Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/407

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այս երկրորդ ժողովը նորէն Երկիր գումարել. սկսիլ բարլամենթական ընտրութիւններուն, հռչակել միացեալ կառավարութիւն եւ անկախաբար մեգի համար տրուած որոշումէն գործել: Արդ, ես կ՚առաջարկեմ ալ չերկարել այս ժողովը, վերջացնել շուտով աշխատանքները եւ Երկիր փոխադրոփլ ուր հաշիւ ունինք տալու մեզ ընտրողներուն:

Պ. Չօպանեան. Ոմանք կը կարծեն, որ Խաղաղութեան Վեհաժողովը կրնայ ամիսներ տեւել, իսկ ես համոզուած եմ, որ առ առաւելն մէկ ամիսէն կը լրանայ, այնպէս' որ ես ցրուիլը ոչ-գործնական կը նկատեմ: Մենք արդէն հազիւ 15 օրէն կարողանանք լրացնել ծրագիրը, որ ունինք մեր ժողովին համար, իսկ մնացած օրերուն մէջ, Հայաստանի կառավարական կազմերու եւ այլ խնդիրներ մշակելու համար կ՛ընտրենք քոմիսիոններ, եւ երբ Պատոփրակութիւնը վերջնական որոշումը իմանայ ու Համագումարը նիստի հրաւիրէ, թերեւս հարկ կըլլայ 2-3 նիստի, որմէ յետոյ կրնանք ցրուիլ:

Պ. Բարսեղեան. Երկու կողմերը լաւ պարզաբանուած չեն: Ես կը կարծեմ, որ այս ժողովը իր նիստերը պիտի գումարէ այնքան ատեն, որքան դեռ աշխատանք ունի ընելիք: Մենք մնանք թէ }է Պատոփրակութիւնը իր ընել կրցածը պիտի ընէ, իսկ որոշումը յայտնուած օրը ինչո՜ւ նիստ գումարենք անպատճառ, որոշումը հանդիսաւորապէ՞ս իմանալու համար միայն: Ես կ՚առաջարկեմ, որ ժողովը իր աշխատութեան ծրագիրը լրացնելէ յետոյ թուական մը որոշէ, օրինակ մինչեւ Ապրիլ 15, որու ընթացքին կրնայ ապագայ Հայաստանին վերաբերեալ խնդիրներուն նախապատրաստական աշխատանքները կատարել: Եթէ մինչեւ այդ թուականը որոշումը չյայտնոփ. Համագումարը կը ցրոփ:

Տոքթ. Սայեան. Կա՛մ Համագումարը իր ունեցած ծրագիրը ամբողջովին պիտի վերջացնէ, եւ կա մ դադարէ մը յետոյ պիտի շարունակէ լրացնել իր կիսատ թողուցած ծրագիրը: Ես առաջինին համամիտ եմ: Մենք եկած ենք հոս մեր ծրագիրը լրացնելու եւ յետոյ երթալու ժողովուրդին մէջը, ուրկէ ծնունդ առած են մեր աշխատանքները եւ հոն իրականացնելու հոս մեր տուած որոշումները: Եթէ օրինակ ժողովը ժամանակ մը որոշէ հոս կենալու, դարձեալ կրնամ համաձայն ըլլալ, բայց ինչպէ՜ս կենանք այստեղ անորոշ ժամանակներով: Եթէ ատիկա մեր ընտրած Պատոփրակութենէն հաշիւ առնելու համար է. պէտք չկայ, թող Փաշան Երկիր գայ մեզի համարատուութիւն ընելու համար: Եթէ մեր ժողովուրդը հոն կրնայ ապրիլ, մենք ալ հոն պէտք է ապրինք եւ մեր 30 հոգիին համար ալ տեղ կայ ահագին Երեւանեան Հանրապետութեան մէջ: Արդ, ես կ՚առաջարկեմ վերջացնել մեր առջեւ դրուած ծրագիրը եւ վերջապէս կարելիութիւն տալ բոլորիս երթալ Երկիր եւ աշխատիլ:

Պ. Մաթիկեան. Մենք չենք կրնար կանխատեսել Խաղաղութեան Վեհաժողովին որոշումը տալու օրը: Հետեւաբար, կ՚առաջարկեմ մեր աշխատանքները լրացնելէ յետոյ պայմանաժամ մը որոշել որմէ յետոյ, առաջին նիստին, ժողովը ինք կորոշէ իր դիրքը: Ես բոլորովին աւելորդ կը տեսնեմ մեր կողմէ ընտրուած եւ մեր վստահութիւնը վայելող Պատուիրակոլթեան կողքին, վերահսկիչ մարմնի մը գոյաթիւնը:

Պ. Փափազեան. Հիմա միտքս գաղափար մը Եկաւ, որ ժողովին ուշադրութեան կը յանձնեմ իր հում վիճակին մէջ: Արդեօք աւելի յարմար չէ՜, որ ժողովը իր ծրագիրը վերջացնելէ յետոյ, քոմիսիոն մը կազմէ, որ պատրաստէ այն ծրագիրը, որով Հայաստանի մէջ ընտրությունները պիտի կատարուին եւ կառավարութիւնը պիտի հիմնուի: Մենք ցրուելէ առաջ կը քուէարկենք այդ կանոնները ու Պատոփրակութիւնը տպուած կը ղրկէ ամէն կողմ ուր հայ կայ, եւ, որոշեալ թուականին, ընտրութիւնները կը սկսին, այնպէս որ երբ Խաղաղութեան Վեհաժողովը իր վճիռը տուած կ՚ըլլայ մեր մասին, մենք արդէն հոն կանոնատր ընտրուած մարմին մը կ՛ունենանք, որ կարելի է համարել ժամանակաւոր կառավարութիւն, կամ ծրագրող մարմին, կամ կովկասյանին հետ միանալով բարլամենթ եւ այլն: