Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/394

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամփոփ Տեսութիւն

Ազգային Պատուիրակութեան աշխատութեանց

Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշային կողմէ ներկայացուած

Հայ Ազգային Համագումարին

Փարիզ, 15 Մարտ 1919.

Պատերազմի չորս տարուան ընթացքին Ազգային Պատուիրակութեան կատարած աշխատութեանց տեսութեան սկսելէ առաջ, օգտակար կը դատեմ նախ, մէկ քանի խօսքով, յիշեցնել ձեզի այն բանակցութիւնները, որ Պատոփրակութիւնը կատարեց Մեծ Պետութիւններուն մօտ, 1912-էն 1914, Հայաստան բարենորոգումներ ներմուծելուն համար:

Ինչպէս գիտէք, Ռուսիան էր, որ նախաձեռնարկ եղաւ յիշեցնել Թուրքիոյ իր ստանձնած յանձնարարութիւնները նախ Սան Սթէֆանոյի եւ յետոյ Պերլինի դաշնադիրներով, հայկական գաւառներու մէջ բարենորոգումներ ներմուծելու համար:

Անմիջապէս համաձայնութիւն մը գոյացաւ Դաշնակից պետութիւններուն մէջ ոյժ տալու համար ռուսական կառավարութեան նախաձեռնութեան եւ որոշուեցաւ Մեծ Պետութիւններու Կ. Պոլսոյ դեսպաններուն պաշտօն յանձնել վերջնական ծրագիր մը մշակելու, հիմ բռնելով Հայոց Պատրիարքարանի մշակած ծրագիրը: Այս ծրագիրը Կ. Պոլսէն ինծի բերաւ Տ. Փափազեան, որ ոչ միայն միջնորդի դեր կատարեց, այլ նաեւ շատ օգտակար կերպով աջակցեցաւ ինծի: Դժբախտաբար, դեսպաններուն աշխատութիւնը բացայայտ ընդդիմութեան մը բախեցաւ Բ. Դռան կոդմէ, որ ուժգնապէս պաշտպանուած էր գերմանական կառավարութենէն ել յետոյ իր ցեղակիցներէն:

Այս ընդդիմութիւնը տեղի տուաւ երկայն եւ տաժանելի բանակցութիւններու, եւ Գերմանիոյ չարամտութիւնը այն աստիճան ջլատեց Ազգային Պատուիրակութեան գործը, որ ստիպուեցայ Պերլին երթալ աշխատելու համար բառնալ խոչընդոտները:

Պէտք է խոստովանեմ, որ Տ. Գիմմէրման, որուն դիմած էի իբր Արտաքին Գործոց Պետական Փոխ-Քարտուղար,- քանզի Տ. ժագով, Պետական Քարտուղարը, դեռ ձեռք չէր առած իր նախարարութեան գործերը,- բարեացակւսմօրէն վարուեցաւ, եւ ես երջանիկ եղայ զինքը համոզելու, թէ հայերու ի նպաստ պահանջուած բարենորոգումները օգտակար պիտի ըլլային նաեւ նոյնիսկ Օսմանեան կառավարութեան, քանզի անոնք պիտի բառնային խռովութիւնները եւ անկարգութիւնները' որոնք ուշ կամ կանուխ պետութիւններուն միջամտութեան տեղի պիտի տային: Քանզի այն ժամանակ Պալքանեան պատերազմի շրջանին մէջ կը գտնուէինք եւ բոլոր դիւանագէտները կը ջանային արգիլել, որ այդ բախումը ընդհանուր պատերազմ մը առաջ բերէ, ինչ որ Գերմանիան անգամ /անշուշտ ինքզինքը բաւական պատրաստ չզգալով մեծ պատերամի մը/, ջերմօրէն կը բաղձար խուսափիլ անկէ:

Տ. Գիմմէրման, համոզուած հայկական պահանջներուն անկեղծութեան եւ արդարութեան, իմ ներկայութեանս հեռագրեց իր Պոլսոյ դեսպանին, եւ նոյն վայրկեանէն սկսեալ Համաձայնական Պետութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպած դիմադրութիւնը դադրեցաւ: Այս կերպով, վերջապէս, համաձայնութիւնը գոյացաւ եւ 8 Փետրուար 1914-ին Բարենորոգումներու Որոշումնագիրը պարտադրուեցաւ Բ. Դռան, որ զայն ընդունեց:

Աւելորդ կը համարեմ հոս յիշեցնել ձեզի, թե ինչ բանէ կը բաղկանար, իր մանրամասնութիւններուն մէջ, այդ Բարենորոգումներու Որոշումնագիրը, որ այժմ սոսկ պատմական շահեկանութիւն մ՚ունի: Բայց եւ այնպէս այն ժամանակ երբ հայերն իրենց կեանքին եւ ինչքին համար միմիայն արդարութիւն եւ ապահովութիւն կը պահանջէին, գոհ եղան այդ բարենորոգումներէն,- որքան ալ անկատար ըլլային