Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/401

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հետեւաբար, յոյս ունի, որ դուք լուրջ եւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէք իր տեղեկութիւններուն եւ անկէ բղխած կարծիքներուն: Այդ հաււստքն ունինք նաեւ այն պատճառով, որ այդ գաղութը պատրաստ պիտի ըլլայ մեր ազգային բաղձանքները իրականացնելու համար նպատակայարմար եւ ներդաշնակօրէն ընտրուած մարմնին օժանդակելու:

Ընդհանուր տեսութիւն.

Ըսինք արղէն, որ մեր գաղութն ունի մօտ 100 000 հայութիւն ցրուած Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Քանատայի: Տասնեակ տարիներու ընթացքին, հոն հաւաքուած են հազարաւոր հայեր, Հայաստանի բոլոր նահանգներէն եւ գաւառներէն եկած եւ մեծ մասով կը զբաղուին գործարանային աշխատանքներով, արհեստներով, երկրագործութեամբ եւ վաճառականութեամբ: Հակառակ անոր, որ հայերը գտնուած են օտար մթնոլորտի մէջ Եւ անծանօթ եղած են տեղական լեզուին կրցած են դիզել որոշ հարստութիւն, ստեղծել լաւ դիրք, ինչպէս նաեւ շարունակել ազգային կուլտուրական կեանքը:

Ամերիկահայութիւնն իր ծոցին մէջ կրցած է ստեղծել բազմաթիւ ազգային- հասարակական հիմնարկութիւններ, ունենալ հարիւրատր ուսանողներ, պահել Բարեգործական Ընկերութիւնն ու շատ մը ուսումնասիրաց-կրթասիրացներ, որբախնամներ եւ այլ բարենպատակ հաստատութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւններ, լուսաւորչական եւ բողոքական եկեղեցիներ, հարիւրատր գլիւպներ եւ գրադարաններ, 12-էն աւելի պարբերական հրատարակութիւններ /որոնց մէջ օրաթերթ մը/, կրթել հազարաւոր մանուկներ մայրենի լեզուով եւ գրականութեամբ, խոշոր թիւով հայրենակցական միութիւններ եւ իր ամէնօրեայ հրապարակային բացատրական ժողովներով ալ վառ պահել ազգային հայրենասիրական զգացումները:

Ան իր մէջ ունեցած է եւ ունի նշանատր բժիշկներու եւ բրօֆէսէօրներու խմբակ մը, որ ամերիկեան համալսարաններու մէջ իբր դասատու են եւ իրենց գործունէութեամբ ալյարգուած տեղացի ել օտարազգի հասարակութեան կողմէ:

Քալիֆորնիոյ շրջանին մէջ ալ հայերը կարեւոր դիրք կը գրաւեն: Այնտեղի հայերու մեծամասնութիւնը երկրագործութեամբ կը զբաղի եւ բացառաբար խաղողի արտադրութեամբ: Չամիչի 1/3-ը միայն հայերու ձեռքով կը պատրաստուի եւ ամէնալաւ մշակուած հողերը մեր հայրենակիցներու չարքաշութեամբ եղած են: Հոն հայ գիւղաքաղաք մը կայ Եղեմ անունով, որու փոսթայի կառավարիչը, ղատաւորն ու ոստիկանները հայեր են ել այղ պատիւ կրնայ բերել իրենց:

Այնտեղի հայութխնն ունեւոր է: Միլիոնատէրերու կողքին դուք կը գտնէք տասնեակներով հայեր, որոնք հարիւր հազարներու տէր են: Աշխատաւորութիւնն ալ իր գրպանին մէջ դրամ ունի եւ այդ այն պատճառով, որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին ան հնարատրութենէ զուրկ եղած է Երկիր դրամ ուղարկել: Նիւթական այղ ապահով վիճակն ունենալէ զատ անոնք, յատկապէս աշխատատրութիւնը, ունին նաեւ զոհաբերելու աննման յատկութիւն ել այղ է գլխաւոր պատճառը, որ միշտ ալ ամերիկահայութիւնը արձագանգ տուած է ազգային բոլոր կարիքներուն եւ այն ալ լիառատ կերպով:

Պատերազմի տարիներ.

Հայ ժողովուրդի վիճակը մեզի, ինչպէս նաեւ ուրիշ գաղութներու հայերուն, խորապէս ցնցած է եւ մենք միշտ պատրաստ եղած ենք երեք գլխաւոր ուղղութեամբ աշխատելու, դրամական, մարտական եւ Հայկական Հարցի բրոբականտի:

Դրամական.

Այդ ուղղութեամբ խոշոր դեր խաղցած է ամերիկահայութիւնը: Ամէնալայն չափով եւ առատ կերպով մասնակցած է ազգային բնոյթ կրող բոլոր հանգանակութիւններուն: Կովկասեան ճակատի փառաւոր եւ յիշատակելի