Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/367

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պահանջենք նաեւ մեր երկրին մէջ ապրող մահմետականներու վնասներն եւս, այստեղ այսպիսի խնդիր դնելը կը գտնեմ ես անհեթեթ: Ասիկա կըսեմ ոչ թէ զգացումէ «տարուելով. այլ իրապէս անհիմն է, որովհետեւ նախ դեռ պէտք է ճշդել պատաս¬ խանատուները կոտորածին, որուն մէջ մեր երկրին մահմետական ժողովուրդներու մասնակցութեան չափը գիտենք, ու մինչդեռ անոնց մօտ կը մնան մեր տասնեակ Իազարաւոր կանայք եւ երեխաներ: Սպաննոտղներա համար մեր պահանջը իբր արեան գին չնկատելու համար, կրնանք իրենց ընտանիքները ապրեցնելու իբր միջոց պահանջել: Իսկ մեր բերած թիւերուն հիմնաւոր ըլլալը արդէն յայտնեցի քիչ առաջ:

Վիճաբանութեան վերջ տրուելով, Տիար Տամատեան ներկայացուց հետեւեալ բանաձեւը.

«Համագումարը, Յանձնաժողովին տեղեկագրին վրւսյ, դիտողութիւններէ ու բարեփոխութիւններէ վերջ զայն վաւերացնելով կը վերցնէ իր օրակարգէն. կը ոսնձնարարէ Յանձնաժողովին իր ներկայացուցած պատճառաբանութեանց հիման վրայ տեղեկագրին յառաջաբանն ալ պատրաստելէ վերջ յանձնել տեղեկագիրը Ազգ. Պատուիրակութեան. Պատուիրակութեան կողմէ դիտողութեանց պարագային, առանց անգամ մըն ալ տեղեկագիրը ժողովին բերելու, Յանձնաժողով եւ Պատուիրակութիւն րսորհրդակցաբար անոր մէջ կը մտցնեն հարկ եղած բարեփոխութիւնները, նկատի առնելով նաեւ ներկայ պատերազմէն առաջուան վնասուց հատուցման պահանջին բանաւորութիւնը կամ ոչ, հիմնուելով իրաւաբաններու կարծիքին վրայ:

Մ. Տամատեան»

ժողովը միածայնութեամբ ընդունեց այս բանաձեւը:


ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՎՍԵՄ. ՊՕՂՈՍ ՓԱՇԱՅԻ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՏԱՐ ՑԵՂԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար առաջարկեց կազմել յանձնաժողով մը, որ պիտի զբաղի Հայաստանի օտար ցեղերու քաղաքական կազմի եւ իրաւանց խնդրով:

ժողովն ընդունեց այս առաջարկութիւնը եւ Ն. Վսեմութեան թելադրութեան վրայ Յանձնաժողովոյ անդամ նշանակուեցան

Տիարք Փափազեան
             Թէրզիպաշեան
             Տամատեան

Տիար Տէր-Ստեփանեան . Ըստ յիշատակագրի Հայաստանի մէջ բնակող միւս ցեղերը պիտի նկատուին հայոց համահաւասար քաղաքացիներ: Այժմ անոնց բացառիկ իրաւունքներ տալը ճիշդ եւ արդարացի չըլլար: Հետեւաբար շատ զգոյշ կենալու է այս մասին:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 40-44 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 11-րդ

7 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՕՈԴՈՒԹԻՒՆՔ

1. ԺԱՄԱՆՈՒՄ ՏԻԱՐՔ ՖՆՏԳԼԵՄՆԻ ԵՒ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆԻ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան բարի գալուստ մաղթեց երկու նոր պատգամատրներու Տիարք Ֆնտգլեանի եւ Տէրվիշեանի: