Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/402

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շարժումներուն ատեն, երբ հայութեան որոշ մասն իր ոաերուն վրայ կը տանէր գործին ծանրութիւնը, մեր գաղութը Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի միջոցաւ մէկ միլիոն ֆրանք տեղաւիոխեց Ազգային Բիւրոյին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Այդ ատենները գոյութիւն ունեցող Ազգային Պաշտպանութեան Միութիւնն ալ /բաղկացած քաղաքական միւս 3 կուսակցութիւններէ, լուսաւորչական- բողոքական եկեղեցիներէ եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէ/ մօտ 1/2 միլիոն ֆրանք փոխադրեց ազգային զանազան կարիքներում բաւարարութիւն տալու համար: Երբ Հայաստանի բազմաթիւ վայրերէն փախստականներու խումբեր լեցուեցան Կովկաս եւ հնարաւորութիւն կար դրամ փոխադրելու հոն ապաստանածներուն, Ամերիկայի անոնց ազգակիցները մէկ միլիոն ֆրանքի չափ օժանդակութիւն հասցուցին թեթեւցնելով ազգային մարմիններու բեռը:

Հայ Ազգային Միութեան կազմութենէն ի վեր /երկու տարի/ երկու անգամ հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ եւ 5 /հինգ/ միլիոն ֆրանքի գումար մը հաւաքուելով Ազգային Պատոլիրակութեան միջոցով յատկացուեցաւ կամաւորներուն, փախստականներուն եւ դիւանագիտական աշխատանքներում: Եթէ աւելցնենք ասոնց վրայ բազմաթիւ ուսումնասիրացներու, հայրենակցական միութիւններու, Հ. Բ. Ը. Միութեան, կանանց միութիւններու, Հ. 3. Դ., Կարմիր Խաչերու եւ որբախնամներու հաւաքած ու գործադրած գումարները, մենք ապահովաբար կրնանք ըսել, որ այս չորս տարուայ ընթացքին ամերիկահայութիւնը զոհաբերած է մօտ 8 միլիոն ֆրանք հայ ազատագրութեան համար:

Մարտական.

Մեր գաղութը բաւականացած չէ միայն դրամական օժանդակութեամբ, այլ եւ իր կեանքն ու արիւնը տրամադրած է հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքի ազատութեան համար: Կովկասեան ճակատի կամաւորական շարժման ատեն մեր գաղութի տմէնէն լւսւ, կենսունակ ու վառվռուն երիտասարդներէն մօտ 1300 հոգի գացին, որոնցմէ ոմանք նահատակուեցան կռուի դաշտին վրայ եւ իրենց արեամբ սրբագործեցին մեր դատը: Կիլիկեան կամաւորական շարժման ատեն, որ յետոյ Արեւելեան Լեգէոն անունն ստացաւ եւ գեներալ Ալէնպիի հրամանատարութեան տակ դրուեցաւ, 1200 հոգի ամերիկահայերէն, մոռցած ամէն ինչ, թողած ապագան եւ հարստութիւն, վագեցին կռուի դաշտ ել Արարայի բարձունքներուն վրայ իրենց հերոսական դիմադրութեամբ մեր ցեղի մարտական հոգին Երեւան բերին, եւ, այդպիսով, իրենց վրայ ինկած սրբազան պարտականութիւնը կատարեցին: Դաշնակից պետութիւններու զանազան բանակներու մէջ ալ, յատկապէս քանատական, շատ ամերիկահայեր կամաւոր արձանագրուեցան եւ 5000 չափ ալ ամերիկեան բանակի մէջ հայ գինուորներ մտան, որոնց մէկ մասը Ֆրանսայի մէջ քաջաբար դիմադրեց թշնամիին եւ կռուեցաւ Դաշնակից պետութիւններու միջոցաւ, տառապած հայութեան ազատութեան համար: Այդպիսով, մենք իրաւունք կունենանք յայտարարելու, որ մեր գաղութը մօտ 2500 կամաւոր եւ 5000 ալ զինուոր տուած է այս պատերազմին ընթացքին եւ, այդպիսով, թէ դիմադրած է թշնամիին եւ թէ մարզուած ապագայ անկախ Հայաստանի մէջ համապատասխան պարտականութիւններ կատարելու:

Դիւանագիտական.

Տալով բաւակւսնաչափ դրամ եւ երիտասարդութիւն մեր գաղութը կրցած է նաեւ առաջ տանիլ Հայկական Հարցի բրոբականտը եւ այդ ուղղութեամբ ալ, մանաւանդ վերջին ժամանակներս, խոշոր աշխատանքներ կատարած է: Ամէնէն առաջ հրատարակած է երկու օրկաններ անգլերէն լեզուով. The New Armenia եւ Armenian Herald, որոնք կրցած են իրենց վրայ ծանրացած աշխատանքը լաւ կերպով տանիլ: Ազգային Միութեան միջոցաւ հրատարակած եւ ձրիաբար ցրած ՛է քանի մը պրօշիւրներ, Տիկ. Փափազեանի The Tragedy of Armenia, Տոքթ. Փաստրմաճեանի Why Armenia Should Be Free, ինչպէս նաեւ ձրիաբար ցրած է նշանաւոր հայասէրներու