Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/409

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Օտար օգնութիւնը անհրաժեշտ է Հայաստանին, բայց ոչ անպատճառ այն կազմակերպուած ձեւով, զոր Պատուիրակութիւնն ընդգրկեց, կարծելով, որ առանց ինքզինք կազմակերպուած խնամակալութեան ենթարկելու Հայաստան պիտի չկարենար գտնել տնտեսական, կազմակերպական եւայլն օգնութիւններ, ագատ ընւորութեամբ եւ պարագայ առ պարագայ: Ես համոզուած եմ, որ Հայաստան կրնայ ամէն տեսակ օգնութիւն գտնել, մանաւանդ Ամերիկայի մէջ, առանց իր վրայ հրաւիրելու կազմակերպուած խնամակալութիւն մը, որ իր անկախութեան վրայ պիտի ճնշէ իբր նոր լուծ մը, որուն հետեւանքները աննախատեսելի այսօր, կրնան ճակատագրական դառնալ Հայաստանի բաղդին համար, եւ որուն ժամանակաւոր ըլլալն առեղծուածային պիտի ըլլայ եթէ խնամակալութիւնն Ամերիկայի չյանձնուի:

2. Խնամակալութեան այդ ծեւը, զոր Պատուիրակութիւնն ընդգրկեց ճիշդ այն է, զոր պետութիւնները յղացան քօղարկելու համար Գերմանիոյ ափրիկեան գաղութներում եւ Թուրքիոյ զանազան մասերու կցումը գաղափարական կեղծ շղարշով մը: Միայն այն պարագան, որ այդ ձեւը ստեղծուած է ափրիկեան գաղութներու խնամակալութեան համար, եւ յետոյ տարածուած Սուրիոյ, Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Պաղեստինի պարագաներուն, պէտք էր մեզ խրտչեցներ անկէ, որովհետեւ հայ ազգը եւ իր դատը դասաւորել այդ ցեղերուն եւ իրենց վիճելի դատերուն կարգին, սրբապղծում է:

3. Մեր Յիշատակագրին մէջ պէտք էր պահանջէինք միմիայն Ազգերու Միութեան հաւաքական խնամակալութիւնը եւ ինքգինքնիս հռչակէինք չէզոք ազգ, մեզի վերապահելով ապագային մասնաւոր, պարագայ առ պարագայ, համաձայնութիւններ կնքել մեր լաւագոյն դատած պետութիւններուն հետ, Հայաստանի պէտք ունեցած օգնութիւններուն համար:

4. Մէկ պետութեան մասնաւոր խնամակալութիւնը խնդրելով մեր դատը դրած եղանք, Վեհաժողովի տեւողութեան միջոցին, շատ դժուար հողի մը վրայ, քանի որ անոր շուրջ մենք մեր ձեռքով ստեղծած եղանք քաղաքական նախանձներու եւ խաղերու մթնոլորտ մը, մանաւանդ որ պահանջած էինք, որ խնամակալ պետութեան ընտրութեան մէջ մենք ալ ձայն ունենանք: Մինչ մենք կրնայինք բաց ճակատ մեր իրաւունքները պաշտպանել ոեւէ պետութեան դէմ, եթէ պարզապէս մեր անկախութեան հարցը դրած ըլլայինք, նոյն բանը չենք կրնար ընել խնամակալ պետութեան ընտրութեան շատ փափուկ խնդրին մէջ: Այս անտեղութեան փայլուն ապացոյցն է այն պարագան, որ Ֆրանսա մը Կիլիկիայի վրայ դրած պահանջին ընդառաջ կ՚երթայ առաջարկելով մեզի լուծել այդ խնդիրը, իբր թէ հայերու ի նպաստ, ընդունելով ֆրանսական խնամակալութիւնը ամբողջ Հայաստանի վրայ:

5. Պատուիրակաթիւնը խնամակալութեան այդ ձեւը իր ընդգրկելուն իբր հիմնական պատճառ կը ներկայացնէ հաւաքական տիրապետութեան յառաջ բերած անպատեհութիւնները Եգիպտոսի եւ Քոնկոյի մէջ: Այս պատճառաբանութեամբ ան ընդունած կըլլայ, որ մասնաւոր խնամակալի դրութիւնը պարզապէս օտար տիրապետութիւն մը պիտի յառաջացնէ Հայաստանի վրայ, այն միակ առաւելութեամբ, որ հաւպքական տիրապետութեան անպատեհութիւններէն զերծ պիտի ըլլայ ան: Քանի որ մեր խնդրած խնամակալութիւնը ոչինչով պէտք է նմանի տիրապետութեան սիսթէմին, ոչ մէկ պատճառ կայ, որ հաւաքական տիրապետութեան ներկայացուցած անպատեհութիւնները հաւաքական խնամակալութիւնն ալ ներկայացնէ, եթէ ճիշդ է որ, ինչպէս Պատուիրակութիւնը կը հաւատայ, խնամակալութիւնը չպիտի նուագեցնէ մեր ներքին անկախութիւնը:

6. Խնամակալութեան այդ կազմակերպուած կերպը բանաձեւելով Յիշատակագրին մէջ, Պատուիրակութիւնն ի նկատի ունեցած է ամերիկեան խնամակալութիւնը: Բայց Յիշատակագրին խմբագրուած օրերուն մէջ ո չ մէկ կերպով ապահովուած էր, եւ այսօր ալ չէ դեռ, ամերիկեան կառավսւրութիւնը: Մեր պահանջները յոյսերու վրայ բանաձեւելոլ իրաւունքը չէինք կրնար ունենալ: