Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/381

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Լիովին համաձայն եմ Տոքթ. Նեւրուզի առաջարկներուն եւ Տոքթ. Սայեանին, որ կ՚ոլզէր հայկական զինուորական ոյժերը գօրեղացնել: Ես համամիտ եմ, որ Պատուիրակութիւնը անձամբ ընէ այս դիմումները, ընկերակցութեամբ այս ժողովի մէկ քանի ներկայացուցիչներուն: Պատուիրակութեան Նախագահը ցոյց կու տայ, թէ ինչ դժուարութիւններ կան, որոնք մեր դէմը պիտի ելլեն այս առաջարկներում գործադրութիւնը պահանջած ատեննիս: Օրինակ երկրին գրաւումը շատ բարդութեանց տեղի կու տայ, բայց եւ այնպէս, մեր պարտքն է ընել այս դիմումները, եւ պէտք է ընենք ու պահանջենք:

Տիար Փափազեան. Տոքթ. Նեւրուզի ըրած առաջարկները պէտք չէ մասնաւորել, այլ ամբողջ Հայաստանի համար պէտք է պահանջել: Պէտք է ճանչցնել տալ նաեւ ղրկուելիք յանձնաժողովին հեղինակութիւնը պետութիւններու կողմէ: Յանձնաժողովին պաշւոօնը պէտք է հաստատեն անոնք, օրինակի համար յարաբերութիւն պահել հայոց եւ Դաշնակից պետութեանց միջեւ, սիրաշահիլ արաբները, գբաղուիլ գաղթականական հսկայ գործերով, եւ այլն: Ես ալ այն կարծիքին եմ, որ դիմումները մեծ եւ անմիջական արդիւնք չպիտի տան, բայց Պատուիրակութիւնը հիմա Հատ կարեւոր եւ մեծ գործ ունի կատարելիք, եւ իր ըրած պահանջներում առաջինը գրաւման խնդիրը պիտի ըլլայ: Նկատի ունենալով, որ Խաղաղութեան Վեհաժողովը մօտ օրերս պիտի պատրաստէ ընդհանուր հաշտութեան պայմանները, կառաջարկեմ, որ հայկական Պատուիրակութիւնը Վեհաժողովին ներկայացնէ այն ֆորմիլլները, զորս մենք կը բաղձանք դնել տալ հաշտութեան պայմաններում մէջ, մեր ապագայ ու մանաւանդ մեր անմիջական պահանջներում նկատմամբ:

Տիար Աղաթօն Պէյ. Կառաջարկեմ խնդիրը յանձնել Պատուիրակութեան, որ պէտք եղածը ընէ եւ կագմէ այն յանձնաժողովը, որ Կիլիկիա պիտի մեկնի:

Տիար Չօպանեան. Անմիջապէս, որ նախագահ Ուիլսոն գայ, անոր դիմելու է եւ հասկցնելու է, թէ ինք անձամբ կրնա՞յ կարգադրել, որ հայերը իրենք գրաւեն երկիրը, միջոցներ եւ դրամ տալով:

Տիար Տամատեան. Ես պատրաստ Եմ երթալու, բայց գործ մը կարենալ ընելու համար պէտք է, որ մենք տեղ մը ունենանք, որան կռթնիլ կարելի ըլլայ. պէտք է որոշ հեղինակութիւն ունենանք եւ Կովկասի Հանրապետութեան ու Ագգ. Պատուիրակութեան ներկայացուցիչները ըլլալու հանգամանքով ճանչցուինք Դաշնակից պետութիւններէն: Այլապէս ի՞նչ կ՚ուգէք, որ կարենանք ընել տեղ մը, ուր դեռ թրքական ժանտարմըրին գոյաթիւն ունի իր ամբողջ էյագմովը: Ասկէ զատ, գործ մը կարենալ ընելու համար պէտք է, որ ղրկուելիք մարմինը աւելի բազմանդամ ըլլայ:

Տիար Մասեհեան Խան. Ֆրանսա տակաւին չպիտի ուզէ այդ պատգամաւորութիւնը իբր հայկ. կառավարութեան դեսպանութիւն ընդունիլ: ճիշդ է, որ իրենց առաջարկներու տասնէն ութը չպիտի յաջողի, բայց յաջողելիք այդ երկուքն ալ արդէն մեծ օգուտ կը նշանակէ:

Տիար Սայեան. Ես այն հաւատքը ունիմ, թէ այս առաքելութիւնը մեծ դեր պիտի ունենայ կատարելիք, անիկա պիտի դառնայ տէրը, գլուխը այն շուարած ու թշուառ ժողովուրդին, որ դեռ նոր նոր ելած է տարագրութեան սոսկումներէն եւ կարօտ է ամէն բանի, մւսսնաւորաբար ուղեցոյցի մը, որուն ցուցմունքներում համեմատ շարժի: Առաքելութեան բարոյական քաջալերութիւնն ու խորհուրդները բարիքներ պիտի դառնան այդ թշուառներու բագմաթեան համար:

Տիար Տամատեան. Իմ երթալուս մասին որոշումս կրնամ յայտնել Պատուիրակութեան Նախագահին այս մասին կատարելիք դիմումներէն յետոյ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ուրեմն, ժողովը սկզբունքով համաձայն է, որ Պատուիրակութեան կը մնայ որոշել այդ առաքելութիւնը կազմելիք անձերը, եւ ղրկել