Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/398

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կւստարուեցաւ Եգիպտոսի մէջ: Հաւաքական պաշտպանութիւնը, զոր մենք կը խնդրէինք կը կայանար միայն երաշխաւորել Հայաստան դոլրսէն գալիք ամէն յարձակումներու դէմ: Ատկից զատ կը պահանջէինք, որ յանձնառու պետութիւնը հարկադրուած ըլլայ նոր հայկական կառավարութեան ընելու փոխառութիւն մը, երաշխաւորեալ պետութխններոլն կողմէ, անկախաբար պատերազմէն վերջը Թուրքիայէն պահանջուելիք վնասուց հատուցման ֆոնտէն:

Այդ ժամանակէն ի վեր Ազգային Պատուիրակութեան յայտազիրը փոփոխութիւն մը միայն կրեց, երբ Ազգերու Դաշնակցութիւն մը ստեղծելու գաղափարը յղացուեցաւ: Դաշնակիցներու հաւաքական պաշտպանութեան տեղ,- ինչպէս պահանջած էինք մինչեւ այն ժամանակ,- մենք պահանջեցինք ղրուիլ Ազգերու Դաշնակցութեան երաշխաւորութեան տակ, այն պարագային երբ այդ Դաշնակցութիւնը ստեղծուեր:

Հոս պիտի յիշեմ Ազգային Պատուիրակութեան երեք կարեւոր ձեռնարկները, կատարուած վերջին Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն մէջ:

Երբ դէպքերուն գահավիժելուն հետեւանքով, Թուրքիան, անձնատուութեան հարկադրուած, զինադադար մը խնդրելու վրայ էր, մենք Դաշնակիցներէն խնդրեցինք, Հոկտեմբեր 8-ին, զինադադարի որոշումնագիրին մէջ մտցնել մասնաւոր պայմաններ Հայաստանի վերաբերեալ, պայմանադրելով.

ա/ ներգաղթը տեղահաններու եւ գաղթականներու, Դաշնակից զորախումբերու պաշտպանութեան տակ եւ գրաւումը վեց գաւառներու եւ Կիլիկիոյ ռազմական ամէն կէտերուն.

բ/ արգելումը օսմանեան կառավարութեան կազմակերպելու այդ գաւառներուն մէջ թիւրքերու գաղթականութիւնը.

գ/ միջոցներ ձեռք առնել սովամահ հայ բնակչութեան գոյութիւնը ապահովելու եւ երկիրը վարչապէս կազմակերպելու Դաշնակից զօրախումբերու կողմէ:

Դժբախտաբար, անգլիացի ծովակալի մը յանձնուեցաւ կնքել զինադադարը, որ ամէնէն առաջ նկատի առնելով իր նաւատորմին վերաբերեալ պայմանները, նկատառութեան չառաւ մեր պահանջները:

Հետեւաբար, երբ զինադադարի բնագրին պարունակութիւնը մեզի յայտնի եղաւ, Ազգային Պատուիրակութիւնը բողոքեց իր 7 եւ 12 Նոյեմբեր թուակիր նամակներով, ուղղուած բոլոր Դաշնակիցներուն, եւ կրկնեց այն պահանջը, որ ըրած էր 29 Հոկտեմբերին, ճանչնալու համար հայերը իբր պատերազմիկ: Այս պահանջագիրին ոյժ տուաւ Ֆրանքօ-Հայկական Ընկերակցութեան Հանձնաժողովը այցելութեան մը միջոցին, որ ըրինք միասին Քէ տ՚Օրսէ: Կարեւոր է ծանօթացնել, որ այս տեսակցութեան միջոցին Տ. Բիշոն ճանչցաւ, որ, յիրաւի, հայերը գործնականապէս պատերազմիկներ եղած էին: Արձանագրեցինք այս յայտարարութիւնը եւ նորոգեցինք միեւնոյն ժամանակ մեր խնդիրքը ընդունուելու համար Հաշտութեան Վեհաժողովին մէջ (այդ խնդիրքը կանխապէս ներկայացուցած էի արդէն Տ. Քլեմանսոյին եւ նոյնիսկ Տ. Բիշոնի): Առանց բացայայտ խոստում մը ընելու, նախարարը խոստացած էր մեզի ոյժ տալ մեր խնդրանքին: Բայց նկատելով, որ ոեւէ նպաստաւոր պատասխան մը չէր հասներ եւ Հաշտութեան Վեհաժողովի բացման թուականը կը մօտենար, Ազգային Պատուիրակութիւնը որոշեց, վերջին 30 Նոյեմբերին, հաղորդել բոլոր Դաշնակից եւ ընկերակից պետութիւններուն Հայաստանի անկախութիւնը:

Հիմնուելով այս հաղորդագրութեան վրայ, Ազգային Պատուիրակութիւնը կրկնեց իր խնդիրքը ընդունուելու համար Հաշտութեան Վեհաժողովին մէջ եւ Տ. Բիշոնէն եւ նախագահ Ուիլսոնէն ապահովութիւն ստացաւ, թէ միայն սկզբունքի խնդիր մը կ՛ընդդիմանար անոր, վասնզի Հայաստան դեռ կազմուած տէրութիւն մը չէր:

Նախագահ Ուիլսոնի նամակը մասնաւորապէս բարեացակամ էր եւ մեգի կը խոստանար, թէ ոչ միայն մենք պիտի հրաւիրուէինք ներկայացնելու մեր պահանջները