Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/397

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ թուականէն է, որ կը սկսի այդ սկզբունքը ընդունուած թէ Ֆրանսայի եւ թէ Անգլիոյ կողմէ, ստեղծելու համար հայկական կառավարութիւն մը կատարելապէս ինքնավար:

Այս էր կացութիւնը 1916 տարտյն վերջերը: Այդ թուականէն սկսեալ Ազգային Պատուիրակութիւնը իր աշխատութխնները հետապնդեց վերոյիշեալ հիմերուն վրայ, աշխատակցութեամբ Վսեմ. Յովհաննէս Խան Մասեհեանի, որ այն ժամանակ միայն անպաշտօն կերպով մեզի միացած էր, Պարսկաստանի մէջ իր ունեցած դիւանագիտական դիրքը թոյլ չի տալով իրեն պաշտօնական յանձնառութիւն մընդունիլ: Քիչ յետոյ, 1917 Մայիսին, Տ. Մալքոլմ, որ թանկագին կերպով աջակցած էր ինծի Լոնտրա գտնուած միջոցիս, Վեհ. Կաթողիկոսին կողմէ Ազգային Պատուիրակութեան անդամ անուանուեցաւ, իմ աոաջարկութեանս եւ Անգլիոյ հայկական գաղութին նախաձեռնութեան վրայ:

Այսուհանդերձ, մեր բանակցութիւնները դանդաղած էին: Դաշնակիցները' պատերազմին իրենց տուած ծանր մտահոգութիւններով խորասուզուած, որուն ելքը այն ժամանակ շատ տարակուսելի էր, կը զգուշանային զբաղելէ Փոքր Ասիոյ խնդիրներով եւ ստանձնելէ օօրաւորագոյն յանձնառութիւններ Հայաստանի համար, որուն ճակատագիրը Դաշնակրցներուն յաղթանակէն կախուած էր:

Երկու դէպքեր վրայ հասան, որ այս կացութիւնը բոլորովին փոխեցին,

ա./ Ռուսական յեղափոխութիւնը (18 Մարտ 1917-ին), որ առաջին հարուած մը տուաւ 1916-ի համաձայնութեան, որուն մէկ պայմանադրող կողմը Ռուսիան էր. մինչդեռ յեղափոխական կառավարութիւնը կը հակառակէր ոեւէ կցումի.

բ./ Նախագահ Ռփլսոնի պատգամաւորներուն ազդեցութեան տակ Դաշնակիցներուն պատերազմի նպատակներում փոխուիլը, եւ յետոյ Միացեալ Նահանգներում պատերազմի մասնակցելու հետեւանքով 14 կէտերուն որդեգրումը:

Այլեւս թեւարկաթեան խնդիր չէր կրնար յարուցուիլ այնպէս ինչպէս որ կանխատեսուած էր 1916-ի համաձայնութեամբ. այդ համաձայնութիւնն արժէքազուրկ էր:

Ճիշդ է, որ աւելի վերջը, ֆրանսական եւ անգլիական երկու կառավարութիւնները, զգալով որ այլեւս չպիտի կրնային պահպանել 1916-ի համաձայնութիւնը, որոշեցին միահաղոյն յայտարարութիւն մը հրատարակել, որուն մէջ իւրաքանչիուրը, իրեն վերաբերեալ մասին համար խոստում կու տար ագատագրեալ ժողովարդներուն անոնց ապահովել ամէնալայն ինքնավարութիւն մը երաշխաւորելու համար անոնց ձերբազատումը եւ անոնց քաղաքակրթութեան զարգացումը:

Այդ յայտարարութեամբ կ՚ակնարկուէր միմիայն պարզ աջակցութիւն մը, բայց նոյնիսկ այդ ծեւին տակ 1916-ի համաձայնութիւնը Հաշտութեան Վեհաժողովին կողմէ այլեւս չէր կրնար ընդունուիլ:

Այս պայմաններում մէջ, Ազգային Պատուիրակութիւնը, մեկդի դնելով Հայաստանի բաժանման ոեւէ գաղափար, չվարանեցաւ կրկին պահանջել ինքնավար Հայաստանի մը կազմութիւնը, բոլոր Թրքահայաստանի հողամասերէն, այսինքն Կիլիկիայէն եւ վեց գաւառներէն բաղկացած:

Եւ իրաւապէս այս էր, որ պահանջեցինք իմ 24 Մայիս 1917-ի Յիշատակագիրովս, ուր վերադառնալով Դաշնակիցներու հաւաքական պաշտպանութեան մեր պահանջին, խնդրեցինք, միեւնոյն ժամանակ, Հաշտութեան Վեհաժողովին յանձնել առժամանակեայ յանձնառութիւն մը պետութիւններէն մէկուն օգնելու Հայաստանին, իր վերաշինութեան գործին մէջ: Հոս պէտք է ի վեր հանել որ հաւաքական պաշտպանութիւնը, զոր մենք կը խնդրէինք պետութիւններէն, ոեւէ կապակցութիւն չունէր քոնտոմինիումի մը հետ, զոր մենք չենք փափաքիր եւ որուն հակառակած էին նաեւ դիւանատունները, այն բազմաթիւ անպատեհութիւններուն համար, որ կը բղխին այդ տեսակ ռեժիմէ մը, մանաւանդ այն դժբաղդ փորձէն ի վեր, որ