Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/408

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Շանթ կ՚առաջւսրկէ քուէարկութեան դնել 1-2 շաբաթ առաջ իր մէկ տուած բանաձեւը, որ իր հիմնական միտքերէն մէկը կը պարունակէ, այսինքն կեդրոնական կառավարութիւն ստեղծելու խնդիրը: Կը պատասխանոփ, որ Պ. Շանթ ինք եւս ըլլալով անդամ այն յանձնաժողովին, որ կազմած է այս ծրագիրը, չկրնար երկու տարբեր բանաձեւեր ներկայացնել:

Պ. Տէր-Ստեփանեան դիտել կու տայ, որ Յանձնախումբին բերած բանաձեւէն յետոյ, բանաւոր չէ ուրիշ ծրագիրներ կամ բանաձեւեր ներկայացնել, քանի որ մենք արդէն վիճաբանելէ յետոյ այս խնդիրներուն շուրջ Յանձնախումբին ձգած էինք մեր բոլորիս ալ մտքերը միացնող միջին առաջարկ մը գտնել: Այժմ մենք կրնանք փոփոխել այդ առաջարկը եւ ո չ նորեր ներկայացնել, այլապէս ես ալ իմս կու տամ:

Ամեն. Դուրեան Սրբազան. Ես ոչ մէկ ամանտըճան կ՚ընդունիմ եւ կը ցաւիմ, որ մեր Յանձնաժողովին անդամները, փոխանակ իրենց բերած եզրակացութեան շուրջ համաձայն ըլլալու, նոր ամանտըմաններ կառաջարկեն: Իսկ գալով ժողովի տեւողութեան խնդրոյն, եթէ նոյնիսկ ժողովը որոշումը տայ առանց Խաղաղութեան Վեհաժողովին վերջնական վճիռը իմանալու ցրուիլ, ինծի կը թուի, թէ ներկայացուցիչ ժողովականներ չեն կրնար ընել այդ առանց զիրենք ղրկողներուն կամքն հարցնելու եւ նկատի առնելու:

Ապա քուէարկութեան կը դրոփ Յանձնաժողովին բերած բանաձեւը /տես Յանձնախումբին բերած նախագծին մէջ/, որ 20 ձայնով կընդունուի, ինչպէս նաեւ Տոքթ. Սայեանի հեւոեւեալ առաջարկը, որ միայն 5 ձայն կը շահի.

«Համագումարը կը շարունակէ իր նիստերը առանց երկարատեւ դադարի, կը վերջւսցնէ իւր աշխատութիւնները եւ կը փակուի: Եթէ յառաջիկային, հաշտութեան վերջնական որոշումներէն յետոյ, երբ Հայաստանի սահմանները նշանակուած կ՛ըլլան եւ եկած կըլլայ վայրկեանը կազմակերպելու հայկական պետական վարչութիւնը եւ պէտք կըլլայ նոր ժողով գումարել. այդ ժոդովը պէտք չէ Փարիզ գումարել, այլ Հայաստանի մէջ /Տաճկահայաստան կամ Հայկական Հանրապետութեան մէջ/»:

Քուէարկութեան կը դրոփ նաեւ Պ. Հանըմեանի հետեւեալ առաջարկը, որ միաձայնութեամբ կը մերժուի.

«Համագումարը իր նիստերը դադրեցնելէ յետոյ կը փոխադրուի Երկիր այնտեղ գործադրելու համար իր տուած որոշումները, երկրի վերակազմութեան, ներգաղթի եւայլն գործերու մասին, եւ մանաւանդ հսկելու համար ընտրական այն նոր գործողութիւններու վրայ, որոնցմէ պիտի բղխի սահմանադիր ժողով մը կամ խորհրդարան մը»:

Իրաւասութեան եւ փրոկրամի ծրագրին քննութիւնը վերջացած ըլլալով ժողովը կ՛անցնի օրակարգի երկրորդ խնդրոյն Յիշատակագրին վաւերացումը եւ տարակարծիք եղողներու դիտողութեանց արձանագրութիւնը:

Տոքթ. Սայեան. Ոեւէ ասիսթանսի հակառակ եմ:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. Ես մեր ներկայացուցած Յիշատակագրին դէմ քուէարկեցի հետեւեալ երկու գլխաւոր պատճառներով.

Ա. Յիշատակագիրը միեւնոյն ատեն որ կը պահանջէ Հայաստանի անկախութիւնը, այդ անկախութիւնը խաբուսիկ կը դարձնէ, խնդրելով, որ Ազգերու Միութեան կողմէ խնամակալ պետութիւն մը կարգուի Հայաստանի վրայ, քսան տարուան շրջանի մը համար: Պատուիրակութիւնը այս ձեւով ներկայացնելով Հայկական Խնդրի լուծումը նկատի ունեցած է այն ահաւոր դժուարութիւնները, որոնց պէտք է յաղթէ Հայաստան կազմակերպուելու համար եւ որոնց արագ ու ապահով հարթումին պայման է խնամակալութեան շրջան մը: Ըմբռնելով հանդերձ այն մեծ դժուարութիւնները, որոնք Հայաստանի առջեւ կը ցցուին, համոզուած ըլլալով հանդերձ օտար օգնութեան բացարձակ անհրաժեշտութեան, ես հակառակ եղայ մեր ազգային պահանջներու այդ կերպ բանաձեւումին շարք մը նկատումներով, որոնք ահաւասիկ իրենց գլխաւոր կէտերուն մէջ.