Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/369

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիկին Զապէլ Եսայեանը, Պաքուի «Արեւ»-ի խմբագիր Տիար Սիմոն Յակոբեանը, Գեր. Պալաքեան Վարդապետը եւ Ռուսական Տամայի նախորդ անդամ Տիար Աճէմօֆը, որոնք բոլորն ալ մարտիրոսագրուած եւ պայքարած ժողովուրդին ծոցէն գալերեան կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ, ինչպէս նաեւ բանասէր Տիար Պասմաճեանը:

Այս մասին թեր ու դէմ կարծեաց ւիոխանակութիւններէ վերջ մերժուեցաւ սոյն առաջարկը, նկատելով որ երբ ժողովը բացաոապէս որոշում մը տուած է մէկ քանի անձերոէ համար, արդէն այն ժամանակ թիլը սահմանափակած է, եւ թէ ասկէ զատ նոր առաջարկուած պատգամաւորներու խորհրդակցական ձայն տալը աստիճանաւորութիւն մը դնել պիտի ըլլար պատգամաւորներու կարողությանց միջեւ, ինչ որ վիրաւորիչ պիտի ըլլար անոնց համար:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆԵՐԳԱՂԹԻ, ՅԱՆՑԱՒՈՐՆԵՐՌՒ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ

ՀԱՅԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐԸ

Ժողովը օրակարգի անցընելու նկատողութեան առաւ Տիարք Թէրզիպաշեանի եւ Փափազեանի կողմէ գրուած եւ ներգաղթի, յանցաւորներու պատժուելուն ու իսլամացած հայերու վերաբերող նամակը, որ կարդացուած էր նախորդ նիստին:

Տիար Հինդլեան. Ինչպէ՞ս կարելի է այստեղ քննել խնդիր մը, երբ չենք գիտեր, թէ Պատուիրակութիւնը ի՞նչ ըրած է մինչեւ հիմա այդ խնդրին համար եւ կամ ի՞նչ տեսակէտ, ի՞նչ մտածումներ ունի անոր մասին: Պէտք է յարգենք Պատուիրակութեան իրաւունքները եւ սպասենք անոր բացատրութիւններուն, գիտնալու համար թէ ի՞նչ ըրած է ցարդ, կամ եթէ բան մը չէ ըրած ի՞նչ կը խորհի ընել այդ մասին: Անկէ յետոյ է, որ մենք պիտի քննենք եւ որոշման գանք այդ խնդրին նկատմամբ:

Տիար Փափազեան - Այդ թուղթը գրուած է Մարտ 3-ին եւ խնդիրներ կան անոր մէջ, որոնք վերջնական լուծում պիտի ստանան Խաղաղութեան Վեհաժողովին յատուկ քոմիսիոնին կողմէ ամսոյս 7-ին կամ 8-ին: Արդ, եթէ յետաձգելով այս խնդիրները չկարողանանք բան մը ընել, այս ժողովին վրայ ծանր պատասխանատուութիւն կիյնայ:

Տիար Տամատեան. Քանի որ այս խնդիրներէն ոմանք անմիջական հանգամանք ունին, կ՚առաջարկեմ, որ այս նամակը գրողները ներկայանան Պատուիրակութեան, անմիջապէս պատրաստեն խնդիրը եւ դիմումներ կատարեն, բայց միեւնոյն ժամանակ այս ժողովը զբաղի անով: Արդէն ես ալ շատ ըսելիքներ ունիմ այս ուղղութեամբ Իտալիա կատարուած մեծ աշխատանքներու մասին:

Տիար Սայեան. Շատ լալ կը հասկնամ Տիարք Փափազեանի եւ Թէրզիպաշեանի յարուցած խնդիրներուն անմիջական կարեւորութիւնը. բայց անոնք սերտօրէն կապուած են ուրիշ խնդիրներու հետ, առանց որոնց լուծման կարելի չէ գործի սկսիլ: Դուք ալ կը խօսիք ներգաղթի, ցանքի, եւ այլն մասին: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլորը ընել, երբ հող չկայ, երբ դեռ երկիրը գրաւուած չէ: Այսպիսով մենք կը վերադառնանք լուծելու նախ կարգ մը ուրիշ խնդիրներ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու:

Տիար Փափագեան. Մեր ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն մէկն ալ հատուցման խնդիրն էր, որ բարեբախտաբար պատրաստ ըլլալով հազիւ կարելի եղաւ հասցնել եւ մէկ քանի օրէն պիտի քննուի: Հիմա ուրիշ շատ կարեւոր խնդիր մըն ալ կայ, որուն նկատառումը նոյնպէս քանի մը օր յետոյ կրնայ շատ ուշ ըլլալ, այդ ալ յանցաւորները պատժելու խնդիրն է: Մենք Պոլսէն անցնելու ժամանակ տեսանք, թէ ինչ կերպով կը կատարուին այդ յանցաւորներու վերաբերեալ դատերը: Դատական ատեանները ամբողջ թիլրքերէ կազմուած են եւ մանրամասն փաստերով, ձեւականութիւններով կը ձգձգեն դատավարութիւնը, միջոց տալով չարագործներուն փախչելու կամ