Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/376

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կովկասի Պատոփրակութիւնն ալ «վէթօ՞» պիտի դնէ, թէ չորս անձէն աւելի չպիտի ընտրենք: Կառաջարկեմ համոզել զիրենք, որ աւելի թիւով պատգամատրներ ընտրուին նոր Պատուիրակութեան մէջ:

Տիար Փափազեան. ճիշդ է այս ձեփ հրաժարականը աննորմալ է, բայց նկատի առէք, որ իրականութիւնը ինքն ալ արդէն աննորմալ է, իսկ Յանձնաժողովն աչդ կարգ՚ադրութիւնը ըրաւ այս աննորմալ վիճակէն դուրս ելլելու համար: Պատուիրակութեան առաջարկը հինը չհրաժարած նորը ընտրել իրեն համար արդէն վարկաբեկիչ է: Կը կարծեմ, թէ կովկասեան ներկայացուցիչները պէտք է համոզուին, որ թրքահայերը աւելի ներկայացուցիչ ունենալու իրաւունք ունին, քանի որ այս րոպէիս Թրքահայաստանի հարցն է, որ պիտի վճռուի, բայց ի հարկէ միշտ ընդունելով որոշումները համածայնութեամբ անցընելու սկզբունքը: Իսկ ես կը կարծեմ, թէ չորսը արդէն բաւական է, քանի որ դժուար է մեզի համար գտնել մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնք կատարելագործուած Պատուիրակութեան մը պայմանները լրացնեն: Յետոյ շատ մարդով համածայնութիւնը աւելի դժուար է:

Տիար Նեւրուզ. Եթէ համոզենք Պատուիրակութեան Նախագահը թերեւս համարատուութիւն ընէ: Բայց քանի որ տեղեկատուութիւն մըն է, որ պիտի ընէ, քննել, եւ այլն աւելորդ է: Մենք պարզապէս կը լսենք եւ կ՚անցնինք, առանց շնորհակալութիւն իսկ յայտնելու: Աւելի լաւ է, որ մենք այսօր իսկ վերջացնենք այս հարցը, որպէսզի անիկա նորէն Փաշային առջեւ չկրկնուի:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Այստեղ երկու իշխանութիւն կայ, մէկը այս ժողովը եւ միւսը Կաթողիկոսը: Արդ, քանի որ այս երկու հեղինակութեանց միջեւ ոչ մէկ բաղխում կամ խնդիր տեղի չէ ունեցած, Կաթողիկոսին վեհապետական իրաւունքները կանցնին այս ժողովին, եւ այս պարագային ժողովը իրաւունք կ՚ունենայ համարատուութիւն պահանջելու ու քննելու:

Տիար Ֆնտգլեան. Ես համաձայն եմ, որ Պատուիրակութեանց անդամոց թիլը աւելի մեծ ըլլայ, որովհետեւ այնպիսի կարեւոր խնդիրներ պիտի լուծուին, որ բազմաթիւ միտքերու գոյութիւնը չափազանց օգտակար է: Արդէն մեծ անհամաձայնութիւն չի կրնար ծագիլ անոնց մէջ, քանի որ այս ժողովը նոր Պատուիրակութեան որոշ «տիրէքթիւ»-ներ պիտի տայ, որոնց համեմատ ան պիտի գործէ: Պէտք է նկատի առնել նաեւ հիւանդութեան պարագան, որուն համար եւս անհրաժեշտ է աւելցնել անդամներուն թիլը: Ես կը կարծեմ նաեւ, որ թրքահայերը աւելի շատ պատգամաւոր տալու իրաւունք ունին, բնակչութեան թիլի տեսակէտէն, քանի որ կ՛ըսենք, թէ մեռածներն ալ պիտի հաշուենք: Յետոյ երկրի տարածութեան տեսակէտով ալ նոյն եզրակացութեան կու գանք, քանի որ Ռուսահայաստանը Թրքահայաստանին մէկ քառորդն է միայն:

Տիար Հինդլեան. Մեծ սխալ մը կ՚ըլլայ այստեղ: Պատուիրակութիւնը, զոր պիտի ընտրենք, պիտի ըլլայ համազգային Պատուիրակութիւնը Միացեալ Հայաստանին, եւ անոր մէջ կովկասեան երեք պատուիրակներն ալ պիտի զբաղին, միւսներուն հետ եւ միւսներուն հաւասար, Միացեալ Հայաստանի խնդրով: Հետեւաբար թիլի, Թրքահայաստանի, Ռուսահայաստանի, Պարսկահայաստանի հարկ չկայ, երբ համաձայն են: Երբ իրենք կը համաձայնին մեզմէ չորս ընդունիչ, մենք լիովին պէտք է գոհանանք: Մենք «ֆետերաթիւ» Պատուիրակութիւն չէ, որ կուզենք, այլ Միացեալ Հայաստանի Համազգային Պատուիրակութիւն:

Տիար Օհանջանեան. Ես կը գտնեմ, որ երկրի, բնակչութեան թիւի մեծութեան տեսակէտը պատճառ չէ աւելի շատ ներկայացուցիչ ունենալու, ո՛չ ալ յարմար է այդ կարգի տեսակէտներ Միացեալ Հայաստանի խնդրին մէջ մտցնել: Բայց քանի որ դուք կ՚ուզէք շատ ներկայացուցիչ ունենալ, կարելի է այսպէս ընել, ընտրեցէք որքան որ կ՚ուզէք, բայց անոնք թող ընտրեն իրենց մէջէն երեք հոգի, որ կովկասեան պատուիրակներուն հետ քուէարկեն եւ կարենան անոնց հետ ձուլուիլ: Այսպէս կը կատարուի ամէն տեղ: Բուն գործող անդամներէն զատ բազմաթիւ ուրիշներ կրնան