Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/377

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըլլալ օգնելու, խորհրդակցութեան, եւ այլնի համար: Գալով Պարսկաստանի կողմէ եւս Պատուիրակութիւն մը առաջարկելուն, կարծեմ թէ այս խնդիրը աւելորդ է:

Տիար Մասեհեան Խան. Պարսկահայաստանի կողմէ առանձին պատուիրակութիւն ունենալու մասին երբեք խնդիր չեմ յարուցած ես: Ես ալ աւելորդ կը նկատեմ այդ տեսակ խնդիր մը, եւ լիովին համաձայն եմ այն յայտարարութեանց, զորս պահ մը առաջ ըրաւ Հայ Հանրապետութեան ներկայացուցիչներէն Տոթք. Օհանջանեան այդ խնդրին նկատմամբ:

Տիար Տամատեան. Պատուիրակութիւնը, եթէ պէտք ունենայ, մեր ընտրած չորս անդամներէն զատ կրնայ ուրիշ «քոմբեթանս»-ներու օգնութեան դիմել: Ասիկա իր գործն է: Բայց ես կը պնդեմ, որ մենք երեք անդամի տեղ անպատճառ չորս անդամ ընտրենք, ոչ թէ անոր համար, որ մէկ ներկայացուցիչ աւելի ունենանք Կովկասեան Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն վրայ, այլ անոր համար, որ նոյնիսկ չորս անդամ ընտրելով, հագիւ պիտի կրնանք մեր գլխաւոր «քոմբեթանս»-ները տալ եւ արտայայտել մեր իսկական բաղձանքները:

Տիար Քէլէկեան Խան. Ես կ՚առաջարկեմ չորս հոգի ընտրել եւ այս ժողովին միլս բոլոր անդամները իբրեւ^որհրդական նկատել Պատուիրակութեան:

Տիար Շանթ. Արդեօք կարելի չէ' Պատուիրակութեան տալիք հաշուետուութիւնը տպագրել, որպէսզի բոլոր փափաքողները կարենան տեղեկանալ իր գործունէութեան:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան դիտել տուաւ, թէ այդպիսի որոշում մը չկայ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 49-54: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 13-րդ

9 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

Նախապէս Տիար Ֆնտգլեան հրաւիրուեցաւ ժողովին ծանօթացնելու Լոնտոնի կարգ մը պետական անձնաւորութեանց խորհրդածութիւնները Հայկական Հարցին նկատմամբ:


2. ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՄ ԴԻՒԱՆԻ

Տիար Տոքթ. Տէր-Սւոեփանեանի հրաժարականին ընդունելութեան հետեւանքով, ատենադպրի ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ եւ 23-ի վրայ 12 ձայնով ընտրուեցաւ

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան:


3. ՀԱԼԷՊԻ ՋԱՐԴԸ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան հաղորդեց տխուր լուր մը, որուն համեմատ անգլիացիները կամ ֆրանսացիները պաշտպանելու վէճի մը առթիւ Հալէպի քրիստոնեայ եւ արաբ բնակչութեանց միջեւ կռիւ տեղի կունենայ, որուն հետեւանքով 50 հայ կը սպաննուին: Ն. Վսեմութիւնը աւելցուց, որ էմիր Ֆայսալ նմանօրինակ հեռագիրներ ստացած է, որոնց պատասխանած է հրամայելով վերջ