Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/373

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիարք Միհրան Տամաւոեանի
             Գարեգին Փաստրմաճեանի
             Լեւոն Շանթի
             Վահան Փափազեանի
             Արշակ Չօպանեանի
             Վահան Թէքէեանի
             Ստեփան Հինդլեանի
լսելէ ետք Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ
Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարը
եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ
Տիարք Ա. Ահարոնեանը

Հ. Օհանջանեանը

որոշեց.


Ա. ԱՆՈՒՆ ԵՒ ԿԱԶՄ

Հայ Ազգային Համագումարը /Congrns National Armnnien/, որ Ազգ. Պատոֆրակութեան հրաւէրով հաւաքուեցաւ 1919 Փետրուարին Փարիզ, բաղկացած է թրքահայերու, պարսկահայոց եւ գաղութներու ներկայացուցիչներն եւ կը գործէ Կովկասի Հայ Հանրապետության Պատուիրակութեան խորհրդակցական մասնակցութեամբ:


Բ. ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾՐԱԳԻՐ

1. Վաւերացնել Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ պատրաստուած, Համագումարի անդամներու մեծամասնութեան աշխատակցութեամբ ու հաւանութեամբ, Վեհաժողովին ներկայացուած ազգ. պահանջներու յիշատակագիրը:

2. Հաստատել հայ ազգին վնասուց հատուցման հիմերը ներկայացնելու համար Խաղաղութեան Վեհաժողովին:

3. Գծել իրանց նոր կացութեան համաձայն ազգային քաղաքականութեան ընդհանուր ուղեգիծ մը, որ իբր հիմ պիտի ծառայէ նոր կազմուելիք Ազգ. Պատուիրակութեան գործառնութեանց:

4. Վեհափառ Կաթողիկոսէն նշանակուած Ազգ. Պատուիրակութեան մինչեւ այժմ գործունէութեան տեղեկատուութիւնը եւ հրաժարականը լսելէ ետք պիտի ընտրէ իր Պատուիրակութիւնը, բաղկացած 5 անդամներէ, որ պիտի միանայ Կովկասեան Հայ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան եւ պիտի կազմէ Միացեալ Հայաստանի Համազգային Պատուիրակութիւնը:

5. Ընտրել Ելեւմուտքի Յանձնաժողով մը, որ տեղեկանալէ ետք հրաժարեալ Պատուիրակութեան գանձային վիճակին, պիտի պատրաստէ նորընտիր Պատուիրակութեան համար դրամական մօտաւոր նախահաշիւ մը, որոնելով հասոյթի աղբիւրները:

6. Ընտրել յանձնաժողով մը, մշակելու համար Միացեալ Հայաստանի պետական առժամանակեայ վարչական կանոնի նախագիծ /Reglement administratif provisoir/ եւ միացեալ առժամեայ կառավարութեան իրականացման նախագիծը:

7. Որոշել Համագումարի հրապարակային արտայայտութիւնները /հեռագիր, ուղերձ, հանդէս, կոչ, եւ այլն/: