Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/405

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այլեւայլ նպատակներում հասնելու համար մենք պարտաւոր ենք համերաշխաբար գործելու եւ միասին, ծեռք-ձեռքի տուած, շարունակելու սկսուած գործը:

Մեր քննադատութիւնները ո՛չ մէկ նպատակ ունին քանդելու, այլ շտկելու եւ իրական արդիւնքներու հասնելու: Եւ մենք համոգուած ենք, որ այս ժողովը, որքան ալ թերի ընտրուած ըլլայ, պարտականութիւն մ՚ունի կատարելու եւ այն ընդհանուր համագործակցութեամբ եւ միասնաբար:

Այս յուսով է, որ մենք կը կարծենք, թէ գոնէ ասկէ վերջ, Ազգային Պատուիրակութեան ընտրութեան ատեն, մենք կարոդ կ՛ըլլանք իրար ըմբռնել եւ ընտրել մարմին մը, որուն մէջ կը մտնեն փորձառու եւ Հայկական Դատի տեսակէտէն վստահելի անծնաւորութիւններ: Այդ եւ նման համագործակցութեան ատեն է միայն, որ ամերիկահայ գաղութը կարող կ՚ըլլայ ամբողջութեամբ իր ոյժերը տրամադրել նորընտիր Ազգային Պատուիրակութեան:

Մ. Համբարձումեան
Զ. Մաթիկեան
Ա. Միքայէլեան

ՀԱԱ, ֆ. Պ- 430, ց. 1, գ. 25, թթ. 1-32: Ձեռագիր: Բնագիր:

Պ. Նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ամերիկայի հայութեան, որ այնքան խղճմտօրէն իր պարտականութիւնները կատարած է Ա. Ազգային պէտքերուն համար կարեւոր գումարներ ժողվելով, Բ. Ամէնաբուռն խանդավառությամբ քանի մը հազար կամաւորներ տալով եւ Գ. Մեծ աշխատանք թափելով Հայկական Դատի բրոբականտի համար: Իսկ գալով Ամերիկայի հայութեան ներկայացուցած Հայկական Հարցի գլխաւոր կէտերուն լուծման պահանջին, ամերիկահայ պատգամաւորներ ընդ բաւականին տեղեակ չըլլալով իրաց կացութեան, չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կարգի արգելքներ կան մեր փափաքներում ամբողջական իրականացման դէմ:

Այնուհետեւ Պ. Նախագահը կանդրադառնայ Համաժողովի ձեռնհասութեան մասին յայտնուած կարծիքներու եւ կը խնղրէ, որ միանգամընդմիշտ աւելորդ ակնարկութիւններ եւ [ասքեր տեղի չունենան, միշտ կէտ նպատակի ունենալով ազգին գերագոյն շահերը: Այս աշխարհաւեր պատերազմէն յետոյ նոյն ցրուեալ եւ տարաբաղդ վիճակին մէջ ուր կը գտնուի հայ ազգը, դժուար էր, եթէ ոչ անհնարին, աւելի օրինաւոր ժողով մը կազմակերպել: Այժմ ընդհանուրին աչքը հոս է ել յոյսը մեր վրայ, հետեւաբար հիմա ժողովին հեղինակութիւնը բարձր պահելու է: Տարբեր մտածումներ այս մասին կրնան մեծապէս վնասել ազգին կենսական շահերուն:

Պ. Նախագահը յետոյ ուրախութեամբ կը զեկուցանէ, որ Իզմիրի հայ գաղութը մէկ հաւաքման մէջ 150 000 հարիւր յիսուն հազար ոսկի ժողված է:

Ի վերջոյ անդրադառնալով Պ. Տամատեանի հրաժարման, կը յայտնէ, որ շատ աշխատած է զինքը համոզելու, բայց Պ. Տամատեան անդրդուելի մնացած է: Դեռ կը յուսայ սակայն, որ Պ. Տամատեան իր որոշումը պիտի փոխէ, ըստ որուն ոչ մէկ ժողովական ուզած է զինք վիրաւորել եւ Պ. Տամատեան ալ ըսած է բարեկամի մը, թէ ինք գոհացած պիտի ըլլայ, եթէ ժողովը որոշէ որ այլեւս չպիտի խօսի նշանակովի պատգամատրներու մասին:

Պ. Չօպանեան անճիշդ կը գտնէ Պ. Տամատեանի այս ժողովին հանդէպ բռնած ԴԻՐՔԸ, քանի որ ժողովին կողմէ անարգական ոչինչ կատարուած է նշանակովի անղամներու դէմ եւ ժողովը ինքն իսկ է, որ որոշած է այդ անդամները: Ինքն ալ կը միանայ Պ. Նախագահի կարծիքին, որ երբեք չպէտք է մանրացնել Համաժողովին հանգամանքը եւ կը վերջացնէ այսպէս. «Ինչպէ՚ս կարելի է աշխատիլ փոքրացնել ժողովին հեղինակութիւնը, երբ նկատի առնենք, որ ամէն կողմէ եկած ներկայացուցիչներէն զատ, այս ժողովին կը մասնակցին նաեւ Կովկասեան