Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/372

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հրաժարականի նամակէն նեղացած, չուզեր ժողովին ներկայ գտնուիլ: Ես աշխատեցայ զինքը համոզելու, որ գայ: Կը կարծեմ, թե պետք է կարգադրել այս խնդիրը: Ըստ իս լաւագոյն ձեւն է երկու անդամակից ղրկել մեր մէջէն, որ բացատրեն խնդիրը եւ հասկցնեն, որ եղածը թիւրիմացութիւն մըն է:

Տիար Սայեան. ժողովս Պօղոս Փաշայի հանդեպ ո չ մեկ անպատշաճ դիրքի մեջ չէ գտնուած. հետեւաբար, հարկ չկայ ժողովին կողմէ երկու պատգամաւոր ղրկել: Թող Դիւանը երթայ եւ բացատրէ խնդիրը:

Այս մասին խօսեցան նաեւ Տիարք Թէքէեան եւ Հինդլեան: Ի վերջոյ որոշուեցաւ պաշտօն յանձնել դեր-նախագահ Տիար Տէր-Յակոբեանի եւ Տիար Տէր-Տէրպէտերեանի, որ Պատուիրակութեան Նախագահին երթալով հարթեն թիւրիմացութիւնը:

Տիար Նեւրուզ. Կ՚առաջարկեմ Վսեմ. Պօղոս Փաշայի բացակայութեան քննել Տիար Տէր-Ստեփանեանի ատենադպրութենէ հրաժարելու հարցը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Այդ նամակը գրած պահուս երբեք չէի ենթադրած, որ կրնար ժողովին համար կնճռոտութիւններ ստեղծել, պարզապէս գրած էի հրաժարմանս պատճառաբանութիւնները յայտնելու համար: Քանի որ խնդիրը այս կերպարանքը առաւ, ետ կ՛առնեմ նամակս, ի սեր ազգային շահերուն, եւ կը ներկայացնեմ պարզ հրաժարական մը:

Այս յայտարարութեան վրայ ժողովը ցաւով ընդունեց Տիար Տէր-Ստեփանեանի ատենադպրութեան պաշտօնէն հրաժարականը:


3. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵԳԷՈՆԻ ՀԱՐՑԸ

Նիստին փակման միջոցին Տիար Նեւրուզ կարդաց Հայկական Լեգեոնի մասին ստացած մեկ ծանրակշիռ նամակը:

Տիար Հինդլեանի առաջարկութեան վրայ ժողովը որոշեց յաջորդ նիստին օրակարգին անցընել այդ հարցը:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Ազգ. Համագումարի Իրաւասութեան, Ծրագրի, Անունի Եւ Բացման Յանծնաժողովին կողմէ խօսք առաւ տեղեկաբեր Տիար Հինդլեան եւ ձայնեց, թե Յանձնաժողովը մինչեւ հիմա ունեցած է չորս նիստ, որոնց ներկայ գտնուած են Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Տիար Օհանջանեան, եւ վերջին նիստին միայն Տիար Ահարոնեան, որ մեկ քանի դիտողութիւններ ըրած է ժողովին իրաւասութեան խնդրին նկատմամբ եւ նախընտրած է իր դիտողութիւնները ժողովին առջեւ ընել:

Յեւոոյ տեղեկաբեր Տիար Հինդլեան, Յանծնաժողովին անունով, կարդաց հետեւեալ տեղեկագիրը.


ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

ԱԶԳ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԵԱՆ, ՕՐԱԳՐԻ, ՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՆ,

ԱՆՈՒՆԻ ԵՒ ԲԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ազգ. Համագումարի Իրաւասութեան, Օրագրի, Տեւողութեան, Անունի Եւ Բացման Յանձնաժողովը,

նախագահութեամբ

Ամեն. Եղիշե Արք. Դուրեանի

եւ անդամակցութեամբ