Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/410

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մանաւանդ որ խնամակալութիւնը Ամերիկայի չտրուելու պարագային Հայաստանի դատը դրուած կըլլար, մեր իսկ ձեռքով, գաղթային քաղաքականութեան ճանկերուն մէջ, քանի որ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա խնամակալութիւնը colonization-ի քօղարկուած ձեւ մը նկատած են եւ կը շարունակեն նկատել:

Երկրորդ պատճառ. Պաստփրակութիւնը էական չնկատեց Հայաստանի ապագային համար եւ քաղաքական հողին վրայ անկարելի դատեց պահանջել թիւրքերու արտաքսումը Հայաստանէն ի փոխան նոյնիսկ հայերու արտաքսումիս Թուրքիայէն, եւ կամ գէթ թիւրքերու զրկումը քաղաքական իրաւունքներէ Հայաստանի մէջ: Ես համոզուած եմ, որ մեր ամէնէն աւելի սարսափելի դժուարութեան ցեղային հարցի արմատական լուծումը մենք կրնայինք պահանջել եւ ընդունիլ իբր դոյզն հատուցում մեր միլիոնաւոր սիրելիներու նահատակումիս: Որչափ ալ դժուար ըլլար այս հարցի լուծումը ընդունիլ տալը, մենք պէտք էր այժմէն իսկ ջանայինք անոր արմատական լուծումը ընդունիլ տալ, համոզուած ինչպէս պէտք է ըլլայինք եւ ըլլանք, որ ատիկա վաղուան Հայաստանին կեանքի ու մահի հարցն իսկ է: Հայաստան մը, որուն բնակչութեան երկու երրորդը օտար ցեղերէ կազմուած կ՚ըլլայ, աշխարհագրական բացատրութիւն մը կ՚ըլլայ եւ ո չ թէ հայերու հայրենիք:

Ցեղային հարցին արմատական լուծումը այժմէն քաղաքական հողի վրայ մենք պէտք էր պահանջէինք, այն համոզումով, որ անոր ապագայ լուծումը ծայրայեղօրէն դժուար է, եթէ ոչ անկարելի հետեւեալ պատճառներով.

7. Պալքանեան ազգերու կազմումին ատեն պատահած թրքական արտագաղթը Հայաստանի մէջ շատ անհաւանական է, որ կրկնուի, ինչպէս Պատոփրակութիւնը կը կարծէ: Պատմական իրողութիւնը անպատճառ չկրկնուիր, մանաւանդ երբ իրողութիւնները տարբեր են: Պուլկարիոյ վերակազմելու ձեւը եւ այն ատենի թիւրքերու տրամադրութիւնը չեն համապատասխաներ Հայաստանի վերպկազմութեան ձեւին եւ այժմու թիւրքերու դրութեան: Պուլկարիա, թէեւ պարզ իշխանութիւն, բայց ռուսական հովանիին տակ ազատ եղաւ, թիւրքերու արտագաղթը յառաջ բերելու համար ուզած միջոցները ձեռք առնելով, մինչ մենք այդ ագատութիւնը պիտի չունենանք: Յետոյ Պուլկարիա կը գտնուէր Թուրքիոյ արեւմտեան կողմը, հետեւաբար բոլորովին խզուած էր թրքական զանգուածէն, որ կ՛երկարի Պոլսէն մինչեւ Կեդրոնական Ռուսիա, մինչդեռ Հայաստան պիտի գտնուի վաղուան Թուրքիոյ արեւելեան կողմը եւ ճիշդ մէջտեդը թրքական երկու զանգուածներուն, որոնց միացման կամուրջը միայն Սեւ Ծովէն Միջերկրական տարածուող Հայաստանն ըլլալով, անոնք պիտի ջանան ամէն կերպով Հայաստանը ջնջել, եւ, չկարողանալով քաղաքականօրէն հասնիլ այդ նպատակին, պիտի ջանան ինչպէս զինադադարէն ի վեր կ՛ընեն, ոչ միայն քաջալերելու Հայաստանի թիւրքերը մնալու իրենց տեղերը, այլ ամէն կերպ պիտի յառաջացնեն թրքական ներգաղթ դեպի Հայաստան նուաճելու համար Հայաստանը ցեղային հողին վրայ, ցեղային նուաճում, որ միակ էականն է եւ որուն շատ դիւրաւ, առաջին առիթով, կրնայ յաջորդել եւ քաղաքական նուաճումը:

8. Լաւ է, որ մենք ազատ պիտի ըլլանք, ինչպէս եղաւ Պուլկարիա, թիւրքերուն հանդէպ վարել այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ զանոնք ստիպէ երկիրը թողելու: Ասոր պատճառը այն է, որ մենք մեր գլխուն վրայ պիտի ունենանք խնամակալ պետութիւնը. որ լաւագոյն պարագային Ամերիկան պիտի ըլլայ եւ որ, ենթադրելով իսկ Ամերիկան ըլլայ, թխրքը, քիւրտը եւ հայը բացարձակապէս հաւասար հողի վրայ պիտի դնէ դարձնելով Հայաստանը թրքօ-քրտօ-հայ երկիր մը: Կոյր ըլլալու է այս վտանգը չտեսնելու համար, երբ մեր աչքերում առջեւ է սա իրականութիւնը. եւրոպացիներ եւ ամերիկացիներ այսօր իսկ, դեռ հայ մարտիրոսագրութիւնը վերջ չգտած, թիւրքն ու քիւրտը եւ հայը կը դնեն հաւասար հողի վրայ քաղաքական իրականութեան մէջ եւ կը մտահոգուին վաղուան Հայաստանի մէջ, թիւրքերու եւ քիւրտերու համար ստեղծուելիք դրութեան մասին, առանց սոյն մտահոգութիւնն ունենալու վաղուան Թուրքիոյ մէջ գտնուելիք հայութեան համար: Դժուարութիւններու