Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/403

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հրատարակութիւններ ճէյմս Պրայսի The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire, Օր. Ալիս Պլաքուէլի Armenian Poems եւ ուրիշներ: Հիմնած է յատուկ բրէս- պիւրօ, որու միջոցաւ խոշոր շարժում առաջ բերած է եւ կրցած է հիմնել Հայաստանի անկախութեան համար աշխատող 75-նոց կոմիտէ մը, որու մէջ կը մտնեն ճերարտ ամերիկեան նախկին դեսպան Պերլինի մէջ, Պրայան արտաքին գործոց նախկին նախարար, Հիւզը Ռիփապլիքըն Կուսակցութեան նախագահական նախորդ թեկնածուն, Կարտինալ Կիպպընս, Քոլումպիայի համալսարանի նախագահ Նիկոլայ Բըդլըտ, Փարիզի նախկին դեսպան Հերրիկ, 37 նահանգապետներ, Ռաբբի Ուայզ, Տոքթ. Պարտըն, Տոքթ. Տիթ. Քլիվլընտ, նաեւ ուրիշներ: Վերջերս նախագահ Ռփլսոնին հետաքրքրեցնելու համար հայկական անկախութեամբ, հետեւեալ քայլերն առնուած են.

Ա. 50 000-ի չափ խնդրագրեր /մօտ 2 միլիոն ստորագրութեամբ/, ամերիկեան քաղաքացիներու կողմէ եւ Հայաստանի ամբողջական անկախութիւնը շեշտող:

Բ. 25 000 եկեղեցիներու կողմէ, նոյն իմաստով, խնդրագիր տրուած է նախագահին;

Գ. Ամերիկեան 48 ։ նահանգներէն 32-ի օրէնսդրական մարմիններն իրենց պաշտգնական նիստերուն մէջ անցուցած են համապատասխան բովանդակութեամբ բանաձեւեր:

Դ. Նոյնիմաստ գրութիւն մը ներկայացուած է նաեւ Ամերիկայի բոլոր համալսարաններա նախագահներէն:

Գրատր եւ բերանացի բրոբականտն ալ մոռցուած չէ եւ այդ ուղղութեամբ խոշոր աշխատանք կատարուած է: Հայերու նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկացի բարեկամներու օժանդակութեամբ կազմակերպուած Են նաեւ հայկական նպաստի օրեր նախագահ Ռւիլսընի յատուկ արտօնագրի հիման վրայ:

Դիւանագիտական աշխատանքներ կատարուած են Ազգ. Պատուիրակութեան ցուցմունքներով եւ անոր հետ եղած սերտ կապակցութեամբ եւ Պ. Միհրան Սվազլըի միջոցաւ. որ Ազգ. Պատուիրակութեան ներկայացուցիչն է եւ Ամերիկեան Հայ ազգային Միութեան ատենապետը: Վերջին շարժումներուն մեծապէս նպաստած է նաեւ Կաթողիկոսի յատուկ պատուիրակ մը Փաստրմաճեան, որ իր օգտաշատ գործունէութեամբ արժանի է ուշադրութեան:

Ամերիկահայութեան ապագայ դերը.

Անցեալի եւ ներկայի գործանէութենէն դուրս ամերիկահայութիւնը խոշոր դեր ունի կատարելիք եւ ապագային: Իբր անմիջական անհրաժեշտութիւն, պէտք է յայտարարել, որ առաջին իսկ պատեհութեամբ մօտ 15-20 000 հայեր պատրաստ են Երկիր վերադառնալ: Երկրորդ տարին ալ նոյնքան թուով կարելի է փոխադրել, եթէ միայն մեր երկիրը բոլորովին ազատ ել ապահով ըլլայ ու մենք մեր ազգային կառավարութեան դրօշին տակ կարողանանք մնալ: Գոյութիւն ունեցող ամերիկահայութեան 80%-ը պատրաստ է Հայրենիք վերադառնալ, եթէ անձնագրային դժուարութիւններ չըլլան եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը չպակսի: Այնտեղէն հնարաւոր է անմիջապէս հարիւր հազարաւոր ֆրանքներ տեղափոխել Կովկասի, Պաղտատի, Հալէպի, Պոլսոյ եւ այլ շրջաններու համար իրենց ազգակիցներուն կողմէ, եթէ միայն այս Խորհրդաժողովը եւ կամ Ազգ. Պատուիրակութիւնը յատուկ եւ լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն փոխադրութեան միջոցներուն վրայ: Վերադառնալու պատրաստ հայրենակիցներուն մեծ մասը երիտասարդներ են, աշխատանքի վարժուած եւ պատրաստ վերաշինութեան համար: Անոնք իրենց հետ կրնան Երկիր տանիլ բաւական խոշոր գումար եւ փորձառութիւն: Այդ ուժ մ՚է, որու օգտագործումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի վերաշինութեան: Եթէ ընդունինք, որ վերադարձող աշխատատրոլթենէն /ընդունինք մօտ 60 000/ ամէն մէկը 500 տոլար կը