական ժողովին հայ երեսփոխաններ տալով եւ այլ մասնակցութեամբ: Այս հիման վրայ է, որ 96-էն ետք 1909-ին, երբ Ստանայի ջարդը պատահեցաւ, թրքահայութիւնը յանձին ազգ. իշխանութիւններու համաձայնութիւն գոյացուց թիւրք կառավարութեան հետ: Եթէ 1896-ի վնասները պիտի ուզենք, աւելի առաջ եղած ջարդերուն վնասները ինչո՞ւ չպահանջել: Ասոնք իրաւագիտական հիմերն են, որոնք որոշապէս ցոյց կու տան այս պահանջին անհիմն ըլլալը: Ասկէ զատ կան քաղաքական պատճառներ, որոնք զգուշացնելու են մեզ նման պահանջներ ղնելէ: Կը տկարացնենք մեր այսօրուան դիրքը շփոթելով ճնշուած ազգի մը, դաշնակցի մը, պետական անկախութեան հասած ազգի մը պահանջները: Զգուշանանք երեւակայական պահանջներ դնելէ, ջանալով պետական հասունութիւն ունեցող դրական ազգի մը համբալը շահիլ, որուն այնքան պէտք ունինք այսօր:

Տիար Օհանջանեան. Ես շատ ղիտողութիւններ ունիմ ընելիք, բայց կարելիութիւն չկայ մեծ փոփոխութիւններ մտցնելու, քանի որ մինչեւ ամսոյս 7-ը ամէն ինչ պատրաստ պէտք է ըլլայ: Ամէնէն առաջ պէտք է պատրաստել հիմնաւոր յառաջաբան մը հատուցման խնդիրքին մէջ: Վնասներու գնահատումները տնավարի եւ անհիմն կերպով կատարուած են. այստեղ աւելի հիմքեր բերել հարկաւոր էր, բացատրելու համար թէ ինչո՜ւ այս այսպէս է: Ինծի կը թուի, թէ օրինակ, գիւղացիներու կայքը աւելի կարժէ, քան թէ քաղաքացիինը. բայց ուշ է արղէն այս բոլորը փոփոխելու համար:

Տիար Փափազեան. Իբր անդամ Տանձնախումբին քանի մը բացատրութիւններ պիտի տամ: Հատուցման յիշատակագրին սկիզբը մենք արղէն որոշած ենք, բայց որովհետեւ շատ փափուկ խնդիր մըն է, ձգած ենք, որ իրաւաբաններու հետ խմբագրեն: Իսկ պահանջումները հիմնուած են պետական տուրքերու վրայ /աշար, աղնամ, էմլաք/, որոնց քանակը ճշղած ենք եւ ւսնկէ եզրակացուցած հայ ժողովուրղին կայքի եւ հւսրստութեան կորուստը: Չեմ կարծեր, թէ այսպիսով անհիմն եղած ըլլայ:

Գալով գիւղացւոց կայքին երեւութապէս աւելի քիչ գնահատման քան քաղաքացիինը, անոր համար է, որ գիւղացիին անշարժ ստացուածքը հողն է, որ վնասուած չէ եւ կը մնայ, մինչդեռ քաղաքացիին անշարժ ստացուածքը գլխաւորապէս շէնքերն են, որոնք աւելի կը գնահատուին, եւ անոնք ոչնչացած են: Սխալ է նաեւ, որ ռուսահայ եւ թրքահայ պահանջները զատ-զատ պիտի ներկայացուին: Մեր վնասներու «մօթիֆ»-ներն են միայն, որ առանձին պիտի կազմենք, որովհետեւ անոնք իրարմէ