Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/395

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անոնք.- յուսալով, որ իրենց համար այլեա խաղաղութեան նոր դարագլուխ մը պիտի բացուէր:

Այդ միջոցներում,- Պերլին ըրած ճամբորդութենէս վերջը,- Բեթրոկրատ գացած էի: Բնական է, թէ հոդ Տ. Սազոնոֆի կողմէ լավագոյն ընդունելութիւն մը գտայ, որովհետեւ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան վրայ էր, որ բարենորոգումներու ծրագիրը պատրաստուած էր: Ինծի յայտարարեց, որ կայսերական կառավարութեան հայոց հանդէպ հետեւած քաղաքականութիւնը այլեւս Լոպանոֆի եւ Կալիցինի քաղաքականութիւնը չէ եւ թէ ապահով կրնայի ըլլալ, որ ինքը կը նկատէր հայերը կայսրութեան ամէնաուղղամիտ եւ ամէնահաւատարիմ հպատակնիրէն մին: Կարծեմ շահեկանութենէ զուրկ չի պիտի ըլլայ յիշել, այդ օրէն ի վեր պատահած դէպքերուն պատճառաւ, որ Տ. Սազոնոֆ զիս գգուշացուց գերմանական կառավարութեան խարդախութիւննիրուն դէմ, որուն հանդէպ մեծ անվստահութիւն մը կը ցուցնէր:

Բ. Դուռը, հաւատարիմ իր աւանդական քաղաքականութեան, ջանաց կերպարանափոխել Բարենորոգումներու Որոշումնագիրը, զայն գործադրութեան դնելէ առաջ իսկ: Զայն քննելու պաշտօն յանծնեց Օսմանեան կառավարութեան իրաւագէտ խորհրդական Տ. Օսթրօրոկի, որ յաջողեցաւ ընդհանուր վերահսկիչներու պաշտօնի պայմանագիրներուն եւ Բարենորոգումներու Որոշումնագիրին կցուելիք կանոնագրութեան մէջ ներմուծել յօդուածներ, որոնք սահմանուած էին ջլատելու գործունէութիւնը ընդհանուր վերահսկիչներուն եւ մատնելու զանոնք գրեթէ անկարողութեան:

Ինչ որ ալ ըլլայ, նոր ձգձգումներէ վերջը երկու ընդհանուր վերահսկիչները,- որոնք պաշտօն ունէին բարենորոգումները գործադրելու,- անուանուեցան: Անոնք էին Քոլոնէլ Հոֆֆ եւ Տ. Վեսթենենկ:

Դեպքերը, դժբախտաբար, ցոյց տոլին, թէ որքան ընդունայն էին մեր յոյսերը: Բարենորոգումները դեռ չէին սկսած գործադրուիլ, երբ պատերազմը պայթեցաւ եւ Թուրքիա, որ թէպետ դեռ չէր մասնակցած պատերազմին, իսկոյն օգտուեցաւ առիթէն ոտնակոխ ընելու համար իր յանձնարարութիւնները եւ սկսաւ ջարդի եւ տեդահանութեան իր գործը:

Այն ժամանակ, 1915 Ապրիլին, Վեհափառ Կաթողիկոսը ինծի հեռագրեց Եգիպտոս, ուր վերադարձած էի, եւ զիս կրկին անուանեց իր լիազօր ներկայացուցիչը եւ նախագահ Եւրոպիոյ Ազգային Պատուիրակութեան:

Յաջորդ ամսոյն, 1915 Մայիսին, Տոքթ. Զաւրիէֆ Փարիզ հասաւ եւ ինծի յանձնեց յայաագիր մը, որ Թիֆլիսի Ազգային Պիւրոն պատրաստած էր ռուսական կառավարութեան հետ համաձայնութեամբ:

Այսպէսով, ւոեղեկացայ, որ Ֆրանսա Եւ Ռուսիա, Թուրքիոյ պատերազմի մտնելէն անմիջապէս վերջը, համածայնութիւն մը կնքած էին, որուն հետեւանքով, կանխատեսելով Օսմանեան կայսրութեան բաժանումը, Ֆրանսան ստացած էր Կիլիկիան, եւ Ռուսիան Կ. Պոլիսը, էրզրումի, Պիթլիսի եւ Վանի հայկական երեք գաւառներուն հետ: Բայց Ռուսիա, զղջալով այդ կարգադրութեան վրայ, կը մղէր հայերը պահանջել Կիլիկիան եւ մեզ կը խոստանար իր աջակցութիւնը ստանալու համար ինքնավարութիւն մը միացեալ վեց գաւառներու եւ Կիլիկիոյ համար:

Արդ, Կովկասէն ինծի բերուած յայտագիրը կը պարունակէր.

ա./ պահանջել վեց գաւառներու եւ Կիլիկիոյ համար ինքնավարութիւն մը սուլթանին անուանական գերիշխանութեան տակ.

բ./ խնդրել ինքնավար Հայաստանի համար ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ հաւաքական թեւարկութիւնը.

գ./ հրաժարիլ Եումուրթալըքի եւ Իսքէնտէրունի նաւահանգիստներէն Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կոդմէ ըլլալիք ընդդիմութենէ մը խուսափելու համար:

Ճիշդ այս միջոցներուն, ջարդերը, որոնց սոսկալի վայրագութիւնները, աւա՜ղ, ամէնքնիս գիտենք որպէսզի հարկ ըլլայ անոնց վրայ անդրադառնալ.- եթէ ոչ անգամ