Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/392

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

2. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏԻԱՐ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ

Կարդացուեցաւ Ազգ. Պատուիրակութեան մասնագէտ-խորհրդական Տիար Պասմաճեանի հրաժարագիրը:

ժողովը որոշեց Պատուիրակութեան ղրկել զայն:


3. Առաջարկութիւն հայկական դրօշակի մասին

Կարդացուեցաւ լոնտոնաբնակ[1] ազգայիններէն Տիար Միհրդատեանցի մէկ նամակը, որ ապագայ Հայաստանի ունենալիք պաշտօնական դրօշակի մասին առաջարկներ կը պարունակէր:

Որոշուեցաւ այս նամակը ղրկել Պատուիրակութեան, որ արդէն ուրիշ կողմերէ ալ հայ դրօշակի մասին գրեր ստացած ըլլալով, ամէնքը միասին ոաումնասիրութեան պիտի ենթարկէ:


4. ԴԻՄՈՒՄ ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Կարդացուեցաւ նամակ մը հայ մամուլի Փարիզի ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք կը խնդրէին ներկայ գտնուիլ Համագումարի նիստերում:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յայտնեց, թէ որոշուած է արդէն դռնփակ ընել նիստերը, բայց ժոդովին աշխատութեանց մեծ մասը արդէն լրացած ըլլալով, թէրեւս կերպով մը կարելի է գոհացում տալ մամուլին:

Տիար Բրօֆ. Խաչատուրեան շեշտեց, թէ ժողովուրդը որքան անձկութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ Համագումարի լուրերում, եւ առաջարկեց, որ իւրաքանչիւր նիստէ յետոյ Դիւանը հակիրճ զեկուցումներ տայ մամուլին:

Տիար Միքայէլեան առաջարկեց փոխել նախկին որոշումը եւ ընդունիլ մամուլի ներկայացուցիչները:

Տիար Թէրգիպաշեան ըսաւ, թէ օրինական չէ նախկին որոշում մը փոխել. Դիւանը կրնայ մամուլին հաղորդել հարկ եղած տեդեկութիւնները:

Տիար Չօպանեան յայտնեց, թէ համակարծիք չէ, որ մամուլին առջեւ դռները գոցուին, եւ առաջարկեց Համագումարի գոնէ վերջին մէկ քանի նիստերում ընդունիլ մամլոյ ներկայացուցիչները:

Որոշուեցաւ անխախտ պահել նախապէս տրուած որոշումը եւ ի հարկին տեղեկութիւններ տալ Դիւանին կոդմէ մամուլին, երբ սա դիմում ընէ:


5. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԽՆԴԻՐ

Կարդացուեցաւ Երուսաղէմէն հասած գիր մը, որ կը յայտնէր, թէ անիշխանութիւն կը տիրէ Հայոց Վանքին մէջ եւ թէ ազգ. հարստութեանց մատակարարութիւնը գոհացուցիչ չէ:

Տիար Բրօֆ. Խաչատուրեան դիտել տուաւ, թէ այս ժողովը չի կրնար այդպիսի խնդիրներով զբաղուիլ:

Տիար Հինդլեան հակառակ կարծիք յայտնեց եւ ըսաւ, որ այժմ ձեռնհաս պաշտօնական մարմին գոյութիւն չունենալով եւ հաղորդակցութիւնները դժուար ըլլալուն, մենք չենք կրնար աչքերներիս գոց անցնիլ ազգ. սեփականութեանց վերաբերող խնդրի մը վրայէն:

ժողովը այս խնդիրն ալ ուղարկեց Պատուիրակութեան, անոր թողլով կարեւորը տնօրինել:

  1. Պետք է ըլլայ «Լահէյաբնակ»: