Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/371

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներկայ է, որով բռնի իսլամացածները չեն վերադառնար կրկին ջարդի չենթարկվելու համար: Եւ եթէ այս դրութիւնը երկարի մեզի համար կորստաբեր է: Իթթիհատի ներկայ կառավարութիւնը, որովհետեւ ասոնք ո՜չ մէկ տարբերութիւն չունին միւսներէն, կրնայ ներգաղթ ընել տալ թիւրքերէ եւ յետոյ մեզի տեղ չի մնար երթալու: Պէտք է Պատուիրակութիւնը տեսնուի նախագահ Ոփլսոնի հետ, որպէսզի անմիջական կտրուկ միջոցներ ձեռք առնուին:

Այս գեկուցումէն յետոյ, որ ժողովին վրայ խոր տպատրութիւն ըրաւ, այն մտքերը- յայտնուեցան, թէ պէտք է, որ Համագումարը քննէ եւ «տիրէքթիւ» տայ Պատուիրակութեան Տիար Փափազեանի յարուցած այս խնդիրներուն մասին: Բայց անոնցմէ մէկին յանցաւորները պատժելու խնդրին համար, քանի որ կ՚ըսուի, թէ ամսոյս 8-էն վերջ այլեւս նոր գիրեր չպիտի ընդունուին, որոշուեցաւ, որ առաջարկութիւնը ընողները այս մէկ-երկու օրուան մէջ Պատուիրակութեան հետ պատրաստեն իրենց ունեցած փաստերով «մեմորանտում» մը եւ հասցնեն Վեհաժողովին յատուկ քոմիսիոնին:

Տիար Չօպանեան. Յանցաւորները պատժել տալու խնդիրը այնքան իմ սրտիս մօտիկ եղած է, որ երբ իմացայ, թէ Պ. Բոլիթիս կը գտնուի այդ խնդիրը քննող յատուկ քոմիսիհնին մէջ, իմ ունեցած միջոցներովս փոքրիկ «մեմորանտում» մը պատրաստած եւ ղրկած եմ իրեն: Անոր մէջ շեշտած եմ, թէ ամբողջ թիւրք ժողովուրդը յանցաւոր է եւ պատասխանատու եղած կոտորածներուն, որոնց համար պէտք է պատժուի decheance politique-ով: Ես ալ կը պնդեմ, որ Տիարք Փափազեանի եւ Թէրզիպաշեանի փաստերուն վրայ հիմնուելով, Պատուիրակութիւնը հարկ եղած անմիջական ձեռնարկը ընէ այս խնդրին նկատմամբ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 45-48 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 12-րդ

8 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՕՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ՕՐԱԿԱՐԳ ԱԶԳ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Կարդացուեցաւ Տիար Հանըմեանի մէկ նամակը, որով կ՚ուզէր գիտնալ, թէ ժողովս արդեօք ունի՞ իր ամբողջական գործունէութեան օրակարգը, եւ եթէ ոչ կարելի չէ՞, որ անիկա այլեւս կազմուի, հիմա որ Իրաւասութեան եւ Ծրագրի Յանձնաժողովին ծրագիրը յայտնի եղած է:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր նիստի փակման պահուն յաջորդ նիստին օրակարգը կը ծանուցուի արդէն: Գալով Համագումարի ընդհանուր աշխատութեանց օրակարգին ընդունուած ծրագիրը ուրիշ բան չէ արդէն, բայց եթէ պահանջուած օրակարգը, որուն մէկ մասը ի ձեռին ըլլալով, մնացեալ մասը կը մնայ գործադրելի:

2. ՄԻՋԱԴԷՊ ՏԻԱՐ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ

ՇՈՒՐՋ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ Տիար Տէր-Ստեփանեանի հրաժարականին նկատմամբ.

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այսօր Պատուիրակութեան Նախագահը տեսայ. կը թոլի, թէ վերջին նիստին պատգամաւոր Տիար Տէր-Ստեփանեանի