Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/379

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

3. Շառայութեան ընթացքին տեղի ունեցած արկածներու հետեւանքով ազատ արձակուածներու կենսաթոշակի յատկացումը.

4. Հայկական Լեգէոնի հայ քատրի փոփոխութիւնը /11. Հայկական Լեգէոնի հայ քատրին աստիճանական բարձրացումը համաձայն իւրաքանչիւրին ընդունակութիւններուն, Բ. Հայկական Լեգէոնի քատրին հայացումը, բացի բարձրաստիճան հրամանատարներէ, Գ. Վարչական բաժնին աստիճանական բարձրացումը, Դ. Հայ սպաներու դասընթացքներու հաստատումը, Ե. Հեծելազօրի եւ ժենիի գանդերու կազմութեան ծրագրին գործադրութիւնը/.

5. Բանակի հրամանատարութեան եւ Ազգ. Պատուիրակութեան միջեւ մշտական կապ հաստատող ներկայացուցչի մը ընդունուիլը.

6. Հայկական Լեգէոնի գունդերը բացառապէս գործածել Կիլիկիոյ եւ կամ հայկական նահանգներու շրջաններու մէջ.

7. Ագգային Պատուիրակութեան կողմէ Հայկական Լեգէոնին ուղղուած կոչի մը պաշտօնական ընթերցումը.

8. Եթէ վերոհիշեալ բարելաւումի վերաբերեալ առաջարկներում մասամբ եւ կամ ամբողջովին գոհացում չտրուի. Ազգ. Պատուիրակութիւնը ջանադիր պիտի ըլլայ պահպանել Հայկական Լեգէէէնը /գոնէ մինչեւ «ռէանկաժըման»-ի հարցի լուծումը/ իր ներկայ դրութեան մէջ պարբերական կոչերով, ներկայացուցիչ ուղարկելով եւ նպաստի գումարներով անոնց անմիջական կարիքներուն համար.

9. Մինչեւ այդ խնդրել ֆրանսական կառավարութենէն, որ հեռագրական հրահանգով յետածգէ «ռէանկաժըման»-ի գործադրութիւնը Հայկական Լեգէոնի վերաբերմամբ:

«ՌԷԱՆԿԱԺԸՄԱՆ». Նկատելով Հայկական Լեգէոնի ցրւումի հաւանականու- թիւնը, եւ անկէ առաջ գալիք ծանր հետեւանքներն ու վտանգները, «ռէանկաժըման»-ի առաջարկը սկզբունքով ընդունիլ, Ել այդ հետեւեալ պայմաններով.

1. «Ռէանկաժըման»-ի վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւններն ու համաձայնութիւնները պիտի ըլլան Ազգ. Պատուիրակութեան հետ, եւ անկէ վերջ միայն պիտի գործադրուին:

2. Իբրեւ հիմունք պիտի ընդունիլ հայկական գունդի ինքնավար կագմակերպութիւնը, կազմելով ատոր համար յատուկ կանոնագիր մը:

3. «Ռէանկաժըման»-ի համար Ազգ. Պատուիրակութիւնն է, որ կոչ կուղղէ հայ գինուորներուն նախապէս համաձայնելով ֆրանսական կառավարութեան հետ:

4. Բանակցութիւններու ատեն Ազգ. Պատուիրակութիւնը նկատի պիտի ունենայ գինուորներու վերոյիշեալ պահանջներն ու անոնց գոհացում ստանալը:

5. Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ ուրիշ վայրերու հայերէն գինուոր ըլլալու փափաք ունեցողները անմիջապէս արձանագրել եւ ընդունիլ Հայկական Լեգէոնը ստուարացնելու համար:

6. Հայկական Լեգէոնը սահմանուած պիտի ըլլայ բացառաբար գործածուելու Կիլիկիոյ եւ հայկական նահանգներու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար:

7. Խաղաղութեւսն Վեհաժողովին կողմէ Հայկական Հարցի լուծման եւ կամ Հայկական Լեգէոնի ցրման ատեն բոլոր խնդիրները պիտի կարգադրուին ֆրանսական կառավարութեան եւ Ազգ. Պատուիրակութեան փոխադարձ համաձայնությամբ:

ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ - Հակառակ պարագային, եթէ Հայկական Լեգէոնի պահպանման եւ վերարձանագրութեան խնդիրներու վերաբերմամբ համաձայնութիւն չգոյանայ, եւ եթէ ֆրանսական կառավարութիւնը վճռէ Հայկական Լեգէոնը ցրուել, Ազգ. Պատուիրակութիւնը կը դիմէ հետեւեալ միջոցներուն.

1. Անմիջապէս քուէարկել եւ կամ կազմել մէկ միլիոն ֆրանքի ֆոնտ մը այդ պարագային ձեռք առնուելիք միջոցներուն յատկացնելու համար.