Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/412

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըլլանք առաջին անգամն իսկ մեր սեփհական ոյժերն ու կարողութիւնները զարգացնել: Որ կարեւորութիւն չկար որպէսզի մենք ինքներս առաջադրէինք այդ, երբ կարելի էր յատուկ որոշում կայացնել եւ զիջման կէտ ընդունիլ, եթէ միայն Խաղազութեան Վեհաժողովին կողմէն գար նման առաջարկ իբր քաղաքական անհրւսժեշտութիւն: Որ այդ խնդիրն իր իրաւական փոխյարաբերութիւններով հայկական ապագայ պետութեան հետ, դեռ եւս պարզուած չէր, ապա ուրեմն բաւականաչափ վւոանգաւոր է անորոշ դրութեան մը համար որոշ յանծնառութիւն ընել:

Այդ եւ այս պատճառաբանութիւններով մենք մեր բողոքը կը յայտնենք այդ կէտի վերաբերմամբ, եւ կ՚առաջարկենք, որ Խորհրդաժողովդ եւ կամ ընտրուելիք Ազգային Պատուիրակութիւնն ամէն կերպ ջանան այդ հովանաւորութեան ժամանակամիջոցն ու ազդեցութիւնը նուազագոյնի հասցնել:

Յարգանքներով Ա. Միքայէլեան, Զ. Մաթիկեան, Մ. Համբարձումեան»:

Պ. Փափազեան. Անշուշտ, ոեւէ պետութեան համար, ասիսթանսը վնասակար է եւ օրինակները այդ ցոյց կու տան: Բայց եթէ ասիսթանսի խնդիրը չըլլայ դժուար թէ պետութիւնները մեզի բաւարարեն այն չափով, ինչ չափով որ մենք ուզած ենք մեր մեմուարի մէջ: Բայց խնդիրը հոն է, որ ասիսթանսի խնդիրը մենք չպէտք է յարուցանէինք եւ չպիտի յիշեստակէինք մեմորանտումին մէջ: Թող իրենք առաջարկէին մեզի: Ցանկութիւնն իսկ արդէն որոշ չափով կաշկանդում է մեր իրաւունքներուն. ես ատիկա կը նկատեմ մեր ամէնամեծ սխալը:

Պ. Օհանջանեան. Այս ամբողջ խնդիրը կը կայանայ անոր մէջ, թէ ի՞նչ բովանդակութիւն կը արուի ասիսթանս բառին: Ոչ ոք չկրնար ժխտել, որ մեր քանդուած, աւերուած երկիրը առանց արտաքին նիւթական օգնութեան չկրնար վերականգնիլ: Արդ, պէտք է աշխատիլ, որ այդ արտաքին օգնութիւնը այնպիսի պայմաններով կատարուի, որ չվնասէ ոչ մէկ չափով մեր անկախութեան: Ասիկա Պատուիրակութեան ուղղութիւնն իսկ է: Պատուիրակութեան Նախագահն անշուշտ մտքէն չէր անցուցած, որ ասիսթանս խնդրելով կրնար սահմանափակել մեր անկախութեան իրաւունքները, եւ այդ մեմուարը ստորագրած է, առանց որ մեր անկախութեան իրաւունքները սահմանափակուած ըլլան: Եթէ մենք այնպէս ընենք, որ իրապէս անկախ ըլլանք, միւսը ինքնին անվնաս կը դառնայ: Մենք այսպէս հասկցած ենք ասիսթանսը եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք հասկնալ:

Պ. Հինդլեան. Կը ճանչնա՞ք այդպիսի պետութիւն մը:

Պ. Օհանջանեան. Այո, կը ճանչնանք, Ամերիկան է, եւ օրինակը մեր աչքին առջեւ է Քուպան, որ Ամերիկայի թեւին տակ է, դարձեալ անոնք իրենց գաղութը չեն դարձուցած: Ուրեմն, պէտք է Պատուիրակութեան հրահանգել, որ այդ կերպ հասկնայ ասիսթանսը:

Պ. Ֆնտգլեան. Նախ ես պարտք մը ունիմ կատարելիք, եւ պէտք է ըսեմ, որ իմ համայնքս, որ զիս ընտրած է, կը պահանջէ Հայաստանի բացարձակ անկախութիւնը: Ել այն ւսնձնաւորութիւնը որուն հետ տեսակցութիւն ունեցայ, նոյն միտքն ունէր եւ կ՚ըսէր, որ կարելի է վստահիլ Պ. Ուիլսոնին: Բայց Պ. Ուիլսոնը այսօր նախագահ է, վաղը տեղը ուրիշ մը կու գայ: Նմանապէս, երբեք պէտք չէ վստահիլ կառավարութեանց վրայ, որոնք ամէնքն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, կ՚ազդուին մենաշնորհ ընկերութիւններէ, քաբիթալիստներէ եւայլն: Ես համամիտ չեմ նաեւ Պ. Օհանջանեանին: Մենք ոչ մէկ պարագայի տակ մենք զմեզ անատակ չպիտի հռչակէինք անկախ կառավարելու եւ օտար հանրային կարծիքը, ինչպէս կը գրէ ամերիկեան կարեւոր թերթ մը New York Times, այդ համարումը ունի մեր վրայ: Մենք կրնայինք յետոյ զատ բերանացի ընել պաշտպան տէրութեան բանակցութիւնները, իսկ եթէ հարկ ըլլար այդ ասիսթանսը: Արաբներն իսկ բացարձակ անկախութիւն պահանջած են: Հայը Անատոլուի ժողովուրդներուն ամէնէն բարձրն է թէ քաղաքական հասկացողութեամբ, թէ տնտեսական ընդունակութեամբ, թէ զարգացումով,