Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/413

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վերջապէս քաղաքակրթութեամբ, եւ արժանի է բացարձակ անկախութեան: Պէտք է, որ մենք հիմա ամէն ինչ ընենք, որ մեր իրատւնքները, պաշտպան տէրութեան կողմէ անհարուածելի մնան պաշտպան տէրութեան տրուելիք charter-ին մէջ պատշաճ յօդուածներ դնել տալով:

Պ. Հանըմեան. Ես ոեւէ ասիսթանսի հակառակ եմ: Նախատեսուած ձեւով ասիսթանսը, անշուշտ, նուազագոյն չարիքն է, բայց միշտ չարիք մըն է եւ խոստումէն գործադրութիւն ահագին տարբերութիւն կայ: Օգնութխն մը երբեք անշահախնդիր չկրնար ըլլալ, եւ մենք որքան ալ աշխատինք լաւագոյն պայմաններու մէջ ընել, սեղմումներ դնել, ասիսթան պետութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ կնճիռներ ստեղծելու, ցեղերը իրարու դէմ հանելու եւայլն եւայլն իր ասիսթանսի ժամանակը երկարաձգելու համար: Մեզ համար անշուշտ Միացեալ Նահանգները լաւագոյն մանտաթէրն է, բայց մեմորանտումը ւորուած օրը, ինչպէս այսօր, որոշապէս եւ վերջնականապէս չէինք գիտեր եւ չենք գիտեր, թէ ո՞վ է վերջապէս այդ ասիսթան պետութիւնը: Մենք այդ անծանօթին առջեւ նուազագոյն չափով իսկ մեր անկւսխութեան իրատւնքները չպիտի գոհէինք, որովհետեւ ես հաւատացած եմ, որ մենք մինակնիս ալ կրնայինք ոտքի ելլել, այն տարբերութեամբ. որ եթէ ասիսթան պետութիւնով 10 տարիէն պիտի ըլլար այդ, առանձինն 50 տարիէն:

Թուրքը կը գտնուի չափազանց տկար վիճակի մէջ: Մեզի կը մնար միացնել մեր զինոտրական ոյժերը, գրաւել երկիրը ել հռչակել կառավարութիւնը: Մենք կարոդութիւն ունէինք թէ քաղաքականապէս, թէ զինուորակւսնապէս այդ ընելու: Կը մնար միայն նիւթական օգնութիւնը, որ երբ պատճառ պիտի դառնար լուծի մը, անոր ալ հակառակ եմ, նախընտրելով 50 տարուայ մէջ վերականգնիլ, քան թէ օտար լուծով մը, բայց 10 տարիէն: Ասիսթանսին ոեւէ ձեւով հակառակ եմ, որովհետեւ ան երբեք անշահախնդիր չի կրնար ըլլալ:

Պ. Տէրպէտէրեան. Թէեւ ես անձամբ համաձայն եմ Ազգային Պատոփրակութեան, որ այլեւայլ քաղաքական հայեցակէտներ ի նկատի ունենալով, իր մեմորանտումին մէջ ոեւէ ակնարկութիւն ըրած չէ Պարսկահայքի նկատմամբ իբր ամբողջացուցիչ մաս Պատմական Հայաստանի, բայց կը խնդրեմ, որ արձանագրուի, թէ Ռումանահայ Միութիւնն իր Պուքրէշի Կեդրոնական Կոմիտէի միջոցաւ պարտք դրած է ինծի պահանջել նաեւ Ատրպատականը յենելով Ուիլսոնեան ծանօթ սկզբունքներուն վրայ, առանց ի նկատի ունենալու, թէ Պարսկաստանը, չէզոք մնալով, պատերազմին մասնակցած չէ:

Պ. Չօպանեան. Համաձայն եմ ասիսթանսի հակառակ եղողներուն, բայց վնասը որ եղած է կարելի է դարմանել այն տիրէքթիւներուն մէջ, որ պիտի տրոփն նոր Պատոփրակութեան: Յետոյ այդ ասիսթանսը մեր վարկին ալ դէմ է: Հայ ազգը, որ ամէնէն հինն է, որ այնքան յանդգնօրէն մէջ մտաւ այս կռիփն մէջ եղած համաձայնականներու դրած սկզբունքներուն, եւ որ ամէնամեծ զոհողութիւնները տուաւ, հիմա զինքը կփջեցնեն, կ՚իջեցնեն, մինչեւ սիւրիէններու եւ հրեաներու կարգը կը դնեն: Մինչդեռ Հայկական Դատը եղած է միշտ Հայաստանի բացարձակ անկախութեան հարցը եւ իւրաքանչիւր հայ ամէն տեղ ատոր է, որ ձգտած է: Մեմորանտումի այդ բանաձեւովը մենք հաւատարիմ չենք մնացած հայկական այդ ոգիին: Բայց մենք, որ եւրոպացւոց համար զոհ գացինք, ամէն զոհողութիւն ըրինք, այժմ որ երկիրնիս քար ու քանդ է, պէտք է անշուշտ հիմա մեզի նիւթական փոխարինութիւն տալ մեր տունը մեր ձեռքով կանգնելու համար: Պէտք է զգոյշ ըլլալ նաեւ, երբ Ամերիկան ըլլայ մեր մանտաթէրը, որովհետեւ հոն ալ կան շահախնդիր խմբակներ: Արդ, հիմա, գործադրութեան րոպէին, հայը իրաւունք ունի ճակատը բարձր եւ հպարտօրէն խօսելու: Արդ, պէտք է այս ոգին ներշնչենք Պատոփրակութեան, որ այս ոգիով գործէ:

Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան. Հայրենասիրականօրէն ես ալ հակառակ եմ ասիսթանսին, բայց Պատոփրակութեան խնդրած ասիսթանսը շինիչ, վերականգնիչ