Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/389

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրատւնքը կիրարկել: Հիմա Պատուիրակութիւն մը կայ, որ գէթ Կաթողիկոսին համարատու է: Եթէ Համագումարը ցրոփ վերջ տալով իր գոյութեան, իր ընտրած Պատուիրակութիւնը պիտի ըլլայ անպատասխանատու իշխանութխն մը: Այդպէս բան չենք կրնար ընել ոչ մէկ պարագայի մէջ. ատիկա պիտի ըլլար յանձնառութեան դասալքութիւն մեր կողմէ:

Հիմա գանք երկրորդ խնդրին: Համագումարը չի կրնար նիստի հրաւիրուիլ, բայց եթէ միայն իր իսկ ընտրած Պատուիրակութեան եւ իր բովանդակ վստահութիւնը վայելող մարմնին հրաւէրով: Ընտրել Պատուիրակութիւն մը եւ վերապահել իրաւունք մը նիստի հրաւիրելու անկախ անկէ, պիտի նշանակէր վստահութեան պակաս: Ես չպիտի ուգէի եւ չպիտի կրնայի երբեք անդամ ըլլալ գործադիր իշխանութեան մը, որուն չի վստահուիր ձեգ նիստի հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը: Գործադիր իշխանութիւնը պիտի ունենայ գործելու իր ազատութիւնը: Ասիկա այնքան անհրաժեշտութիւն է, որքան հակակշիռը Համագումարի կողմէ: Սակայն, այդ հակակշիռը երբեք չպիտի վտանգէ ազատութիւնը, այլապէս հակակշիռը կը դառնայ բռնաբարում: Եթէ առարկուի, որ կրնայ պատահիլ, որ գործադիր իշխանութիւնը ժողովին որոշումներուն հակառակ ընթացք մը ունենայ եւ գործունէութիւն մը մշակէ, ու Համագումարը նիստի չհիափրէ, դուք գիտէք, թէ այդ պարագային ինչ կրնայ պատահիլ եւ ինչ միջոց ունինք մեր ձեռքը հարկ չկայ հոս ըսելու: Երբ Համագումարը ցրուած չէ եւ իւրաքանչիւր պատգամատր իր հանգամանքը կը պահէ, նման հաւանականութեան մը պարագային կը կատարէ իր պարտականութիւնը, զինքը արհամարհող եւ իրմէ ընտրուած գործադիր իշխանութեան հանդէպ, մեր իրաւունքները պինդ բռնենք, բայց գործադիր իշխանութեան ալ ազատութիւնը յարգենք: Միայն այսպիսով կ՚իրականանայ պահանջուած ներդաշնակութիւնը գործադիր իշխանութեան եւ Համագումարին միջեւ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ես լիովին համաձայն եմ Տիար Հինդլեանի: Այս ժոդովը այստեղ կանչուած է նոր Պատուիրակութիւն ընտրելու եւ անոր գործունէութեան համար ծրագիր մը շինելու: Ասիկա ընելէ ետք վերջացած է իր պաշտօնը եւ պէտք է ցրոփ: Յետոյ նոր Պատուիրակութիւնը պիտի վերահրաւիրէ ժողովը երբ վերջնական որոշում մը իմանանք մեր խնդրին մասին եւ կամ երբ Պատուիրակութիւնը ծանր վիճակի մը մէջ գտնուի:

Տիար Համբարձումեան. Ինչպէս կ՚երեւայ Պատուիրակութիւնը իր հրաւիրագրին մէջ կարգադրութիւններ ըրած է, որոնք ոչ միայն այն ժամանակուան համար եղած են, այլեւ ապագային: Արդ, անկէ մինչեւ հիմա պայմանները բոլորովին փոխուած են. հետեւաբար այդ կարգադրութիւնները ոչ պարտադիր են այլեւս:

Ապա Տիար Համբարձումեան, իբրեւ նոր հասած պատգամատր, անդրադարձաւ ժողովի կազմութեան թերի կողմերուն, քննադատեց պատգամատրներու թիւին գաղութներու մէջ թերի բաշխումը, հրաւիրեալ պատգամատրներու գոյութիւնը, եւ այլն, ու պահանջեց որ վերահրաւիրուելիք Համագումարը ունենայ պատգամատրներ այն տեղերէն, ուր մեծ թուով հայութիւն կայ, օրինակ Իզմիր եւ Հալէպ, եւ հրաւիրուած պատգամաւորները ձայն չունենան:

Տիար Թէքէեան. Չեմ ընդունիր ժողովին հեղինակութեան դէմ ըսուածները: Կովկասի հայութեան այս ժողովին ձայնով չմասնակցելը ժողովին յանցանքով չէ: Այն օրէն, որ Համագումարը կազմեցինք, Պատուիրակութիւնը ուրիշ ոեւէ պայման չէր կրնար դնել մեր վրայ: Պատուիրակութիւնը կը գտնուի աւելի մեծ մարմնի մը առջեւ. հետեւաբար, ժողովին կը մնայ որոշել, թէ ե՞րբ կը ցրոփ եւ ե՞րբ կը գումարուի վերստին: Իսկ գալով այս ծրագիրը մշակող յանձնաժողովին, այն կրնամ ըսել, որ անոր անդամները շատ լաւ գիտակցութիւնը ունէին, որ այս ժողովը աւելի լայն իրաւունքներ ունէր. բայց Պատուիրակութիւնը, իր տեսակէտները յայտնելէ յետոյ, Յանձնաժողովը, իրականութիւնը յայտնելու համար, իր իրաւունքները կտրատեց ի յարգանս Պատուիրակութեան Նախագահին, որուն կամքը շատ որոշ էր եւ զոր հաշուի