Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/404

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տանի, որ ըսել է 30 միլիոն տոլաբ եւ կամ 150 միլիոն ֆրանք, այն ատեն միայն կրնանք ճշգրտօրէն պատկերացնել ամերիկահայութեան դերն ապագային:

Եթէ ատոնց հետ միատեղ վերադառնան անմիջապէս նաեւ խոշոր եւ միջին վաճառականներ, այն ատեն Հայաստանի վերաշինութեան գործը կը դիւրանայ եւ երկիրն իր առաջին օրերուն մէջ հնչուն դրամ կունենայ:

Հայութեան այդ խոշոր գաղթավայրն իր վերադարձի ատեն կը տանի հարիւրաւոր արհեստաւորներ, որոնց պէտքն այնքան զգալի է մեր քանդուած եւ աւերակ դարձած երկրի համար: Մենք կունենանք նաեւ բազմաթիլ ինթելիկէնթ ոյժեր ճարտարապետներ, մեքենագործներ, բժիշկներ եւ իրաւաբաններ, որոնք յաջող եւ լաւ կառավարութեան ձեռքին մէջ յոյժ օգտակար կրնան ըլլալ:

Այս բոլոր տեղեկութիւններն հաղորդելէն վերջ, երբ տեսնուեցաւ որ ամերիկահայ գաղութը լիուլի կատարած է իր դերը, մենք խորապէս համոզուած ենք, որ Փարիզի Հայ Ազգային Խորհրդաժողովը լրջօրէն պիտի վերաբերուի նաեւ մեր ազգային-քաղւսքական առաջարկներուն եւ պիտի ջանայ, գոնէ ասկէ վերջ ըլլալիք խնդիրներուն մէջ, որոշ նպատակայարմարութեան եւ համագործակցութեան համար ընդառաջ գնալ մեր բաղձանքներուն:

Քաղաքական մեր պահանջները, որոնց մէկ մասն արդէն ընդունուած է Խորհրդաժողովիդ կողմէն, իր մէջ կը պարունակեն ամբողջական Հայաստանի անկախութիւնը: Ատոնց մէջ կարեւոր եւ անհրաժեշտ կէտը, որ ամերիկահայ ընտրողներուն մեծամասնութեան հաւատքն է, Հայաստանի Հանրապետութիւնն իբրեւ կորիզ ընդունիլն է Միացեալ, Անկախ Հայաստանի: Այս կարեւոր կէտը ժողովիդ կողմէն անուշադրութեան մատնուած է եւ մենք այդ առթիւ առ այժմ կը յայտնենք մեր խորունկ ցաւը: Մենք բոլորս պիտի փորձենք եւ գործնական օժանդակութիւն բերենք հայկական այդ կառավարութեան, որ ունի իր բառլամէնթը, բանակը Ել նախարարական կազմը: Եւ արդէն մինչեւ այսօր արտասահմանի պատասխանատու մարմիններով այդ ուղղութեամբ քայլեր չառնելը յոյժ քննադատելի երեւոյթ է եւ խոշոր սխալ: Աւելի ամփոփ ըլլալու համար պատրաստ ենք մեր փլաթֆորմն ամբողջովին ներկայացնել:

1. Ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս իրաւապէս /տէ ֆաքթօ եւ տէ եիւրէ/ հայկական կառավարութիւն եւ ճանչնալ զայն որպէս կորիզ Միացեալ, Անկախ Հայաստանի:

2. Պահանջել Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը Պատմական Հայաստանի երեք հատուածներով /Ռուսահայսատան, Տաճկահայաստան ել Պարսկահայաստան/, Կիլիկիայով եւ Տրապիզոնով միասին:

3. Հայաստանի անկախութիւնը պիտի ըլլայ առանց քոնթրոլի, ունենալով իր սեփհական պետական կազմը, Ազգային Խորհրդարանով եւ բանակով երաշխաւորուած Ազգերու Ընկերութեան կողմէ:

4. Տալ անկախ Հայկական Հանրապետութեան այնպիսի կառավարական ձեւ մը, որ հիմնուած ըլլայ աշխատաւորական-ռամկավարական սկզբունքներում վրայ, որպէսզի դասակարգային հակընդդէմ ոյժերու սուր պայքար Երեւան չգայ մեր Հայրենիքին մէջ եւ արգելք հանդիսանայ բնականոն զարգացման:

5. Պահանջել մեր ֆիզիկական եւ նիւթական կորուստներու ամբողջական հատուցումը տեւտոն դաշնակիցներէն, Դաշնակից պետութիւններու միջոցաւ:

6. Անմիջական եւ կտրուկ միջոցներով ազատել թրքական հարէմներէն եւ որբանոցներէն հայ կանայք եւ որբեր, եւ յանձնել զանոնք ազգային մարմիններու հոգատարութեան:

7. Պահանջել պատժումը հայկական սարսափներու բոլոր պատասխանատուներուն, իբրեւ եղեռնագործներ, յանուն մարդկային արդարութեան գաղափարին: