Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/411

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շուրջը դառնալ զանոնք լուծել չի նշանակեր, այլ աւելի իսկ ծանրացնել: Մեր պարտքն էր ուրեմն, եւ է դեռ. նախ զատել թիւրքերը քիւրտերէն Ել պարզապէս ըսել Եւրոպայի, թէ հայ ազգին համար նիւթապէս թէ բարոյապէս անկարելի է միեւնոյն երկրին մէջ կենակցութիւնը թիւրքերու հետ, եւ թէ հայերոլ եւ թիւրքերու փոխադարձ (հեռացումը Հայաստանէն ու Թուրքիայէն միակ միջոցն է Մօտաւոր Արեւելքի մէջ ւխաղաղութիւն հաստատելու: Եւրոպա, որ Պերլինի Դաշնագրէն ի վեր իբր պատասխանատու հանդիսատես եղաւ թիւրքերու կողմէ երկու միլիոն հայերու խողխողման, որան նպատակն էր Հայաստանը թրքացնել, չի կրնար չհամոզուիլ, որ դոյզն հատուցում մը միայն պիտի ըլլայ հայերուն թիւրքերու խաղաղ հեռացումը Հայաստանէն, որան նպատակը պիտի ըլլայ ոչ թէ Թուրքիան, այլ նահատակ Հայաստանն իսկ հայացնել: Եւրոպա չկրնար այս աղաղակող ճշմարտութեան չհամոզուիլ, եթէ մենք քաջութիւն ունենանք, մեր ամէնէն սուրբ պարտականութիւնը կատարելով, անկէ պահանջելու մեր այղ ամէնէն տարրական իրաւունքին ճանաչումը:

Այս երկու կենսական խնղիրներուն անտեսումը կամ տարբեր ձեւով դրուիլը զիս ստիպեց հակառակ քուէ տալ: Իմ համոզումը եղած է Ել միշտ է, որ այղ երկու խնդիրներէն առնուազն մէկին իմ տեսած ձեւովս լուծումը անհրաժեշտ պայման է Հայկական Հայաստանի սսէճղծման: Մեր ապագան ուրեմն, ըստ իս, բոլորովին վտանգած չըլլալու համար, առնուազն անհրաժեշտ է կամ բացարձակ անկախութիւն պահանջել վերապահելով մեզի մեր ներքին անկախութեան շնորհիւ լուծել ցեղային հարցը, եւ կամ, եթէ խնամակալութիւնն անհրաժեշտ է պահանջել ցեղային հարցին արմատական լուծումը: Բացարձակ անկախութիւնն այլեւս չենք կրնար պահանջել, Յիշատակագիրը զայն անկարելի դարձնելով, բայց դեռ մեզի կարելի է պահանջել ցեղային հարցին արմատական լուծումը թիւրքերու հեռացումով Հայաստանէն:

Պ. Միքայէլեան. Յանուն ամերիկահայ պատգամաւորներու կը ներկայացնեմ մեր երեքին կողմէ ստորագրուած հետեւեալ դիտողութիւնները, որոնք կը խնդրեմ, որ ատենագրութեան մէջ արձանագրուին:


Փարիզի Հայ Ազգային Խորհրդաժողովին

Ամերիկահայ պատուիրակութեան հասնելէն առաջ Խորհրդաժողովն արղէն ընդունած էր Գյսշնակից պետութիւններու Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացնելիք Յիշատակագիրը /մեմորանտում/, որի մէջ առաջարկ բերուած էր Հայաստանի միացեալ կառավարության համար հովանաւորող /մանտաթէր/ պետութիւն մը ունենալ:

Այդ որոշման դէմ մենք, ամերիկահայութեան կողմէ ընտրուած պատգամաւորներս, խստիւ կը բողոքենք յենուած մեր ընտրողներու մեզի տուած մանտայի եւ մեր ժողովուրդի քաղաքական անկախութեան ապահովութեան վրայ:

Դարերու տանջանքներէն եւ ստրկական դրութենէն վերջ, երբ մեր ժողովուրդը յամառօրէն պայքարեցաւ իր քաղաքական անկախութեան համար եւ վերջին չորս տարուայ ընթացքին ալ բազմաթիւ զոհեր եւ կռոտղներ տուաւ, մենք անկարող ենք ընդունիլ, որ մեր անկախութիւնը հովանաւորուած պիտի ըլլայ ոեւէ պետութեան կողմէ:

Մենք անկարող ենք համաձայնիլ այդպիսի ձեւի օժանդակութեան եւ այն պարզ պատճառով, որ մանտաթէր պետութիւնը, առաջին քսան տարուայ ընթացքին, պիտի ձգտի իր քաղաքական, տնտեսական եւ կուլտուրական կնիքը դնել եւ այդպէսով մեր ժողովուրդի բնականոն զարգացումը որոշ սահմաններու մէջ պահել, որ այդ պետութիւնն ամէն կերպ պիտի ջանայ, նախ եւ առաջ, իր իսկ պետութեան շահերն ու յարմարութիւնները ապահովել եւ այդ ի վնաս հայ ժողովուրդի շահերուն, որ այդպէսով մենք կամաւոր կերպով մեզի օտար լուծի եւ տիրապետութեան /հոգ չէ թէ ժամանակաւոր/ տակ դրած կ՛ըլլանք Եւ ապա ուրեմն հնարաւորութենէ զրկուած պիտի