Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/415

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շինել, եւ կամ, ինչ որ աւելի հաւանական է, հայը, չգտնելով իր հայրենիքին մէջ իր ձգտումներուն նպաստող պայմաններ պիտի գաղթէ օտար, աւելի ձեռնտու երկիրներ:

Թ. Ասիսթանթ պետութեան մը քաղաքական միջամտութիւնը եւ ազդեցութիւնը, որչափ ալ սահմանափակուած ըլլայ զանազան դաշնագրերու միջոցաւ, միայն նախապէս տրուած շրջանի մը եւ ժամանակամիջոցի մը համար, անոր տնտեսական ազդեցութիւնը եւ գերակշռութիւնը անկարելի է սահմանափակել, եւ, հետեւաբար, նաեւ այն քաղաքական հզօր ազդեցութիւնը, որ ան պիտի շարունակէ դուրսէն ալ ներգործել, շնորհիւ այն դրական եւ մեծ ոյժին, որ ան պիտի ունենայ եւ պահէ երկրին մէջ իր տնտեսական տիրապետութեամբ: Այսպէս ժամանակաւոր ասիսթանսը պիտի յաւերժանայ, ցորչափ կը տիրէ քաբիթալիգմը:

ժ. Ասիսթանթ պետութեան մը ներկայութեամբ չէ որ կապահովուի եւ կ՚երաշխաւորուի մեր հայրենիքին ամբողջականութեան անձեռնմխելիութիւնը: Այդպիսի յանձնպրարութիւն առնող պետութիւնը չի բաւականանար միայն ասիսթանսով, այլ ասիսթէ երկիրը պարզապէս կը նկատէ իբր իր կալուածը, իր possession-ը, colonie մը պարզապէս: Մեզի համար պէտք էր պահանջել եւ կը մնայ դեռ պահանջել մեր երկրին անձեռնմխելիութեան համար օտարներու դէմ անոր չէզոքութիւնը յայտարարել, ‘զայն դնելով ինչպէս Պելճիքան եւ Զուիցերիան, եւրոպական պետութիւններու փոխադարձ երաշխաւորութեան եւ հաւաքական պաշտպանութեան ներքոյ, առանց պէտք ըլլալու, այս առթիւ, ոեւէ մանտաթէրի մը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 ու կէսին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 25, թթ. 1-23: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 18-րդ

15 Մարտ 1919.

Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Գ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ եւ 32

անդամներու ներկայութեամբ:

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Տեղեկատուութիւն Պատուիրակութեան Նախագահին

2. Զեկուցումն Հայր Թորոսեանի

Պ. Նախագահը բարի գալուստի խօսք ըրաւ բարբարոս ճիրաններէ ազատած եւ երկար ճամբորդութիւնէ մը յետոյ՝ նոր Փարիզ հասած Բրօֆ. Աստուածատուր Խաչատուրեանի, որ փոխադարձ շնորհակալութիւն յայտնեց:

Յետոյ կարդացուեցաւ Պատուիրակութեան մասնագէտ խորհրդական Պ. Փաստրմաճեանի մէկ հրաժարագիրը, որ Պատուիրակութեան ղրկել որոշուեցաւ:

Կարդացուեցաւ Լահէյաբնակ ագգայիններէն Պ. Միհրդատեանցի մէկ նամակը, որ ապագայ Հայաստանի ունենալիք պաշտօնական դրօշակի մասին առաջարկներ կը պարունակէր: Կորոշուի այդ նամակը ղրկել Պատուիրակութեան, որ արդէն ուրիշ կողմերէ ալ հայ դրօշակի մասին գրեր ստացած ըլլալով ամէնքն միասին ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկէ:

Կը կարդացուի նաեւ նամակ մը հայ մամուլի ներկայացուցիչներու կողմէն գրուած, որոնք կը խնդրեն ներկայ գտնուիլ Համագումարի նիստերում: Պ. Նախագահը կը յայտնէ, որ որոշուած է արդէն դռնփակ ընել նիստերը, բայց ժողովիս աշխատութեանց մեծ մասը արդէն լրացած ըլլալով, թերեւս կերպով մը կարելի է գոհացում տալ մամուլին: