Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/388

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տամատեան. Պատուիրակութիւնը ինքը պիտի ընտրէ կարգ մը յանձնաժողովներ, որոնք պիտի զբաղին ներգաղթի, բրոբականտի եւ այլ հարցերով, եւ որոնց մէջ հաւանօրէն պիտի մտնեն այս ժողովին անդամներէն շատերը:

Տիար Յակոբեան. Դիտել կու տամ, որ նախագահ Ոփլսոն շուտով պիտի գայ եւ այն ժամանակ գործերը աւելի արագ ելք պիտի գտնեն: Կառաջարկեմ անմիջապէս նոր Պատոփրակութեան ընտրութեան ձեռնարկել:

Տիար Հինդլեան. ժողովը նախ Պատոփրակութեան տիրէքթիւները պիտի գծէ ել ապա Պատոփրակութեան ընտրութիւնը պիտի կատարէ: Եթէ նախագահ Ոփլսըն գայ, մենք Պատոփրակութիւն մը ունինք, որ պէտք եղածը կընէ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. ճիշդ է, որ Պատոփրակութիւն մը կայ, բայց անիկա անդամալուծուած է: Ես ալ համաձայն եմ, որ անմիջապէս նոր ընտրութիւն կատարուի:

Տիար Փափազեան. Ես համամիտ եմ Պատուիրակութեան Նախագահին եւ Տիար Յակոբեանի: ճիշդ է, Պատոփրակութիւն մը գոյութիւն ունի, բայց անուանական է. իսկ մենք եթէ խնդիրը այսպէս ձգձգենք, մեծապէս կը վնասենք մեր դատին: Պէտք է ընտրենք Պատուիրակութիւնը, որ քիչ ժամանակի համար է: Ասոր համար կառաջարկեմ թուական որոշել տիրէքթիւներու ծրագիրը մշակող յանձնաժողովին, որ բերէ իր եզրակացութիւնները:

Տիար Հինդլեան. Կառաջարկեմ, որ շուտ ընենք ըսելով պատճառ չտանք աշխատութեանց անկատար մնալուն, ինչպէս եղաւ Իրաւասութեան Յանձնաժողովին համար:

Տիար Շանթ. Վաղը եւ միլս օրը տուէք մեզի, Ուրբաթ օրը կը բերենք ձեզի:

Ըստ այսմ, տիրէքթիւներու մշակման գործը յանձնուեցաւ ժողովին իրաւասութեան ծրագրով զբաղող յանձնաժողովին, պայմանաւ, որ իր աշխատութեանց արդիւնքը Ուրբաթ օր բերէ:

Տիար Սայեան. ժողովականները ի՞նչ պիտի ընեն այդ դադարի միջոցին, որ պիտի տրոփ ժողովին իր աշխատանքները վերջացնելէն մինչեւ վերահրափրման օրը:

Տիար Չօպանեան. Պատուիրակութիւնը իր շրջաբերականին մէջ արձանագրած է, որ այս Համագումարը, դադրեցնելէ յետոյ իր նիստերը, նորէն պիտի հրափրոփ, երբ յայտնի ըլլայ Հայկական Հարցին վերջնական պատասխանը: Այդ պարագային Պատոփրակութիւնն է հրափրեր կամ ժողովը ինքն է գումարուեր միեւնոյնն է: Իսկ արտաքոյ կարգի պարագայի մը Համագումարը հրափրելը Պատոփրակութեան ձգուած է: Կը խորհիմ, որ ասիկա կարելի էր ժողովին ալ ձգել: Իսկ դադարի միջոցին աշխատելու համար, ինչպէս արդէն որոշուած է, կառաջարկեմ աւելի մեծ յանձնաժողով մը կազմել, որ պիտի մշակէ Հայաստանի վարչական կազմի ծրագիր մը, եւ որուն կրնան մասնակցիլ այս ժողովին բոլոր անդամները:

Տիար Հինդլեան. Յանձնաժողովին մէջ կարծիք մը կար, որուն համաձայն այս Համագումարը իր անդամներէն որոշ թիփ մը պահանջով նիստի պիտի հրափրուէր անկախ Պատուիրակութեան հրաւէրէն: Այս կարծիքը չընդունուեցաւ, եւ շատ բանատր պատճառներով: Այս ժողովը ինք պիտի ընտրէ իր Պատուիրակութիւնը, որ պիտի գործադրէ որոշումները: Արդ, Պատուիրակութիւնը, իբր համարատու մարմին մը, բեռնաւորուած պատասխանատուութիւնՕերով, պիտի գիտնայ, թէ մարմին մը կայ, որ միշտ հաշիւ եւ համար պիտի պահանջէ իրմէ: Ահա թէ ինչու Համագումարը պիտի մնայ միշտ, մինչեւ որ Պատուիրակութիւնը իր գործը վերջացնէ եւ գայ իր համարը տալու: Համագումարը միշտ նիստ պիտի ունենա՞յ թէ ոչ այս պարագային մէջ կարեւոր չէ բնաւ. կարետրը այն է, թէ Համագումարի իւրաքանչիւր անդամ կը պահէ իր հանգամանքը, եւ Համագումարը կը պահէ իր գոյութիւնը իբր համարպռու մարմին: Այլապէս պիտի ընտրենք Պատոփրակութիւն մը, որ Համագումարին ցրուելէն ետք չպիտի գիտնայ, թէ որու հաշիւ եւ համար պիտի տայ: Ազգի՞ն, սակայն ազգը, ժողովուրդը չի կրնար առանց որոշ ձեփ մը եւ որոշ հաստատութեան մը այդ գերագոյն