Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/378

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տալ քրիստոնէից եւ իսլամներու միջեւ եղած վէճին եւ դատարանի միջոցաւ խստիւ պատժել յանցաւորները:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵԳԷՈՆԻ ՀԱՐՑԸ

ժողովին նախորդ նիստին որոշման համեմատ, օրակարգի առաջին խնդիր պիտի ըլլար Տիար Նեւրուզի կողմէ տեղեկատուութիւն մը Հայկական Լեգէոնի խնդրին նկատմամբ:

Տիար Նեւրուզ այդ մասին Դիւանին յանձնած էր հետեւեալ գրաւոր զեկուցումը, որ կարդացուեցաւ.


ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՏԻԱՐ ՆԵՒՐՈՒԶԻ՝

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵԳԷՈՆԻ ՀԱՐՑԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Վերջերս ստացուած տեղեկութիւններն ու նամակները ուղղուած Ազգային Պատուիրակութեան եւ կամ անոր միջոցաւ Ազգային Համագումարին, կիլիկեան հայ կամաւորական խումբերու եւ կամ Հայկական Լեգէոնի դրութիւնը կը ներկայացնեն բաւականաչափ ծանրակշիռ եւ անմիջական կարգադրութեան սպասող:

Յանձնախումբս, ծանօթանալով բոլոր գրութիւններուն, Հայկական Լեգէոնի պահանջներուն եւ եղած առաջարկներուն, եկաւ հետեւեալ եզրակացութեանց.

1. Նկատելով, որ կիլիկեան կամաւորական շարժումով մենք դեռեւս կապուած ենք ֆրանսական կառավարութեան հետ.

2. Որ առանց ֆրանսական կառավարութեան դիմելու, ներկայ քաղաքական պայմաններուն մէջ աննպատակայարմար է ոեւէ կարգադրութիւն ընել.

3. Որ հայ կամաւորներու ներկայութիւնը պէտք է նաեւ մեր ժոդովուրդին եւ մեր երկրին ապահովության տեսակէտէն.

4. Որ կամաւորական շարժման սկզբնական օրերէն իսկ հասկացողութիւն ունինք ֆրանսական կառավարութեան հետ, թէ այդ խումբերը կորիզ պիտի հանդիսանան ապագայ հայկական բանակին.

5. Որ մենք արդէն որոշ համաձայնութիւն ունինք, թէ կամաւորները պիտի մնան մինչեւ պատերազմի վերջաւորութիւնը /խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում/,

Կառաջարկէ Հայ Ազգ. Պատոփրակութեան միջոցաւ դիմել ֆրանսական կառավարութեան

Ա. Որ Հայկական Լեգէոնի կարգապահութիւնը մինչեւ այսօր եղած է գոհացուցիչ, համաձայն իրենց հրամանատարներու եւ այլոց իսկ տուած վկայութիւններուն, եւ այդ հիմամբ անոնց հասցէին ուղղուած անկարգապահութեան մեղադրանքները համարել անարդար.

Բ. Որ Հայկական Լեգէոնը պահուի մինչեւ հաշտութեան վերջնական կնքումը առանց նոր յանձնառագրի /ռէանկաժըման/.

Գ. Որ Հայկական Լեգէոնի զինուորներու այս պահանջներու, որոնց արդարացի ըլլալը արդէն իսկ ընդունուած է ֆրանսական զինուորական պետերու կողմէ, բաւարարութիւն տրուի:

Այդ պահանջներն են.

1. Բարելաւել Լեգէոնի նիւթական պայմանները տալով լաւագոյն սնունդ եւ ֆրանսական զինուորներու հաւասար թոշակ /սոլտ/.

2. Կամաւորներու ընտանիքներու նպաստներու եւ թոշակներու յաւելումը համաձայն արդի պայմաններուն.