Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/393

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

6. ԱԶԳ. ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒ0ԻՒՆ ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան կարդաց Իզմիրէն եկած հեռագիր մը, որ կը յայտնէր, թէ Տիար Նիքոթեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հանգանակութիւնը 150.000 ոսկիի յանգած է, եւ հրահանգ կը խնդրէր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս փոխադրելու է դրամը:

Այս հեռագիրը յանձնուեցաւ պիւտճէի խնդրով զբաղող յանձնաժողովին, որ պիտի որոշէ նաեւ այդ գումարին ծախսուելու եղանակը, նկատի ունենալով Միջագետքի. Ստանայի եւ այլն թշուառ վիճակը:

ժողովը յանծնարարեց Պատոփրակութեան Նախագահին, որ նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնէ նաեւ Համագումարին կողմէ:


7. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑ ՄԱՄՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳ.

ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

Գենետիկի Մխիթարեպնց պատգամաւոր Հ. Յովհ. Վ. Թորոսեան Ս. Ղազարու վանքին կողմէ 30.000 ֆր. Պատոփրակութեան հանգանակոլթեան գործին յատկացուած ըլլալուն վերաբերող զեկուցում մը ըրաւ, պարզելով այն բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, որոնց ենթակայ եղան վանքը եւ իր հաստատութիւնները աշխարհային այս մեծ պատերազմին հետեւանքով:

Տիար Տամատեան. Հայ ազգին անցուցած այս դժնդակ ժամանակամիջոցին մէջ մենք Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ մեծ ժէսթ մը սպասելու իրաւունք ունէինք: Բայց երբ նկատի առնենք այն կաշկանդիչ պայմանները, որոնց մէջ գտնուեցաւ ան, այս ըրածնին իսկ կարելի է ըսել հրաշք մըն է, որուն համար մենք երկիցս պէտք է շնորհակալ ըլլանք:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ. Ես ալ պարտք կը համարեմ ըսել, որ մեծ չափով կրած եմ Վենետիկի Միաբանութեան սքանչելի հանճարներուն ազդեցութիւնը: Անոնք մեզ ամէնուս սորվեցուցին մեր լեզուն, մեր մէջ վառ պահեցին ազգային զգացումը եւ զմեգ հայրենասէրներ դարծուցին: Փառաւոր ըլլան Մխիթարը եւ իր մեծ յաջորդները: Մաղթենք նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ հիմնուին Վենետիկեան Միաբանութեան դպրոցները:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յանուն Համագումարին շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան բազմարդիւն Միաբանութեան, անոր ղրկած այս նպաստին եւ իր դպրոցներու վերականգնումիս նպատակով ձեռք առած միջոցներուն համար, եւ յարեց, թէ ազգին փափաքը այն է, որ Մխիթարեանները միշտ եւ միշտ բարգաւաճին ու ընդարձակեն իրենց ազգօգուտ գործունէութիւնը եւ աւելի մեծ բաժին մը ստանծնեն մեր բազմաթիւ որբերու կրթութեան ու պահպանման կենսական գործին մէջ:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻԻՆ ՎՍԵՄ. ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ

ՓԱՇԱՅԻ

Ժողովը օրակարգի անցնելով, Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար հետեւեալ տեղեկատոտւթիւնը ըրաւ իր եւ Ազգ. Պատուիրակութեան նախորդ գործունէութեան մասին.

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 84-86: Ձեռագիր: Բնագիր: