Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/382

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առւսքելութիւնը: Ասկէ յետոյ, ուրեմն, այս խնդրին նկատմամբ ժողովին ըլլալիք դիմումները պէտք է Պատուիրւսկութեան յղել:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8-ին:

Նախագահ

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 55-59: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 14-րդ

10 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԳԱՂՈՒԹԻՆ

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան բարի գալուստ մաղթեց Ամերիկայէն հասած եւ նոյն տեղի հայ գաղութը ներկայացնող երեք պատգամաւդրներուն Տիարք Համբարձումեանի, Մաթիկեանի եւ Միքայէլեանի:

Տիար Հինդլեան հարցուց, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Տիար Աղաթօն Պէյի դիրքը ժողովին մէջ, քանի որ Ամերիկայի պատգամաւորները հասած են:

Որոշուեցաւ, որ Աղաթօն Պէյ իրաւունք ունենայ ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու նիստերում, մինչեւ որ Ամերիկայի չորրորդ պատգամաւորը հասնի:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ.

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Իրաւասութեան, Ծրագրի, եւ այլն Յանձնաժողովին տեղեկաբեր Տիար Հինդլեան կարդաց Յանձնաժողովին պատրաստած նախագիծը, եւ աւելցուց, թէ Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահը, ինչպէս նաեւ Տիար Օհանջանեան համաձայն են Յանձնաժողովին բոլոր եզրակացութեանց, իսկ Տիար Ահարոնեան կարգ մը դիտողութիւններ ունի, զորս նախընտրած է ժողովին առջեւ ընել: Տիար Հինդլեան յայտնեց նաեւ, որ Յանձնաժողովը որոշած է Պատուիրակութիւնը կազմել հինգ անդամներով, եւ ասիկա առաջարկել ժողովին: Այդ հինգ անդամները, միանալով կովկասեան երեք պատոփրակներուն, համաձայնութեան սկզբունքով պիտի գործակցին հաւասար իրաւունքներով ու ձայնով:

Տիար Ահարոնեան. Տիար Հինդլեան կրնա՞յ բացատրել արդեօք, թէ ի՞նչ պատճառներ անհրաժեշտ դարձուցին, որ Պատոփրակութեան համար հինգ անդամ առաջարկոփ փոխանակ երեքի:

Տիար Հինդլեան. Նախ Յանձնաժողովը նկատի առաւ, որ հինգ հոգիէ կազմուած Պատոփրակութիւն մը աւելի պիտի կրնայ գոհացում տալ այլազան պահանջներու, մանաւանդ որ ներկայացուցչական պաշտօնէ դուրս կան նաեւ ուրիշ կազմակերպչական, ելեւմտական եւ ընդհանուր վարչական հարցեր, որոնց օրը օրին հասնելու համար երեք հոգին անբաւական պիտի ըլլայ: Երկրորդ Պատուիրակութենէ դուրս ուրիշ մարմին մը չկայ, որ առժամանակեայ կառավարութեան մը պաշտօնը կատարէ, ինչպէս կ՚ընէ Հայաստանի հանրապետական կառավարութիւնը, որ մի միայն ներկայացուցչական պաշտօնին համար երեք հոգի յատկացուցած է,Վտւ միւս բոլոր պէտքերուն համար ունի իր յատուկ նախարարները: Երրորդ հինգ հոգի, վերեւ ցոյց տրուած տեսակէտներէն, աւելի ձեռնհասութխններ պարփակելով, աւելի մեծ ապահովութիւն մը կրնան ընծայել հարցերուն բազմակողմանի քննութեան համար: