Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/396

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մալ յարգանք մատուցանելու համար մեր մարտիրոսներուն յիշատակին,- այնքան մեծ համեմատութիւններու հասան, որ ջանքերս կեդրոնացուցի նախ զանոնք կասեցնելու համար ձեռք բերել Դաշնակից եւ չէզոք պետութիւններուն միջամտութիւնը: 1915 Մայիսին, Դաշնակից պետութիւնները, որ պատերազմին մէջ ըլլալով չէին կրնար, դժբախտաբար, գործնականապէս միջամտել, Բ. Դռան ուղղեցին հաւաքական յարտարարութիւն մը, որով թիւրք վարիչները անձնապէս պատասխանատու կը բռնէին հայոց վրայ կատարուած ոճիրներուն համար:

Այդ ժամանակ իմ բանակցութիւններս կը կայանային միայն պատրաստութիւններու մէջ, վասնզի Դաշնակից պետութիւնները կը մերժէին ոեւէ յանձնառութիւն մ առնել մինչեւ որ պատերազմը վճռական փուփ մը մէջ չմտնէր: Այսուհանդերձ, կրցայ ներկայացնել, 1916 Յունիսին, յիշատակագիր մը Տ. Տէլքասէի, որ շատ նպաստաւոր ընդունելութիւն մ ըրաւ անոր, եւ որովհետեւ Լոնտրայի մէջ ալ շատ համակրութիւն գտած էի մեր դատին համար, միեւնոյն յիշատակագիրը ներկայացուցի նաեւ անգլիական Արտաքին Գործոց Նախարարութեան:

Նոյն տարւոյն Հոկտեմբերին էր, որ Լոնտրա կանչուեցայ, ուր կը գտնուէր այն ժամանակ Տ. ժորժ Փիքօ, որ Սըր Մարք Սայքսի հետ Օսմանեան Կայսրութեան Փոքր Ասիոյ հողամասերուն գաղտնի համաձայնութիւնը պատրաստած էին: Այդ համաձայնութեան,- որուն ամբողջութեան տեղեակ եղանք յետոյ,- միայն Հայաստանի վերաբերեալ պայմանները ինծի հաղորդուեցան այն ժամանակ: Համաձայնութիւնը արդէն կնքուած էր: Կիլիկիան եւ հարաւային գաւառները Ֆրանսայի թողուած էին եւ Ռուսիան կը ստանար հիւսիսային գաւառները: Կատարուած իրողութեան մը առջեւ գտնուելով,- որուն վրայ այլեւս վերադառնալ անկարելի էր,- խնդրեցի, երբ տեսայ, որ, դժբախտաբար, Հայաստան երկուքի պիտի բաժնուէր, որ Կիլիկիոյ եւ վեց գաւառներուն շնորհուէր գէթ ինքնավարութիւն մը, ամէնալայն ձեւի մը տակ, եւ Ֆրանսայի թեւարկութեան տակ:

Անգլիական կառավարութեան հետ համաձայն, ֆրանսական կառավարութիւնը բացայայտ կերպով յանձնառու եղաւ ատոր, բայց պահանջեց, ւիոխարէնը, որ Ազգային Պատուիրակութիւնը կամաւորներ տայ օժանդակելու համար Հայաստանի ազատագրութեան եւ այդ կերպով նոր իրաւունքներ ձեռք բերէ Դաշնակիցներու աջակցութեան համար: Չէինք կրնար մերժել այս զինուորական օգնութիւնը, որ մեգմէ կը պահանջուէր մեր ինքնավարութեան փոխարէն: Բայց որովհետեւ ես չէի ծածկեր այն մեծ վտանգները, որ Հայաստանի այս զինեալ միջամտութիւնը ապահովաբար վտանգի մէջ պիտի դներ հայ բնակչութիւնը, զոր թիւրքերը իբր ճշմարիտ պատանդներ կը պահէին, եւ որոնց վրայ ի գործ պիտի դնէին փոխվրէժներ, հաւանեցայ կամաւորներու զինուորագրութեան համար կոչ մը ընել, բացորոշ կերպով պահանջելով, որ կանխազգուշական ամէնախիստ միջոցներ ձեռք պիտի առնուէին որպէսզի հայերը ուղղակի կերպով չմիջամտէին զինուորագրութեան գործին մէջ, որ պէտք էր ըլլար միմիայն ֆրանսական իշխանութեան նախաձեռնութեամբ եւ խնամքով: Իմ վախիս եւ խղճահարութեանս հիմնաւոր ըլլալը ճանչցաւ կառավարութիւնը եւ մեր կամաւորներու զինուորագրութեան համար տրուած բոլոր պայմանները ընդունուեցան եւ գործադրուեցան: Այն ժամանակ միայն կոչ մ ըրինք մեր Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի հայրենակիցներուն եւ կազմուեցաւ Արեւելեան Լեգէոնը, որ վերջէն անուանուեցաւ Հայկական Լեգէոն:

Պէտք է յիշատակեմ հոս, որ երկու Դաշնակից կառավարութիւններուն խորհուրդին վրայ, Ազգային Պատուիրակութիւնը հաղորդակցութեան մտաւ Սիոնական Քոմիթէի եւ արաբներուն հետ համագործակցելու համար: Մեր բարի համաձայնութիւնը, մանաւանդ Սիոնականներու հետ, օգտակաք եղաւ մեգի սիրաշահելու Անգլիոյ մէջ Պահպանողականներդ աջակցութիւնը, որ մինչեւ այն ժամանակ զլացուած էր: