Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/374

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գ. ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆ

Համագումարը իր վերեւ նշանակուած օրակարգին գործունէութիւնը վերջացնելէ ետք կը դադրեցնէ իր նիստերը:

Համագումարը Պատուիրակութեան կողմէ վերստին նիստի կը հրափրուի անմիջապէս, երբ Խաղաղութեան Վեհաժողովը վճիռը տայ Միացեալ Հայաստանի հարցին:

Այն ժամանակ է, որ Հայաստանի առժամեայ պետական կանոնի եւ միացեալ առժամեայ կառավարութեան մը իրականացման եւ նախագիծի յանձնաժողովը կը բերէ իր ուսումնասիրութեան արդիւնքը եւ Պատոփրակութիւնը կը ներկայացնէ իր գործունէութեան համարատուութիւնը:

Բացի այդ/միջանկեալ կերպով/ Համագումարը նիստի պէտք է հրաւիրուի նաեւ Պատոփրակութեան կողմէ հետեւեալ պարագաներու մէջ.

Ա. Երբ Ազգային Պատոփրակութիւնը իրեն տրուած ուղեգիծէն դուրս ելլելու հարկին մէջ գտնուի:

Բ. Երբ ոեւէ այլ ստիպողական պատճառով հարկ համարէ զայն նիստի հրաւիրել:

Գ. Ներկայ տեղեկագիրը Համագումարին բերելու Յանձնաժողովիս կողմէ տեղեկաբեր նշանակուած է Տիար Ս. Հինղլեան Յանձնաժողովի անղամներէն:

Նախագահ Յանձնաժողովի
Եղիշէ Արքեպիսկ. Դուրեան

Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար բացակայ ըլլալով, հարց ծագեցաւ, թէ առանց Ն. Վսեմութեան ներկայութեան բանաւո՞ր է քննել եւ վաւերացնել Յանձնաժողովիս բերած եզրակացութիւնները:

ժողովը որոշեց մի առ մի քննել խնդիրները, առանց վերջնականապէս վաւերացնելու, եւ յետաձգել որոշումը յաջորղ նիստին, որուն Պատուիրակութեան Նախագահը ներկայ կըլլայ:

Տիար Տամատեան. Դիտել կու տամ, որ Յանձնաժողովին բերած առաջարկութիւնը կատարուած է նախ այս ժողովին եւ յետոյ Յանձնաժողովին մէջ երկար վիճաբանություններէ յետոյ: Հետեւաբար խնդիրը քննելու ատեն պէտք է նկատի ունենալ, թէ փոխադարձ կարծեաց զիջողութիւնք տեղի ունեցած են:

Տիար Սայեան ղիտողութիւն ըրաւ տեղեկագիրին մէջ պատգամաւորներու համար գործածուած «ներկայացուցիչ» բառին ղէմ:

Տիար Հինդլեան. Այս մասին Յանձնաժողովին մէջ խնդիր եղած չէ. միւս կողմէ այս ժողովին հրաւիրեալ անդամներն ալ ներկայացուցիչներ են որոշ խումբերու, մտաւորակւսնութեան եւ այլնի:

Տիար Շանթ. Արդէն գործածուած բառը «ներկայացուցիչ» է, ոչ թէ «ընտրեալ»:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. ժողովի նիստերուն տեւողութեան մասին ըսուած է, թէ ժողովը նոր Պատուիրակութիւնը ընտրելէ, վարչական առժամեայ կազմը եւ Վերաշինութեան Յանձնաժողովը նշանակելէ եւ իր հրապարակային արտայայտութիւնները ընելէ յետոյ պիտի ցրուի, եւ երբ Հայաստանի մասին Խաղաղութեան Վեհաժողովին կողմէ եղած կարգադրութիւնը լսուի, նոր Պատուիրակութիւնը նորէն նիստի պիտի հրաւիրէ ժողովը: Ատիկա նիւթապէս անկարելի է, որովհետեւ այս ամէնը մէկ-երկու ամսուան մէջ պիտի կատարուի:

Տիար Չօպանեան. Իբր տեղեկութիւն հաղորդեմ, թէ Տիարք եհարոնեան ու Օհանջանեան փափաքած են, որ այս ժողովը չյետաձգէ իր նիստերը, այլ Պատուիրակութիւնը ընտրելէ անմիջապէս յետոյ ցրուի: