Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/370

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պահուըտելու: Դաշնակիցները, անտեղեակ ըլլալով իսկական դրութեան, իրենք ալ ընդունած են այդպիսի մանրամասն եւ փաստական արարողութիւններ կատարելու դրութիւնը ոճրագործ մը դատապարտելու համար: Ճիշդ է, վերջերս դաւադրական ժողովի մը մէջ 30 հոգի ձերբակալուեցան, բայց չենք գիտեր, թէ ինչ եղած են եւ ինչ որոշում տրուեցաւ իրենց մասին: Հայկական իշխանութիւնները ձեռքերնուն եկածը կ՛ընեն, կը հետապնդեն զանոնք, հասցէները կը տեղեկացնեն դատարանին, եւ այլն: Բայց ոչ մէկ դրական արդիւնք: Ես այս խնդիրը չաՓազանց կարեւոր կը նկատեմ, որովհետեւ ասիկա ունի նաեւ քաղաքական նշանակութիւն: Այսպէս երբ սկիզբները Դաշնակիցները մտած են Պոլիս եւ լուր տարածուած է, որ յանցաւորները պիտի պատժուին, սարսափը տիրած է ամէն կողմ եւ շատ մը թիւրքեր շտապած են վերադարձնել իսլամացած կիներ, երեխաներ, եւ այլն: Բայց հետզհետէ, տեսնելով Դաշնակիցներուն ալ դանդաղ եւ ձգձգող մէթոտը, աւելի երես առած են, ոճրագործները փախած են եւ այժմ միջոց չկայ իսլամացած հայերը ետ առնելու:

Առաջարկներս են, որ նախ Պատուիրակութիւնը տեղեկագիր մը պատրաստէ եւ ներկայացնէ Խաղաղութեան Վեհաժողովին յատուկ քոմիսիոնին: Յանցաւորները երեքի կը բաժնուին. Ա. Իթթիհատ վէ Թէրագգը կուսակցութիւնը, որ յղացաւ եղեռնը: Բ. Պաշտօնեաները, որոնք կազմակերպած ու վարած են ջարդերը: Գ. ժողովուրդը, որ գործաղրած է: Մենք այս բոլորի մասին ահագին փաստեր ունինք:

Այդ գիրին մէջ, զոր Պատուիրակութիւնը պէտք է ներկայացնէ, անհրաժեշտ է խստօրէն քննադատել Դաշնակիցներու ներկայ դատելու եղանակը: Այլապէս եթէ այս բոլորը չկատարուին եւ այս ձեւով շարունակուի, մենք կը մնանք չափազանց դժուարին եւ վտանգաւոր դրութեան մէջ, Դաշնակիցներուն վարկը բոլորովին կ՚իյնայ, անկարելի կըլլայ հաստատել կարգ, կանոն, հեղինակութիւն, եւ այսպիսով անհնարին կը դառնայ նաեւ ներգաղթի, ցանքի բոլոր ծրագիրներուն իրագործումը:

Իսկ գալով իսլամացածներու խնդրին, այն պիտի ըսեմ, որ այդ իսլամացածները որոնք կորիզը պիտի ըլլային ապագայ Հայաստանին, մօտ 200.000 կին, երեխայ, եւ այլն, են ամէնէն առողջները, գեղեցիկները եւ լաւագոյն տարրը ցեղին: Անոնց համար Պոլիս դիմումներ կ՛ըլլան, բայց արղիւնքը ոչինչ է, կամ շատ քիչ. ատոնք կիսամիջոցներ են. նշանակութիւն չուսին նաեւ Դաշնակիցներուն այս մասին ըրածները որոնք անպաշտօն գոյն ունին եւ պատահական են: Եւ խնդիրը այն աստիճանին հասաւ, որ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ բռնի իսլամացածները կրնային վերադառնալ, իբր թէ կամովին իսլամացածներ ալ եղած ըլլային: Իսկ որբերուն համար ըսուած էր, թէ ազգականները միայն իրաւունք ունին երթալ թրքական որբանոցներում մէջ փնտրել իրենց փոքրիկները, ազգականներ որոնք գոյութիւն չունին: Ուրիշ շատ կարեւոր եւ բարդ խնդիր մը եւս կայ. ի՞նչ պէտք է ընել թիւրքերէ ծնած երեխաները: Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որպէսզի Պատուիրակութիւնը իմանայ. բայց դժբախտաբար Պատուիրակութեան անդամները դուրս ելան մէկիկ-մէկիկ: ճիշդ է, պատահած է, որ կիներ վերադառնան թիւրքերու որջերէն, բայց անոնք եկեղեցիներում բակերը կամ փողոցներուն մէջ այնպիսի թշուառ վիճակի ենթարկուեցան, որ հարկադրուած վերադարձան նորէն իրենց նախկին տեղերը, ուրկէ ալ չպիտի գան: Այնտեղի մարմինները յանցաւոր չեն, որովհետեւ ահագին դրամ հարկաւոր է այս բոլորին համար, պէտք է աննիջապէս մեզի տրուելիք հատուցումէն մաս մը փոխ առնենք եւ ղրկենք:

Ուրիշ կարեւոր խնդիր մըն ալ ներգաղթի խնդիրն է, որ առանց երկրին զինուորական գրաւման չի կրնար տեղի ունենալ: Պէտք է աշխատինք, անկախաբար մեր խնդրին լուծումէն, անմիջապէս ապահովութեան ոյժեր ներմուծել տալ Երկիր, այլապէս շատ ծանր դրութիւն կրնայ սպասել մեզի. Գերմանիոյ մէջ ծագած յեղափոխութիւնը կրնայ տարածուիլ. այն ժամանակ թիւրքերը, առիթը նորէն եկած համարելով, անգամ մը եւս կը կատարեն իրենց գործը: Մինչեւ հիմա գաւառը ի՞նչ կը կատարուի չենք գիտեր: Քոնթրոլ ընել անհնարին է, եւ ջարդի սպառնալիքը միշտ