Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/400

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այս յայտագրին առաջին կէտը թրքական լուծէն ազատումը, կատարուած իրողութիւն մըն է:

Գալով երկրորդ կէտին, գիտենք, որ Հաշտութեան Վեհաժողովը մօտերս արտայայտուեցաւ այս մասին, գերմանական գաղթավայրերու եւ Օսմանեան Կայսրութեան ճակատագիրերու մասին ասած որոշումներովդ:

Ան որոշեց, որ Թուրքիայէն ազատուած ազգերը Ազգերու Դաշնակցութեան երաշխատրութեան տակ պիտի դրուին, յանձնառու պետութեան մը աջակցութեամբ, որ պատասխանատու պիտի ըլլայ Ազգերու Դաշնակցութեան:

Ուրեմն, մեր յայտագիրին գործադրութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, ապահովուած է, հետեւաբար ես, իմ մասիս, պաշտօնս լրացած կը նկատեմ: ճիշդ է, որ կը մնայ դեռ յանձնառու պետութեան անուանումը, բայց Հաշտութեան Վեհաժողովը ի մօտոյ մեզ խորհուրդ պիտի հարցնէ անոր ընտրութեան մասին եւ պիտի լուծէ այս խնդիրը մեր ամէնոա տալով,- ինչ որ կը յուսանք,- կատարեալ գոհացում:

Պօղոս Նուպար

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց, 1, գ. 26, թթ. 5-20: Ձեռագիր: Բնագիր:

Նիստ 17-րդ

13 մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, ժամը 5- ին, 30 անդամներու ներկայութիւնով:

Օրակարգ

Ա. ժողովին Իրաւասութեան եւ Ծրագրի Յանձնախումբին բերած նախագծին քննութիւնն ու վաւերացումը:

Բ. Խաղաղութեան Համաժողովին ներկայացուած Յիշատակագրին վաւերացումը եւ տարբեր կարծիքներու արձանագրութիւնը:

Օրակարգին անցնելէ առաջ Պ. Միքայէլեան Ամերիկայի պատգամատրութեան կողմէ հետեւեալ զեկուցումը կընէ, այս պատերազմի ընթացքին ամերիկահայութեան կատարած դերի մասին /զեկուցումը տեսնել ստորեւ/:

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԳՐԱՒՈՐ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

17 Փետրուար 1919.

Փարիզի Հայ Ազգային Խորհրդաժողովին.

Յարգելի հայրենակիցներ,

Ամերիկահայ պատգամաւորութիւնը, ընտրուած մօտ 100 000 հայ գաղթականութեան կողմէ, իր պարտականութիւնը կը համարէ համւսռօտ զեկուցում մը ներկայացնել ձեզի գաղութի հայութեան, անոր քաղաքական նպատակներու եւ կատարած դիւանագիտական աշխատանքներու համար, եւ յոյս ունի, որ այս կերպ կատարած կ՚ըլլայ իր պարտքն ու միաժամանակ նպաստած Խորհրդաժողովի աշխատանքներում:

Այս աշխատանքի կարեւորութիւնը կը շեշտուի նաեւ այն պատճառով, որ ամերիկահայ գաղութը եղած է եւ է ամէնաբազմամարդն ու զոհաբերողը եւ,