Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/391

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դարձնել: Այդ պարագային ժողովը չի կրնար գումարուիլ, ազգային հարցի մասին կարետր որոշումներ տալ, եւ ոչ ալ նոր Ազգ. Պատուիրակութիւն ընտրել: Այսչափը իբրեւ պատասխան Ազգ. Պատուիրակութեան:

Հիմա գանք երկրորդ կէտի մը: Ասկէ առաջ քանի-քանի անգամներ ժողովականների ոմանք պատգամատրներու այս կամ այն կերպ ընտրութեան մասին ակնարկութիւններ ընելով, միտեցան այս ժողովին օրինաւորութիւնը եւ ձեռնհասութիւնը կասկածի տակ դնել, բան մը, որ նոյնպէս ժողովին արժանապատուութիւնը վիրաւորելու բնոյթը ունէր, եւ որան դէմ ամէն անգամ բողոքեցի, վերջին անգամում պահանջելով նաեւ, որ Դիւանը այդպիսի ակնարկաթիւններ ընող պատգամաւորները իսկոյն ի կարգ հրաւիրէ: Դժբախտաբար, այդ ընթացքը տակաւին կը շարունակուի: Այսօր իսկ երկու ատենախօսներ մատնանիշ ըրին, թէ այս ժողովին մէջ նշանակովի կանչուածներ կան, թէ ժողովին կազմը հիւանդոտ է եւ այլն: Արդ, նշանակովի կանչուածներէն մէկը ես եմ: Համագումարի նախապատրաստական նիստերէն մէկուն մէջ ես ալ գտնուեցայ: Եկած էի միամտաբար, բայց տեսայ որ քուէի իրաւունք չունիմ եղեր: Անկէ վերջ ժողովին չմասնակցեցայ, անոր օրինաւորութիւնը չխանգարելու համար: Քիչ վերջը ինծի իմացուցին, թէ Ամերիկայէն առժւսմեայ պատգամաւոր ընտրուած եմ. չընդունեցի այդ առժամեայ պաշտօնը եւ չեկայ ժողովին: Տետոյ ժողովը զիս իբրեւ գործիչ հրաւիրեց մասնակ՛ցելու իր նիստերուն, ընտրուած պատգամաւորներու համահաւասար ձայնով: Պարտականութիւն համարեցի ընդունիլ այս հրաւէրը: Բայց անկէ ի վեր, ինչպէս ըսի, քանիցս ակնարկաթիւններ եղան, թէ ժողովը օրինաւոր չէ, որովհետեւ անոր մէջ նշանակովի հրաւիրուածներ կան: ժողովին օրինաւորութեան մասին, կ՛ուզեմ ես ալ նոյնքան նախանձախնդիր ըլլալով, եւ իմ մասիս անոր օրինաւորութիւնը վերահաստատելու մտածմամբ, իբրեւ նշանակովի, հետեւաբար ապօրէն կերպով հրաւիրուած մը ահա դուրս կ՛ելլեմ այս ժողովէն, դադրեցնելով իմ մասնակցութիւնս այսուհետեւ կատարուելիք աշխատութեանց եւ խորհրդակցութեանց:

Տիար Տամատեան այս յայտարարութիւնը ընելէ ետք, հակառակ ժողովականներու ընդդիմութեան եւ պնդումներում, մեկնեցաւ ժողովասրահէն:

Տիար Տամատեանի մեկնումէն վերջ, ժողովը, նկատելով որ այս խնդիրը բացուած է ամերիկահայ պատգամաւորներէն մէկուն կողմէ, նկատելով նաեւ, որ ժողովը ոչ մէկ վիրաւորիչ ընթացք ունեցած է նշանակովի պատգամաւորներու հանդէպ, որոշեց, որ Դիւանը ինքը Տիար Տամատեանը վերստին ժողովի հրաւիրէ եւ կարգադրէ այս խնդիրը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1. գ. 18, թթ. 64-69 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 16-րդ

12 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՇՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԻԱՐ ԲՐՕՖ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ժողովին անունով բարի գալուստ մաղթեց բարբարոս ճիրաններէ ազատած եւ երկար ճամբորդութենէ մը յետոյ նոր Փարիզ հասած, Միջագետքի պատգամաւոր Տիար Բրօֆ. Խաչատուրեանի, որ փոխադարձ շնորհակալութիւն յայտնեց: