Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/414

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ասիսթանսն է, որ անխուսափելի էր Հայաստանի ամբողջութեան բաժանումը արգիլելու համար:

Պ. Հինդլեան. Փարիզ գումարուած Ազգային Համագումարին անունով Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացուցած Յիշատակագրին ասիսթանսի (assistance) մասին հակառակ քուէիս գլխաւոր նկատողութիւններն են.

Ա. Հայ ժողովուրդը իր մինչեւ ցարդ տուած զոհողութիւններով եւ իր ազգային մշակոյթ (culture), ընկերային (sociale), տնտեսական (economoque), մտաւորական (intellectuelle) եւ ստեղծագործական (creatrice) կարողութիւններու աստիճանով, ամբողջովին ընդունակ է քաղաքական անկախ եւ ինքնավար կեանքի մը, ինք իր ոյժերով իր բոլոր այլազան պէտքերը գոհացնելու համար:

Բ. Հայ ազգային մշակոյթի ներկայ աստիճանին հաւասար եւ նոյնիսկ աւելի ստոր աստիճանին գտնուող ազգերը ինչպէս անցեալի մէջ, այսօր ալ անկախութիւն ունեցած են եւ ունին, մերժելով ամէն ասիսթանս:

Գ. Մասնաւոր սեփականութեան (capitalisme) տնտեսական ռեժիմին տիրապետութեամբ, ներկայիս բոլոր պետութիւնները, առաւել կամ նուազ չափերով աշխարհակալական (imperialiste) ձգտումներ ունին ուղղակի համեմատութեան մէջ գտնուելով, երկրի մը, պետութեան մը քաբիթալիստական զարգացման աստիճաններուն հետ:

Դ. Ոչ մէկ ասիսթանթ (assistant) պետութիւն չի բերեր եւ չի տար իր օժանղակութիւնը եւ աջակցութիւնը, առանց տնտեսական առաւելութիւններու եւ մենաշնորհներու ակնկալութեան, հետեւաբար եւ աշխարհակալական յարձակողական (agressive) քաղաքականութեան:

Ե. Արդիական (moderne) պետութեան իրական եւ դրական ոյժը, անոր քաղաքական անկախութիւնը, գերակայութիւնն ու վեհապետութիւնը (independence et souverainite) կը հիմնուին գերազանցապէս անոր տնտեսական ոյժին եւ անկախութեան, ինչ որ էապէս կը վտանգուի ասիսթանթ պետութեան տնտեսական անպարտելի ձգտումներէն եւ ակներեւ գերակշիռ դիրքէն:

Զ. Ասիսթանթ պետութիւնը իր ձգտումներն իրականացնելու համար եւ իրեն համար տնտեսական գերակշիռ դիրք մը միշտ ապահովելու նպատակով կը պահանջէ եւ կիրականացնէ իր եսասիրական շահերուն նպաստող քաղաքական որոշ պայմաններ ու հաստատութիւններ, երկրին ընդհանուր շահերուն հակառակ, եւ յաճախ ջնջելով ու քանդելով զինքը արգիլող բոլոր քաղաքական եւ այլ ազատութիւնները:

Է. Ասիսթանթ պետութիւնը իր մշտակայ ներկայութեամբ եւ քաղաքական այն բացառիկ դիրքովը, որ ան պիտի յաջողի իրեն համար ստեղծել մեր ամէն ջանքերուն եւ փորձերուն հակառակ իր բերելիք քաբիթալովը, «դրամական օժանդակութեամբ» փոխանակ նպաստելու հայրենի, տեղական ազգային հարստութեան եւ քաբիթալի ստեղծման ու բարգաւաճման, ընդհակառակը, պիտի արգիլէ զայն իրեն համար վերապահելով միշտ մենաշնորհը օգտագործելու եւ շահագործելու երկրին բոլոր բնական հարստութիւնները, պետական շինութիւնները, ճարտարարուեստի ասպարէզները, պարտագրելով մեր երկրին մաքսային բացառիկ ռեժիմ մը, հաղորդակցութեան միջոցներու իր եսասիրական ձգտումներում համապատասխանող բացառիկ ուղղութիւն, թարիֆներու առանձնաշնորհեալ սիսթէմ, հանրային ապահովութեան իր շահերը ապահովող ձեւ եւ հաստատութիւններ, դատավարութեան եւ արդարաբաշխութեան ոտնձգութիւններով, ազդեցութիւններով, եւ, վերջապէս, մեր վարչական գործերու մէջ իր անխուսափելի միջամտութիւններով:

Ը. Օտար դրամագլուխի բացարձակ այս տիրապետութիւնց մեր երկրին մէջ, պիտի ազդէ մեր երկրին տնտեսական ապագային երկու հնարաւոր, եւ սակայն երկուքն ալ աղիտաբեր ճամբաներով, կա մ պիտի ջնջէ հայ ցեղին ստեղծագործական եւ արդիւնաւորող կարողութիւններն ու ձիրքերը, անկէ ջանալով միայն պարզ մշակներ