Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/368

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ն. Վսեմութիւնը Տիար Տէրվիշեանի մասին աւելցուց, թէ ասկէ առաջ Միջագեւոքէն Երկու հեռադիրներ եկած էին, որոնցմէ մին Պաղտատի Առաջնորդ Գեր. Մուշեղ Արքեպիսկոպոսի կողմէ կը յայտնէր, թէ Տիար Տէրվիշեանն է պաւոգամաւոր ընտրուած: Ուրիշ մը Գեր. Վահրամ Վրդ.ի կողմէ թէ Բրօֆ. Խաչատրեանն է ընտրուած նոյն պաշտօնին:

Այս մասին վիճաբանութենէ մը ետք ընդունուեցաւ Տիար Չօպանեանի առաջարկը որ է թէ Բրօֆ. Խաչատրեանը եւ թէ Տիար Տեէրվիշեանը նկատել ժողովի անդամ, նկատի առնելով Միջագետքի հայերուն թիլը եւ ընտրեալ պատգամատրներու անձնական արժանիքները:


2. ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՀԱՅ ՍՈՑ.-ԴԵՄՈԿՐԱՏՆԵՐՈՒ ԲՈՂՈՔԸ

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Կարդացուեցաւ Շիքակոյէն Սոց.-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ տրուած բողոքի հեռագիր մը, Ամերիկայի մէջ կատարուած Համագումարի անդամոց ընտրութեան դէմ, ըսելով որ ժողովուրդի հարիւրին ութսունը եւ Սոց.-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը չեն մասնակցած անոր:

Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար կարդաց հեռագիր մը Ամերիկայի Ազգ. Միութեան Նախագահ Տիար Սվազլըի կողմէ, որ կը յայտնէր, թէ անվիճելիօրէն ընտրուած են Տիարք Համբարձումեան, Մաթիկեան եւ Միքայէլեան: Ն. Վսեմութիւնը կարդաց նաեւ ուրիշ հեռագիր մը այս վերջիններին, որով կը պահանջէին թոյլ չտալ նիստերուն ներկայ գտնուելու առժամեայ հանգամանքով նշանակուած պատուիրակներուն:

Տիար Աղաթօն Պէյ, իբր մին անոնցմէ, ուզեց հրաժարիլ:

Տիար Նեւրուզ այդ հեռագիրը անփափկանկատ գտաւ առժամեայ պատուիրակներուն հանդէպ:

Տիար Բարսեղեան դիտել տուաւ, որ Հնչակեանները կրնան գոհացուած նկատուիլ, քանի որ ճիշդ այն նկատումով, թէ անոնք ոչ մէկ պատգամաւոր չունին Համագումարին մէջ, իրենցմէ մէկը առնուած է Փարիզէն իբր այդ:

Տիար Տամատեան ըսաւ, որ պէտք չէ նկատի առնել Ս. Դ. Հնչակեաններու հեռագիրը, որովհետեւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը կուսակցութեանց չէ, որ հրահանգ տուած էր ընտրութիւնները ընելու, այլ Ամերիկայի Ազգ. Միութեան, որուն դէմ այդ կուսակցութիւնը «պոյքօթ» է ըրեր. իսկ միլս կուսակցութիւնները համաձայնած եւ մասնակցած են ընտրութիւններուն: Տիար Տամատեան յարեց. «Մենք կը սպասենք պատգամաւորներուն, եւ մինչեւ այդ առժամեայ պատուիրակները կը մնան, ու երբ հասնին կը քննենք իրենց պաշտօնական թուղթերը, ինչպէս կատարուեցաւ միւս պատգամաւորներուն համար»:

Այսպիսով խնդիրը փակուած նկատուեցաւ:


3. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏԻԱՐ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ԴԻՒԱՆԻ

ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵՆԷ

Կարդացուեցաւ Տիար Տէր-Սւոեփանեանի Դիւանի անդամակցութենէն հրաժարման գիրը, պաւոճառաբանեալ:

Այս հրաժարագրին նկատառումը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ նիստին:


4. ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՒԵԼՑՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կարդացուեցաւ Տիար Չօպանեանի մէկ նամակը, որով կ՚առաջարկէր խորհրդակցական ձայնով Համագումարի անդամ նշանակել Փարիզ գտնուող գրագէտ