Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/406

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հանրապետութեան պատուիրակները, Կաթողիկոսին կոդմէն նշանակուած Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշան եւայլն»:

Պ. Շանթ. Սկզբունքի խնդիրը եւ ազգային շահու խնդիրը կը շփոթոփն: Մենք ինքներս ենք կանչեր այդ հրափրովի անդամները, որ իրենց օգնութիւնը բերեն մեզ: Բայց ես ընդհանրապէս խօսած եմ, որ այս ժողովը չունի համազգային ժողով ըլլալու հանգամանքը, որպէսզի միացեալ կառավարութիւններ ստեղծէ եւայլն, եւ ես շեշտած եմ, որ մեր ժողովին գլխաւոր հեղինակութիւնը որոշումները համաձայնութեամբ եւ համերաշխութեամբ անցընելէն պիտի գայ: Ահա թէ ի նչ է մեր ըսածը եւ ոչ թէ այս կամ այն անձին ուղդուած անարգանքներ:

Պ. Նախագահ. Եթէ աչքերնուս առջեւ բերենք, որ մէկ միլիոն զոհ տուած ենք, այն ժամանակ բոլոր խնդիրներու մէջ ալ համաձայնութիւնը կը տիրէ եւ այս ժողովը կը կարենայ օզտակարապէս գործել:

Պ. Մաթիկեան, իբրեւ բացատրութիւն, կ՚ըսէ, որ ամերիկահայ պատգամաւորներ իրենց հարցերով երբեք մէկը չեն ուզած վիրաւորել: Մեր տեսակէտը եղած է միշտ, որ այնքան ատեն, որ ժողովը ծառայէ ազգային ընդհանուր շահերուն, այնքան ատեն մենք կանգնած կ՛ըլլանք անոր կողքին, մեր գաղութին բոլոր միջոցներով:

Նոր եկող պատգամաւորներու ըրած զեկուցման մասին խօսք կ՚ըլլայ եւ ժողովականներէն շատեր կը յայտնեն, թէ իրենք ալ իրենց տեղի զեկուցումը պիտի ընեն որպէսզի արձանագրոփ:

Պ. Փափազեան կառաջարկէ նաեւ վաւերացուած արձանագրութիւնները տպել տալ, որպէսզի ուզողը իր ձեռքը ունենայ: Ապա ժողովը օրակարգի կ՛անցնի եւ խօսքը կը տրուի Պ. Փաւիազեանին, որ դեռ անցեալ նիստին ձայն ուզած էր եւ որ իր ըսելիքներուն միայն գլխաւոր մէկ կէտը կը յիշէ անցեալ անգամ յարուցուած քոմբրոմիս ընելու խնդրին շուրջ:

Պ. Փափազեան. ճիշդ է, մենք Յանձնաժողովին մէջ քոմբրոմիսներ ըրած ենք, բայց գիտակցութեամբ: Օրինակ, ես ինքս ինծի համար կրնամ ըսել, որ անձնական խղճի հանդարտութեամբ կատարած եմ ատոնք, որովհետեւ անոնք նպատակ ունեցած են միայն ժողովուրդին շահը, քոմբրոմիսներ ընդհանրապէս ըրած են Վսեմ. Նուպար Փաշա ժողովին հանդէպ, ժողովը Պօղոս Փաշային, հոսանքներ իրարու, բայց ասիկա շեղում չէ, նոյնիսկ պատուաբեր է, որովհետեւ մեր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած պարտականութեան գիտակցութիւնը ցոյց կու տայ:

Պ. Չօպանեան. ժողովին ձեռնհասութեան եւայլն խնդիրը շատ կարետր է, եւ այս առիթով է, որ քոմբրոմիս բառը Երեւան եկած է: Ընտրութիւնները ինչպէս ալ կատարուած ըլլան, այս կամ այն թերութիւններն ունենան, իմ կարծիքս այն է, որ այս ժողովը օրինաւոր է, այլապէս այսքան պատասխանատու գործեր յանձն չպիտի կրնար առնել եւ կատարել: Եւ արդէն օրինաւոր չըլլալը ապացուցող առարկութիւններն ալ անհիմն են, քանի որ այն երկու դէմքերը, որ ամբողջ արեւելահայութիւնը կը ներկայացնեն, լիակատարօրէն մեր գործակիցներն են, անոնցմով ամբողջ Հանրապետութիւնը կը մասնակցի այս ժողովին եւ ոեւէ խնդիր չանցնիր առանց անոնց խորհրդակցութեան:

Պ. Նախագահը հարց կու տայ, թէ տրդեօք ժողովականները դխրութիւն ունի՞ն հոս սպասելու մինչեւ Հայկական Հարցի վերջնական լուծումը եւ կամ ցրուելէ յետոյ նորէն կարելիութիւն ունի՞ն վերահաւաքուելու:

Պ. Միքայէլեան. Երկու պարագայ կայ, կամ այն է, որ Խաղաղութեան Վեհաժողովը պիտի լուծէ մեր խնդիրը մեր ուզածին պէս եւ կամ այն է, որ Խաղաղութեան Վեհաժողովի լուծումը մեր բաղձանքներում համեմատ չպիտի ըլլայ: Արդ, առաջին պարագային, այս ժողովը այստեղ գումարուելու բնաւ պէտք չունի, հոն է, երկիրը ահագին աշխատանք կայ ընելիք եւ մենք հոն ժողովուրդին քով է, որ պիտի ըլլանք: Իսկ երկրորդ պարագային, ամերիկահայ գաղութին կարծիքը այն է, որ պէտք է