Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/375

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Հինդլեան. Յանձնաժողովը, իր որոշումներուն առթիւ, նկատի առած է նաեւ Վսեմ. Նուպար Փաշայի տրամադրութիւնները:

Տիար Սայեան. Յանձնաժողովին բերած եզրակացութիւններուն մէջ ըսուած է, որ ժողովը պիտի լսէ հին Պատուիրակութեան տեղեկատուութիւնը եւ հրաժարականը: ժողովը չպիտի՞ քննադատէ, կամ իր կարծիքը չպիտի՞ յայտնէ Պատուիրակութեան համարատուութիւնէն յետոյ:

Տիար Հինդլեան. Այս ժողովը չէ, որ ընտրած է Ազգ. Պատուիրակութիւնը. հետեւաբար իրատւնք չունի ո՛չ հաշուետուութիւն պահանջելու անկէ, ո՛չ ալ հրաժարական, բայց որովհետեւ կարելի չէ նոր մարմին մը ընտրել, երբ դեռ հինը գոյութիւն ունի, պէտք է առաջարկենք, որ Պատուիրակութիւնը հրաժարած յայտարարուի, որպէսզի կարենանք նորը ընտրել: Իսկ հաշուետուութիւնը միմիայն պիտի լսենք առանց քննադատելու կամ վաւերացնելու, որպէսզի կարենանք անոր վրայ հիմնել նոր Պատուիրակութեան ելեւմտացոյցը:

Տիար Տամատեան. Այս այն կէտերէն է, որու մասին Յանձնաժողովը Պատուիրակութեան հետ համաձայնութեան չէ եկած: Պատուիրակութեան Նախագահը կընդունի Պատուիրակութէայն գործունէութեան մասին տեղեկատուութիւն ընել, բայց կուզէ, որ նոր Պատուիրակութիւն ընտրուի դեռ հինը հրաժարական չտուած: Յանձնաժողովս դիտել տուաւ, որ նոր մարմին մը չընտրուիր մինչեւ որ հինը ինքզինքը հրաժարած չյայտարարէ: Ն. Վսեմութիւն Փաշան կ՚ուզէ, որ նախ ընտրութիւնը կատարուի. եթէ համաձայն ըլլայ իր հրաժարականը կու տայ. իսկ եթէ ոչ չընդունիր նորը:

Տիար Նեւրուզ. Կարեւորն այն է, թէ նոր Պատուիրակութիւնը քանի հոգիէ բաղկացած պիտի ըլլայ:

Տիար Հինդլեան. Տիար Ահարոնեան եւ Վսեմ. Պօղոս Փաշա համաձայնութիւն կայացուցած են, որ այս ժողովը չորս հոգի ընտրէ: Կովկասի ներկայացուցիչներն ալ երեք հոգի ըլլալով ամբողջութիւնը կ՚ըլլայ եօթը: Իսկ Յանձնաժողովս աւելորդ համարեց քննել խնդիր մը, որու մասին Փաշան ու Տիար Ահարոնեան համաձայնութիւն կայացուցած էին եւ որու մասին վերջնական որոշում մը տալ կը մնայ ժողովիս:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Եթէ Կովկասեան երեք պատուիրակներուն հետ մենք չորս պիտի ընտրենք եւ Տիար Ահարոնեան ու Փաշան այս մասին համաձայնութեան եկած են, ըսել է, թէ անոնք ընտրած են նաեւ համաձայնութեամբ գործելու սկզբունքը, այն ժամանակ ինչո՞ւ եօթ հոգի չընտրել:

Տիար Շանթ. Տիար Ահարոնեան երեքի դէմ երեք կ՚ուգէ. իսկ Պօղոս Նուպար Փաշան երեքի տեղ չորս կը նախընտրէ, յայտնելով որ այս կերպով համաձայնութիւնը աւելի դիւրին է:

Տիար Տամատեան. Տեսակցութեան մը մէջ Պատուիրակութեան նախագահը շեշտեց, թէ հակառակ է չորսէ մէկ հատ իսկ աւելի ընդունելու, եւ ըսաւ, թէ կովկասահայ պատուիրակներն ալ այդ կարծիքին են:

Տիար Սայեան. Մինչեւ հիմա յայտնի չեղաւ, թէ նախ Պատուիրակութիւնը պիտի ընտրենք եւ հրաժարումը յետո՞յ տեղի պիտի ունենայ, թէ* նախ հին Պատուիրակութիւնը ինքզինքը հրաժարած պիտի նկատէ ու յայտարարէ եւ մենք վերջը նորը պիտի ընտրենք: Մեր ժողովը Պատուիրակութեան տեղեկատուութի՞ւնը պիտի արձանագրէ միայն, թէ՞ պիտի քննէ զայն: Մեր ժողովին ընթացքը անբնական է. եթէ ժողովը միայն պիտի արձանագրէ, ըսել է, թէ այս ժողովը երկրորդական դիրք մը ունի, որուն տեղեկութիւն կը տրուի միայն, ըսել է, թէ Պատուիրակութիւնը կարեւորութիւն չտար ժողովին. եւ կամ հակառակն է, որ տեղի կունենայ, այսինքն

ժողովը կարեւորութիւն չտար Պատուիրակութեան մինչեւ հիմա ունեցած գործունէութեան: Պէտք է, որ Պատուիրակութեան Նախագահը իր հաշուետուութիւնը ընէ հոս, մենք մեր տրամադրութիւնը յայտնենք եւ քննադատենք, եւ յետոյ հրաժարի: