Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/366

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տարբեր են, մինչդեռ հաշիւը առանձին սիւնակով, բայց մէկ տախտակի վրայ պիտի ըլլայ:

Տիար Տամատեան. Հատուցման Խնդրի Յանձնախումբը խղճմտօրէն կատարած է իր աշխատանքը, կը մնայ խմբագրել յառաջաբանը, տալ Պատոփրակութեան որ անհամաձայն կէտի մը շուրջ կրնայ Յանձնախումբը կանչել եւ կարգադրել եւ որ պէտք է զայն յանձնէ Խաղաղութեան Վեհաժողովի քոմիսիոնին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Կ՛ուզեի գիտնալ, թէ ապահովագրական ընկերութիւնները պիտի վճարե՞ն, թէ՞ ոչ. այլապէս այդ հատուցումն ալ պէտք է այս ցուցակին մէջ աւելցնել:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Տեղեկացայ, թէ մասամբ վճարած են ապահովագրական ընկերութիւնները, որոնք իրենք իսկ պիտի ուզեն ապա տէրութիւններէն իրենց հատուցումը:

Տիար Հինդլեան. Մեր պահանջած հատուցումը ստանալու աւելի յոյս ունենալու համար լաւագոյնը կռիւէն ու ջարդերէն ազատուածներու կեանքը ապահովելու սկզբունքին վրայ ընել մեր պահանջները: Հաշմուածները /mutiles/ որոնք ո՜չ մէկ աշխատանքի ընդունակ են, հիմնաւոր իբրեւ մեռած նկատի առնել եւ ըստ այնմ դնել պահանջը, ինչպէս եւ խոշտանգուածներուն եւ բռնաբարուածներուն համար ոչ թէ իրենց վնասին կամ կորուստին փոխարէն պէտք է ուզել, այլ իրենց կեանքը պահելու համար: Ես կը կարծեմ, թէ որպէսզի մեր պահանջը գործնական հողի վրայ ըլլայ պէտք է կրճատենք մեր գումարը: Եւ յետոյ շատ կարեւոր խնդիր մը. եթէ այս հատուցումը իբրեւ պետութիւն կը պահանջենք, պէտք է մտածենք նաեւ միւս ցեղերու մասին, որոնք մեր պետութեան մէջ պիտի ապրին: Ես կը կարծեմ, թէ մեր պատոփրակները կազմուելիք պետութեան մը կողմէ կը ներկայանան, հետեւաբար պէտք է պահանջենք նաեւ մեր երկրին մէջ ապրող ցեղերու կորուստները:

Տիար Թէրզիպաշեան. Մենք դեռ պետութիւն չենք, ազգ ենք եւ նոր կազմուելիք պետութիւն: Գալով մեր պահանջած գումարին մեծութեան, պէտք չկայ վախնալու, որովհետեւ համեմատական բաշխում պիտի կատարուի, եւ մենք պէտք է ներկայացնենք մեր ճշմարիտ կորուստը համեմատօրէն ստանալու համար:

Տիար Փաստրմաճեան. Բացի այն «րէէլ» պահանջներէն, որ տուրքերու վրայ հիմնուած են, պէտք է պահանջենք նաեւ ապահովութիւն, որոշ տարիներու համար, այն մէկ միլիոն թրքահայութեան, որ ayantdroit-ներն են երկու միլիոն զոհերուն: ժողովին ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ նաեւ մեր պահանջած հատուցման գինին չափազանց մեծցած ըլլալուն վրայ:

Տիար Շանթ. Երկու խնդիր կայ, զորս պէտք է զատել իրարմէ. նախ մեր վնասներում հատուցումը, ապա միջոցներ վերաշինութեան համար: Մենք պէտք է ներկայացնենք բոլոր հաշիւը, թէ հինը, թէ նորը, բայց պահանջենք միայն ներկայինը: Յետոյ ես կը կարծեմ, թէ մենք պետութիւն ենք, իբրեւ այդ կը պահանջենք, եւ միայն այդ պարագային է, որ մեզի դրամ կու տան: Տիար Հինդլեանին մէջ բերած խնդիրը շատ լուրջ ուշադրութեան արժանի է, եւ մենք այն ժամանակ պարտաւոր ենք մտածել նաեւ քիւրտերուն եւ թիւրքերուն մասին, որ մեր պետութեան մէջ պիտի ապրին. եւ եթէ մենք անոնց համար ալ ուզենք ատիկա, լաւ տպաւորութիւն կը թողու արտաքին աշխարհի վրայ: Վերջապէս, այդ մարզիկը պէտք է կարելիութիւն ունենան ապրելու:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Վտանգաւոր է պետութեան անունով պահանջելը, որովհետեւ դեռ մեզ չեն ճանչցած եւ այդ պարագային կրնան չքննել իսկ մեր խնդիրը:

Տիար Փափազեան. Մենք իբրեւ ազգ է, որ կը պահանջենք, որ պատերազմի սկիզբէն կռուած է Դաշնակիցներու կողքին, թէեւ վերջին շրջանին, նոյնիսկ երբ Կովկասեան Հանրապետութխնը կազմուած չէր, իբրեւ ազգ էր, որ 4-5 ամիս պաշտպանեցինք միայնակ Հայաստանի սահմանները միջոց տալով Դաշնակիցներու Միջագետքի բանակին իր ոյժերը ժողվելու: Իսկ այն առաջարկը, թէ մենք պիտի