Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/399

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հաշտութեան Վեհաժողովին, այլ նաԵւ մեր շահերը հոն պիտի պաշտպանուէին այն հոգածութեամբ, որով պիտի կրնային պաշտպանուիլ երբ մենք անոր մաս կազմած ըլլայինք:

Վերադառնալով մեր յայտագիրին, մենք կրնայինք, բնականաբար, պահանջել անոր իրագործումը միմիայն Թուրքիոյ հողամասերուն համար, որովհետեւ մենք գրեթէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ոեւէ հաղորդակցութիւն չունէինք Կովկասի մեր հայրենակիցներուն հետ եւ անկարելիութեան մէջ էինք գիտնալու իրենց տեսակէտները: Անոնց նկատմամբ մեր գործունէութիւնը միմիայն սահմանափակուած էր Դաշնակիցներու մօտ կատարուած ստիպողական դիմումներու մէջ, խնդրելով առաքումը դրամական ձեռնտուութեան եւ ուտեստի, մանաւանդ զինուորական օգնութեան մը Միջագետքի անգլիական բանակին կոդմէ: Մեզի եղան բացայայտ խոստումներ, դժբախտաբար առանց արդիւնքի:

Ինչպէս ըսի, անոնց հետ հաղորդակցութեան մէջ չըլլալով, կանգիտանայինք անոնց քաղաքական յայտագիրը, հետեւաբար չէինք կրնար խօսիլ անոնց անունով: Եւ մեր ուրախութիւնը մեծ եղաւ, երբ Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութեան ժամանումով, իմացանք Տ. Ահարոնեանէն, որ Կովկասի մեր եղբայրները մեզի հետ կատարելապէս համաձայն էին, միեւնոյն յայտագիրը կը հետապնդէին եւ կը պահանջէին, մեզի պէս, սերտ միութիւնը Թուրքիոյ եւ Կովկասի ամբողջ հայկական հողամասերուն' կազմելու համար միակ Հայաստան մը, դրուած Ազգերու Դաշնակցութեան երաշխաարութեան տակ, յանծնառու պետութեան մը աջակցութեամբ:

Ինծի համամիտ պիտի ըլլաք, որ մեր ազգին պատիւ կը բերէ հաստատելը, թէ Կովկասի հայերը կղզիացած ըլլալով հանդերձ եւ առանց մեզի հետ խորհրդակցելով համաձայնութեան մը յանգելու, ազգային պահանջներուն մէջ կատարելապէս համաձայն գտնուած են իրենց Թուրքիոյ եղբայրներուն հետ:

Այս կապացուցէ մեր ինքնածին ազգային զգացումը, որուն համար իրաւունք անինք հպարտանալու, որ գմեզ ամէնքիս հաւասարապէս կ՚ոգեւորէ եւ զմեզ միշտ կը միացնէ. որքան ալ իրարմէ հեռու եւ բաժնուած ըլլանք:

Այսպէսով է, որ կրցանք, կատարեալ համաձայնութեամբ ստորագրել եւ ներկայացնել, Տ. Ահարոնեանի հետ միասին, մեր Յիշատակագիրը Հաշտութեան Վեհաժողովին:

Տ. Ահարոնեան բացատրեց Հայկական Հարցը Կովկասի մէջ իր մանրամասնութիւններով, մինչդեռ ես բացատրեցի այն ամէնը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ հայկական հողամասերուն: Երկուքնիս ալ հաստատեցինք մեր կատարեալ համաձայնութիւնը մեր պահանջներուն մէջ ամբողջական Հայաստանի մը մասին, կագմուած ռուսական եւ թրքական երկու Հայաստաններու միացումով, եւ այն լուծունին մէջ որ մեր կը խնդրենք մեր դատին համար:

Եզրակացնելու համար, պարզած այս արագ տեսութենէս կը հետեւի, որ Ազգային Պատուիրակութեան հետապնդած յայտագիրը, զոր վաւերացուցիք զայն մտցնելով Հաշտութեան Վեհաժողովին ներկայացուած Տիշատակագիրին մէջ, կրնայ ամփուիուիլ այս երկու կէտերուն մէջ.

Ազատում թրքական լուծէն,

Ամբողջական Հայաստան մը, դրուած Ազգերու Դաշնակցութեան երաշխաւորոլթեան տակ, ժամանակաւոր աջակցութեամբ յանձնառու պետութեան մը:

Եւ կը կարծեմ, Տիարք, որ Ազգային Պատուիրակութիւնը կրնայ ինքզինքը շնորհաւորել հաստատելով, որ այսօր Հաշտութեան Վեհաժողովին մէջ հաւաքուած դիւանագէտները,- որ մեզի պէս միեւնոյն խնդիրը լուծելու կոչուած են, ոչ թէ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիայէն ազատագրուած բոլոր ազգերու խնդիրները,- մեզի պէս միեւնոյն լուծումիս յանգած են: