Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/390

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առնել ստիպուած ենք: Ասոր համար է, որ ժողովին վերահրափրումը ձգեցինք Պատուիրակութեան եւ համաձայն եղանք միա կէտերուն մէկ կողմէ Պատուիրակութեան Նախագահին եւ միւս կողմէ Կովկասի ներկայացուցիչներուն կարծիքի ճնշումին տակ:

Տիար Տամատեան. Կը հաստատեմ:

Տիար Թէքէեան. Կը մնայ ուրեմն իրողութիւնն ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է, վստահ ըլլալով, որ Պատուիրակութիւնը հարկ եղած ժամանակ պիտի կանչէ ժողովը եւ թէ ինքն իսկ արդէն ծանր պատգամատրներու պատասխանատուութիւնը պիտի ուզէ բաժնել այս ժողովին հետ կամ անոր թողուլ: Կ՚առաջարկեմ, ուրեմն, Պատուիրակութիւնը դատաւոր ընել այս վերահրաւիրման. իսկ մենք, դադարի միջոցին, կրնանք անպաշտօն նիստեր գումարել թելադրութիւններ ընելու համար Պատուիրակութեան եւ կամ գալիք ծանր աշխատանքները դիւրացնելու համար:

Տիար Սայեան. Բոլորովին հակառակ եմ կրկին ժողով գումարելու Փարիզ: Երկրի թշուառ ժոդովուրդին քով մեծ աշխատանք կայ ընելիք: Կ՚առաջարկեմ միւս նստաշրջանը գումարել Հայաստանի մէջ, քանի որ արդի նստաշրջանը իր դերը կատարած է, այսինքն որոշ տիրէքթիւներով ընտրել նոր Պատոփրակութիւն եւ ձգել, որ անիկա դիւանագիտական աշխատանք կատարէ: Ուրեմն, եթէ պէտք կայ մնալ տակաւին մէկ-երկու ամիս եւ անկէ վերջ, անշուշտ աշխատանքը լրացնելէ յետոյ, ցրուիլ երկիրը եւ վերածնության գործին սկսիլ:

Տիար Տամատեան. Տիար Թէքէեանի յայտարարութիւններուն կատարելապէս համամիտ եմ: Բայց ես քիչ մըն ալ առաջ պիտի երթամ: Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը յայտարարեց, որ այս ժողովը, հրաւիրագրին տրամադրութեանց համեմատ, ութ արեւելահայ պատգամաւորներ պէտք էր ունենար, թէ քանի որ այս էական պայմանը լրացած չէ, ժողովը օրինաւորապէս կազմուած չի կրնար նկատուիլ. եւ սակայն, compromiss-ի մը շնորհիւ է, որ իբրեւ Ազգ. Համագումար ճանչցուեցաւ եւ իր նիստերը կը շարունակէ: Այս հայեցակէտին համաձայն չեմ եւ գայն անընդունելի կը գտնեմ, միանգամայն նաեւ վիրաւորիչ ժողովին արժանապատուութեան: Եթէ ժողովին մէջ արեւելահայեր չկան, այդ պակասին պատճառը մեր կամքէն բոլորովին անկախ է. անիկա առաջ եկած է Հայկական Հանրապետութեան մը կազմութեան պարագայէն, որ մեզի համար force majeure մըն է, թէեւ ուրախառիթ force majeure մը: Նոյնպէս այն պարագան, թէ տաճկահայ ժոդովուրդին կողմէ ութի տեղ վեց ներկայացուցիչ ունինք ոչինչ կը պակսեցնէ ժողովին օրինաւորութիւնէն: Արդարեւ, երբ Սեպտեմբերին Համագումարին հրաւիրագիրը պատրաստուեցաւ, պատերազմը վերջացած չէր, եւ թէ արեւելահայերուն, եւ թէ Տաճկահայաստանի հայութեան հետ յարաբերութենէ զրկուած էինք: Եթէ մինչեւ Համագումարին բացումը պատերազմը շարունակուած ըլլար, եւ այս իսկ պատճառով ոչ Տաճկահայաստանէն եւ ոչ Կովկասէն պատգամաւորներ չունենայինք, եւ միայն արտասահմանի պատգամաւորները հասած ըլլային, Պատուիրակութիւնը ի՞նչ պիտի ընէր. ժողովը պիտի բանա՞ր, թէ՞ պատգամաւորները իրենց տեղերը պիտի ղրկէր, յայտարարելով, որ ժողովը օրինաւորապէս կազմուած չէ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Պատգամաւորները իրենց տեղերը պիտի վերադարձնենք, եւ ասիկա Կովկասի ու Տաճկաստանի հայոց շահուն համար, քանի որ անոնք են, որ կը կազմեն հայութեան մեծամասնութիւնը:

Տիար Տամատեան. Այղպէս չպիտի ընենք, եւ ասիկա այնքան ճիշդ է, որ հրաւիրագրին մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ հայերու պատգամաւորներուն չհասնելու պարագային ժողովը ինք պիտի կարգէ պատգամաւորներ Երկիրը ճանչցող անձնատրութիւններէ: Հոս երկընտրանք մը կայ: Կամ այն է, որ այս ժողովը օրինաւոր է եւ կամ ոչ: Եթե օրինատր է, եւ ես կը պնդեմ, թէ օրինաւորութեամբ կը գումարոփ, ուրեմն կը գործէ կատարեալ հեդինակութեամբ: Իսկ եթէ օրինատր չէ ոեւէ compromis կամ Պատուիրակութեան կողմէ շնորհ մը չի կրնար զայն օրինատր