Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/380

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

2. Ամէն կերպով ջանալ արդէն մարզուած բանակը չցրուելու եւ օգտագործելու զայն հայկական նահանգներու գրաւման եւ ապահովութեան համար միացնելով Միջագետքի հայ կամաւորական խումբերուն եւ կամ դնելով Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրութեան տակ:

Տոքթ. Նեւրուզ

Տիար Չօպանեան. Կատարելապէս կը ձայնակցին Տիար Նեւրուզի զեկոյցին եւ իմ կողմէս կառաջարկեմ, որ Պատոփրակութեան հետ այս ժողովէն ալ ներկայացուցչութիւն մը պէտք եղած տեղերը դիմումներ կատարելով արտայայտէ ամբողջ հայութեան վրդովմունքը: Կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ի՞նչ կարգադրութիւն եղած է Ալեքսանտրէթի խնդրոյն համար, եւ ի՞նչ եղած է Սահակ Կաթողիկոսէն տեղեկութիւններ ուզելու համար հեռագիր տալու իմ առաջարկս:

Տիար Սայեան. Ես կը կարծեմ, թէ գործնական արդիւնքի հասնելու համար պէտք է ուղղակի դիմումներ ընենք Ամերիկայի, հասկնալու համար թէ վերջապէս յանձն պիտի առնէ՞ մեր «ասիսթանս»-ը. եթէ այո այն ժամանակ այս ժողովէն որոշուած պահանջներ դնենք առջեւնին, երկիրը թիւրքերէն պարպելու, պարենատրելու եւ այլ խնդիրներու համար, եւ վերջապէս մեզի թոյլ տրոփ, որ մենք ալ մեր ընելիքը կարենանք ընել:

Տիար Տէրվիշեան. Բրիտանական բանակները, Միջագետք նոր մտած ատենէն չափազանց հոգատար եւ հետաքրքիր եղած են հայոց վիճակին հանդէպ, բայց յետոյ ստեղծուեցաւ այս կացութիւնը, որովհետեւ տեղւոյն վրայ չունեցանք անգլիացւոց հետ խօսելու եւ վարուելու ատակ հայ գլխաւորներ: Ասոր համար կ՚առաջարկեմ երեքական հոգինոց երկու յանձնաժողով ընտրել, որոնց անդամները լաւ ծանօթ ըլլան անգլիական եւ ֆրանսական լեզուներուն ու մտայնութեանց, ըլլան նաեւ որոշ դիրքի տէր եւ երթան Կիլիկիա ու Միջագետք յարաբերութիւն պահպանելու համար հայերուն եւ օտար իշխանութեանց միջեւ, ու միւս կողմէ ներկայացնելու համար հայկական տեղական պահանջումներն ու շահերը:

Տիար Հինդլեան. Կառաջարկեմ պահանջել Հայաստանի գրաւումը, Յիշատակագրին մէջ ցոյց տրուած սահմաններուն մէջ, այնպիսի պետութեան մը կողմէ, որ պատասխանատու ըլլայ այս տեսական դէպքերու համար, եւ արտաքսել ի սպառ բոլոր թրքական իշխանութիւնները այդ սահմաններէն:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ես հակառակ եմ այստեղ պետութեանց պատուիրակութիւներուն դիմումներ ընելու մտածման, զայն գործնական չեմ գտներ եւ չեմ յուսար, որ անմիջական արդիւնք տայ: Այժմ միակ գործնականը բացասական արդիւնքէ խուսափիլն է: Ես ալ համամիտ եմ Պ. Տէրվիշեանին. պէտք է ղրկել երեք հոգինոց յանձնաժողով մը, որ գլխաւորաբար երեք աշխատանք կատարէ. Ա. Թուրք «բրովոքասիոն»-ները չէզոքացնող միջոցներ ձեռք առնել. Բ. Նոյն միջոցները տարածել երկրին մէջ գտնուած օտար իշխանութեանց հնարքներուն դէմ, եթէ կան. Գ. Հայ զինուորներու եւ հայ գաղթականներդ վրայ բարոյական ազդեցութիւն գործելով տեղի չտալ անպատեհութեանց ծագման:

Տիար Յակոբեան. Ես կը կարծեմ, թէ մինակ լեզու գիտնալ չի բաւեր, այլ հարկաւոր է նաեւ լաւ ծանօթ ըլլալ տեղին պայմաններուն եւ հոգեբանութեան. այս իսկ պատճառով, կ՚առաջարկեմ, որ կարելի եղածին չափ շուտ Տիարք Նեւրուզ եւ Տամատեան Կիլիկիա մեկնին:

Տիար Տամատեան. Տիարք, դիւանագիտութիւնը խաղ կը խաղայ մեզի հետ. Պեռլինի Վեհւսժողովէն մինչեւ այս պատերազմին սկիզբը ռէֆորմներու խաղն էր. հիմա ալ անկախութեան խնդիրն է: Եթէ ի վերջոյ ստանանք լալ Հայաստանը բաւականին հայերէ պարպուած պիտի ըլլայ, որպէսզի ապարդիւն մնայ: Մենք պէտք է այս մեծ վտանգին առաջքն առնենք, ւսմէնախիստ դիմումները պէտք է ընենք պետութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ վերապրող հայերը պահելու համար: