Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/416

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բրօֆ. Խաչատուրեան եւս կը շեշտէ, թէ ժողովուրդը որքան անձկութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը սպասէ համագումարի լուրերուն եւ կ՚առաջարկէ, որ իւրաքանչիւր նիստէ յետոյ. Դիւանը փոքրիկ զեկուցումներ տայ մամուլին: Պ. Միքայէլեան կ՚առաջարկէ փոխել նախկին որոշումը եւ ընդունիլ մամուլի ներկայացուցիչները: Պ. Թէրզիպաշեան կ՚առաջարկէ, թէ օրինական չէ նախկին տրուած որոշում մը փոխել, այլ Դիւանը կրնայ մամուլին հաղորդել հարկ եղած տեղեկութիւնները.

Պ. Չօպանեան համակարծիք չէ մամուլին առջեւ դռները գոցելուն եւ կառաջարկէ Համաժողովի գոնէ վերջին մէկ-երկու նիստերուն թոյլատրել խմբագիրներուն ներկայ գտնուիլ:

Կորոշուի յարգել նախապէս ւորուած որոշումը եւ ի հարկին տեղեկութիւններ տալ Դիւանին կողմէ մամուլին, երբ սա դիմում ընէ:

Կը կարդացուի ուրիշ գիր մը Երուսաղէմէն, որ կը յայտնէ, թէ անիշխանութիւնը կը տիրէ հայոց վանքին մէջ եւ ազգային հարստութիւնը կողոպուտի ենթարկուած է:

Բրօֆ. Խաչատուրեան դիտել կու տայ, թէ այս ժողովը չի կրնար այսպիսի խնդիրներով զբաղիլ:

Պ. Հինդլեան հակառակ կարծիք կը յայտնէ եւ կ՚ըսէ, որ այժմ ձեռնհաս պաշտօնական մարմին չկենալուն եւ հաղորդակցութիւնք դժուար ըլլալուն չի բաւեր ըսել այստեղ, թէ եւ մենք չենք կրնար աչքերնիս գոց անցնիլ ազգային սեփանակութեանց կողոպուտին վրայէն: ժողովը այս հարցն ալ կ՚ուղարկէ Ազգ. Պատուիրակութեան առ ի տնօրինել կարեւորն:

Պ. Նախագահը կը կարդայ Իզմիրէն եկած հեռագիր մը, որ կը յայտնէ, թէ Պ. Նիքօթեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հանգանակութիւնը 150 000 ոսկի հանգանակած է եւ հրահանգ կը խնդրէ թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս փոխադրելու է դրամը: Սոյն հեռագիրը կը յանձնուի պիւտճէի խնրրով զբաղող յանձնաժողովին, որ պիտի որոշէ նաեւ այղ գումարին ծախսուելու եղանակը, նկատի ունենալով Միջագետքի, Ստանայի եւ այլն տեղերու թշուառ վիճակը: ժողովը կը յանձնարարէ Պատուիրակութեան Նախագահին, որ նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնուի նաեւ ժողովի կողմէն:

Ապա Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա կ՚ընէ հետեւեալ տեղեկատոտւթիւն:

Պ. Հինդլեան կը հարցնէ, թէ Պատուիրակութեան Նախագահի յայտնութիւնները պէ՞տք է գաղտնի պահել, թէ՞ ոչ: Պօղոս Նուպար Փաշա աւելի խոհեմ կը նկատէ գաղտնի պահել:

Աղաթօն Պէյի առաջարկութեամբ Դիւանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նորին Վսեմութեան տեղեկութեանց համար:

Յետոյ Հայր Թորոսեան Մխիթարեանց վանքին կողմէ 30000 /երեսուն հազար/ ֆրանք Պատուիրակութեան հանգանակութեան գործին յատկացուած ըլլալուն վերաբերեալ զեկուցում մը կ՚ընէ եւ կը պարզէ բոլոր այն դժուարութիւնները եւ նեղութիւններն, որոնց ենթակայ եղան վանքը եւ իւր հարստութիւնները աշխարհային այս մեծ պատերազմի երեսէն:

Պ. Տամատեան. Հայ ազգի անցուցած այս դժնդակ ժամանակամիջոցին մէջ մենք Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ մեծ ժէսթի մը սպասելու իրաւունք ունէինք, բայց երբ նկատի առնենք այն կաշկանդիչ պայմանները, որոնց մէջ գտնուեցաւ ան, այս ըրածնին իսկ, կարելի է ըսել, հրաշք մըն է, որուն համար մենք երկիցս պէտք է շնորհակալ ըլլանք:

Պ. Նախագահը յանուն Համաժողովին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մխիթարեան բազմարդիւն Միաբանութեան, անոր ղրկած այս նպաստին, եւ իւր դպրոցներու վերականգնումին համար ձեռք առած միջոցներում համար:

Կը յաւելու, թէ մեր փափաքը այն է, որ Մխիթարեանները միշտ եւ միշտ բարգաւաճին եւ ընդարձակեն իրենց ազգօգուտ գործունէութիւնը եւ աւելի մեծ բաժին մը առնեն մեր բազմաթիւ որբերու կրթութեան կենսական գործին մէջ: